Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, 9-11 Փետրուար 2016-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ Թեմակալ Առաջնորդներու ու Ազգային Իշխանութեանց հաւաքական հանդիպում։

- ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎի ընթացքին տրուած զեկոյցներու լոյսին տակ լայնօրէն քննարկուեցան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան, Երիտասարդական, Միջ-եկեղեցական ու Միջ-կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքներուն առնչուած աշխատանքները, իրագործումներն ու ծրագիրները։ Կրօնական Ժողովը իր գնահատանքը յայտնելէ յետոյ յիշեալ մարզերէն ներս կատարուած աշխատանքներուն, շեշտեց նոյն թափով աշխատանքները շարունակելու կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով քրիստոնէական դաստիարակութեան ու երիտասարդութեան մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը, եւ միւս կողմէ ներկայ աշխարհին մէջ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեան անհրաժեշտութիւնը։

Կրօնական Ժողովը նաեւ քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Աստուածաշունչի արեւմտահայերէն թարգմանութեան ընթացքը, հրատարակչական մարզէն ներս կատարուած աշխատանքը, եւ Դպրեվանքի առաքելութեան առնչուած շարք մը հարցեր։ Կրօնական Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակին։ Կրօնական Ժողովը ողջունելով երկու Վեհափառ Հայրապետներուն նախագահութեամբ տեղի ունեցած Եպիսկոպոսաց Ժողովի զոյգ հանդիպումները, առաջարկեց որ աւելի կազմակերպ ու հետեւողական կերպով եւ օրակարգերու յստակ առաջնահերթութեամբ շարունակուին եպիսկոպոսաց ժողովները, շեշտելով մեր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան անյետաձգելի հրամայականը։

Կրօնական Ժողովը ուրախութեամբ ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետզհետէ աճող միաբանութիւնը, շարք մը միաբաններու համալսարանական ուսման հետեւիլը, ինչպէս նաեւ անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը Կաթողիոսարանէն ու թեմերէն ներս։

- ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎը իր լիակատար նիստի առաջին բաժնին մէջ յաջորդաբար զեկոյցներ լսեց Կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան առնչուած հետեւեալ հաստատութիւններէն.- Թռչնոց Բոյն, Ազունիէի Բուժարան եւ Ազգային Ծերանոց։ Յիշեալ կեդրոններու խնամակալները վերջին շրջանի իրենց կատարած աշխատանքներուն առընթեր նաեւ ժողովի ուշադրութեան յանձնեցին կարգ մը ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւններ՝ յատկապէս յիշեալ կառոյցներու տնտեսական իրավիճակին գծով։ Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց մեր ժողովուրդի ընկերային ծառայութեան նուիրուած այս հաստատութիւններու կատարած աշխատանքին համար, մէկ կողմէ շեշտելով որ ոչ մէկ հայ՝ հիւանդ, կարիքաւոր կամ որբ անտէր ու անօգնական պէտք է մնայ, եւ միւս կողմէ յիշեցնելով յիշեալ հաստատութիւններուն նիւթապէս աջակցելու հրամայականը, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց ընկերային ծառայութիւնը։

Ժողովը նաեւ զեկոյցներ ստացաւ Կաթողիկոսարանի մանկավարժական կեդրոնի, ինչպէս նաեւ հայագիտական բաժանմունքի եւ արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի պատասխանատուներէն։ Երկար քննարկումներէ յետոյ, ժողովը վերաշեշտեց Սուրբ Աթոռին կողմէ յիշեալ մարզերէն ներս կատարուած աշխատանքներու կենսական կարեւորութիւնը։

Ժողովը լայն զեկոյց մը ստացաւ Կաթողիկոսարանի կալուածական ու շինարարական յանձնախումբին կողմէ։ Արդարեւ, անցնող շրջանին հսկայ աշխատանք կատարուած է այդ ծիրէն ներս, յատկապէս Թռչնոց Բոյնի ու Պիքֆայայի մէջ։ Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց կալուածոց տեսչութեան ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի բոլոր այն բարերարներուն, որոնք իրենց առատաձեռն նուիրատուութեամբ մասնակից դարձած էին Կաթողիկոսարանի առաքելութեան առաւել ծաւալման։

Ժողովը նաեւ քննեց 2015 տարուան իրագործուած պիւտճէն ու վաւերացուց 2016 տարուան նախահաշիւ պիւտճէն։ Այս ծիրէն ներս ժողովը անդրադարձաւ թէ շուրջ երկու միլիոն տոլարի հասնող Կաթողիկոսարանի տարեկան պիւտճէով հսկայ գործ է որ կը կատարուի, միաժամանակ ժողովը իր մտահոգութիւնը յայտնեց որ Կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէին աւելի քան մէկ երրորդը բաց է։

Վերջապէս, Քաղաքական ժողովը զբաղեցաւ թեմերուն առնչուած կարգ մը հարցերով եւ իր անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց։

 

- ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ միատեղ հանդիպման ընթացքին առաջին ընդհանուր արժեւորումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց, որ բոլոր թեմերէն ու գաղութներէն ներս միասնական ոգիով ու հաւաքական աշխատանքով նշուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, միաժամանակ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց պահանջատիրական նոյն կեցուածքով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքները շարունակելու հրամայականը։ 100-ամեակի աշխատանքներու ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին գծով կատարուած ախատանքներուն մասին։ Ներկաները ողջունեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական ու վճռական այս քայլը։

Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարաբերութեան Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը, միաժամանակ այդ ծիրէն ներս կատարելով կարգ մը նկատողութիւններ։

ժողովը հանգամանօրէն քննարկեց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապը իր զանազան երեսներով՝ լսելէ յետոյ Առաջնորդ Սրբազանին ու Ագգային Իշխանութեան ներկայացուցչին զեկոյցները։ Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան կատարուած նիւթական աջակցութեան բոլոր մասնակիցներուն, միաժամանակ յիշեցնելով այդ աջակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը։ Ժողովը նաեւ յիշեցուց Ղարաբաղի մէջ Նոր Կիլիկիա գիւղի շինարարութեան վերջին հանգրուանը իրագործելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը։

Որոշուեցաւ յառաջիկայ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը գումարել 2017-ի Յունիս ամսուան սկիզբը։