Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը 2015 թուականին Հայաստանին տրամադրած է աւելի քան 2 միլիոն 500 հազար տոլար, որուն 66 տոկոսը պիտի յատկացուի Հայաստանի մէջ պաշտպանութիւն գտած սուրիահայերուն եւ այլ փախստականներու առաջնակարգ կարիքները հոգալուն:

«Արմէնփրես»­ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է Մ.Ա.Կ.­ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի արտաքին կապերու պատասխանատու Անահիտ Հայրապետեանը:

2013 թուականին այդ գումարը եղած է 1 միլիոն 800 հազար տոլար, իսկ անոր նախորդող տարիներունˋ 500-600 հազար տոլար: «Սա բաւականին մեծ գումար է, եւ փախստականների հրատապ կարիքները առաւելագոյնս բաւարարելու տեսնակիւնից շատ պատասխանատու տարի է մեզ սպասում: Աճում է նոր ժամանող փախստականների թիւը, ովքեր շատ աւելի կարիքաւոր են, քան տարիներ առաջ ժամանածները: Միաժամանակˋ այն ընտանիքները, որոնք, ունենալով որոշակի խնայողութիւններ, ժամանման առաջին տարիներին չեն դիմել գրասենեակ, հիմա, հնարաւորութիւն չունենալով դիմակայել ինտէգրման (ընդելուզման-Ե.Ռ.Գ.) մարտահրաւէրներին եւ սպառելով իրենց գումարները, դիմում են մեզ: Մեր խնդիրն է պահպանել հաւասարակշռութիւնը եւ աւելի շատ ընտանիքներ ընդգրկել մեր ծրագրերում»,­ ըսած է Հայրապետեանը:

Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի նոյնպէս ուշադրութան կեդրոնին պիտի ըլլան  Սուրիայէն տեղահանուած անձերու հրատապ օգնութեան ծրագիրները, որոնք կը ներառեն տան վարձերու մասնակի փոխհատուցում, նոր կեանք սկսելու համար անհրաժեշտ կենցաղային պարագաներու տրամադրում, առողջական խնդիրներ ունեցող անձերու դեղորայքային միջոցներու ապահովում եւ օժանդակութիւն բուժման ծախսերը հոգալու համար, ընկերային ծառայութիւններու եւ իրաւաբանական խորհրդատուութեան տրամադրում, ինչպէս նաեւ օգնութիւն կրթական հարցերու մէջ:

«Աւելի քան վեց հազար ընտանիք է օգտուել մեր հրատապ օգնութեան ծրագրերից: Երեխաների խնդիրները յատուկ ուշադրութեան տակ պահելու նպատակով այս տարի գործընկերային յարաբերութիւններ ենք սկսել «Փրկել երեխաներին» կազմակերպութեան հետ»,- նշած է Անահիտ Հայրապետեանը:

Անոր խօսքովˋ հրատապ ծրագիրերուն զուգընթաց պիտի ընդլայնին նաեւ ընդելուզման ծրագիրները: «Ընտանիքի ընկեր» ծրագիրի ծիրէն ներս տեղացի կամաւոր ընտանիքները կամ անձիք կ'ընկերանան սուրիահայ ընտանիքներու եւ այլ ազգերու փախստական անձերու հետ եւ կ'օգնեն յարմարիլ Հայաստանի պայմաններուն: Անցեալ տարի ծրագիրին մէջ ներգրաւուած են 45­50 կամաւոր ընտանիքներ:

Հայրապետեանի կարծիքովˋ այս ծրագիրը մնայուն լուծում կ'առաջարկէ ընդելուզման խնդիրներու համար, քանզի ծրագրի աւարտին այդ ընտանիքները կը շարունակեն կապ պահպանել, եւ բարեկամական յարաբերութիւններ կ'առաջանան անոնց միջեւ: Կ.Ա.Զ.Ա. զուիցերիական մարդասիրական ընկերութեան միջոցով Մ.Ա.Կ.­ի գրասենեակը կը խրախուսէ երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ կանանց ու աղջիկներուն` ներգրաւուիլ հասարակական կեանքին, կրթական ծրագիրներուն եւ ձեռք բերել հմտութիւններ: Կարմիր խաչի հայկական ընկերութիւնը, ուսումնասիրելով ընդելուզման խնդիրները, կ'օգնէ աշխատանքային գործիքներ ձեռք բերել եւ կ'oժանդակէ տնայնագործական գործունէութիւն եւ պիզնես վարել ուզողներուն:

Իսկ Փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու զարգացման ազգային կեդրոնին հետ Մ.Ա.Կ.­ի գրասենեակը կը խրախուսէ փոքր եւ միջին պիզնեսի զարգացմանˋ դասընթացքներ կազմակերպելով, սուրիահայերուն ծանօթացնելով Հ.Հ.-ի օրէնսդրական դաշտին: «Ինչպէս բոլորիս քաջ յայտնի է, այդ ձիրքը շատ ակնառու է սիրիացիների շրջանում,­ նկատում է Հայրապետեանը,­ 4 տոկոս տոկոսադրոյքով վարկ է տրամադրւում այն սիրիահայերին, որոնց պիզնես առաջարկներն արժանանում են յանձնաժեղովի հաւանութեանը: Այդ կերպ նաեւ նոր աշխատատեղեր են ստեղծւում»,-ըսած է Հայրապետեանը:

2015-ին կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ ընդլայնել նաեւ առանձին մասնագիտութիւններու խոհարարներու, լուսանկարիչներու, ձեւաւորողներու, վարսավիրներու ուսուցանման ծրագիրը: Ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլան հեռաւոր գիւղերու մէջ ապրող սուրիահայերը:

Մ.Ա.Կ.­ի փախստականներու հարցերով յանձնակատարը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հ.Հ.-ի կառավարութեան, Մ.Ա.Կ.­ի գործակալութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերունˋ բաւարարելու Հայաստանի մէջ պաշտպանութիւն գտած մօտ 15,000 սուրիահայերու կարիքները: