Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Մինչ սուրիական զօրքը գետնի վրայ յատկապէս Պոսթան փաշայի շրջանին մէջ յառաջախաղացք կ՛արձանագրէ եւ իր հակակշռին տակ կ՛առնէ Նոր Գիւղ-Պոսթան փաշա գիծին վրայ գտնուող Վարդանանց վանքի, Հըրեթանի շէնքերու եւ Պըրժի դիրքերը ու աւելի ներս՝ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն կ՛ազատագրէ տարածքներ, միւս կողմէն, մղձաւանջային ժամեր կ՛ապրին հալէպցիք ընդհանրապէս եւ Հալէպի հայերը յատկապէս, կը գրէ “Բերիոյ նիւզ”-ը:

Երէկ, 30 Սեպտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամերուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձան Նոր Գիւղ, Սիւլէյման ալ-Հալապի, Վիլլաներ, Թելեֆոն Հաուաի եւ այլ շրջաններ:

Արդարեւ, նոյն օրուան կէսօրուան ժամերուն հրթիռ մը ինկաւ ու պայթեցաւ Քարէն Եփփէ ազգ․ Ճեմարանին դիմաց:

Այլ հրթիռ մը Նոր Գիւղի ֆելեֆէլ «Ֆէեհա»-ի թաղը: Հրթիռակոծման պայթումին պատճառով հրդեհ բռնկեցաւ, շրջանի բնակիչներ փութացին շիջանել կրակը մինչեւ հրշէջ-փրկարարներու մեքենաներու ժամանումը, բայց ափսոս ամէն կողմ հրոյ ճարակ դարձած էր:

Յետմիջօրէին այլ հրթիռ մը ինկաւ եւ պայթեցաւ Հայ Ծերանոցի՝ այժմու «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցի կողքին արաբական դպրոցին վրայ:

Հրթիռարձակումներու պայթումներուն պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ: Ցաւալի տեսարաններ էին ամէն կողմ, ածխացած դիակներ, անջատուած մարմիններ, քարուքանդ շէնքեր, բնակարաններ եւ գործատեղիներ:

Մէկ խօսքով դժուար նկարագրելի պատկերներ եւ պահեր: Ըստ “Գանձասար” շաբաթաթերթին արձանագրուեցան հայ 5 զոհեր եւ 11 վիրաւորներ։

Նկատի առնելով, որ Նոր Գիւղի շրջանի մէջ կը գտնուին Ազգ. Պատսպարանն ու Հայ Ծերանոցը, առ այդ Ազգ. Պատսպարանի փոքրիկները առժամաբար փոխադրուեցան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր: Իսկ Հայ Ծերանոցի պատասխանատուներ անմիջական դասաւորումներ կատարած են տարէցներու ապահովութիւնը ըստ հնարաւորին հսկողութեան տակ է: Հայ Ծերանոց գտնուող պատսպարեալները ողջ առողջ են եւ իրենց բնականոն կեանքը կը շարունակեն:

Միւս կողմէ կը շարունակուի սուրիական բանակի զինուորական ծանր գործողութիւնները զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ, ինչպէս նաեւ կը փորձէ կասեցնել անոնց ներս թափանցումը դէպի կառավարամէտ շրջաներ: Սուրիական բանակի զինուած ուժերու միաւորներ եւ ինքնաթիռներ կը ռմբակոծէին զինեալներու կեդրոններ։

Տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն պատճառով մերթ ընդ մերթ կը լսուին տարբեր զէնքերու հրաձգութեան եւ ռումբերու ահեղ ձայներ, որոնց պատճառը քանի մը օրէ ի վեր սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներու միջեւ տեղի ունեցած ծանր բախումներն են:

Հուսկ՝ հալէպցիք ու յատկապէս Հալէպի հայութիւնը այսօր երէկ եւ այսօր կ՛ապրի պատերազմական մղձաուանջային ամենածանր օրերէն մէկը: