Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

«Գանձասար» կը տեղեկացնէ, թէ վերջին երկու օրերուն Հալէպի մէջ զինեալ խմբաւորումներ կազի պայթուցիկ տակառներով հրթիռակոծեցին Հալէպի խաղաղ բնակչութիւնը, յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանը: Ճեմարանի պողոտային վրայ երկու օրեր շարունակ ինկած կազի պայթուցիկ տակառներու եւ հրթիռներու պայթումին հետեւանքով քանդուեցան բնակարաններ եւ արձանագրուեցան նիւթական վնասներ:

Թաղամասի ելեկտրամատակարարման մեքենան վնասուեցաւ եւ բնակչութիւնը զրկուեցաւ ելեկտրականութեան այդ միջոցէն եւս: Նոր Գիւղի տղաքը փութացին բնակչութեան օգնութեան եւ անմիջապէս նորոգել սկսան ելեկտրամատակարարման մեքենան: