Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

3 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2016 թուականը «Ծառայութեան Տարի» հռչակող պատգամը: Ամբողջ տարուան ընթացքին Հայրապետական այս պատգամը ուղեցոյց պիտի ծառայէ լուսարձակի տակ առնելու ծառայութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին կեանքէն ներս: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերն ու ազգային կառոյցները, անսալով Նորին Սրբութեան կոչին վերարժեւորումի պիտի ենթարկեն եւ յատուկ ծրագիրներ մշակեն առաւել եւս արդիւնաբեր ծառայութիւն մատուցելու մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ծառայութեան Տարի»-ի այս պատգամին մէջ կ’անդրադառնայ ծառայութեան էական կարեւորութեան մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան, ազգին բարգաւաճումին, հայրենիքի կերտումին եւ իւրաքանչիւր հայ անհատի բարօրութեան համար:

Ստորեւ կարդալ Հայրապետական Պատգամը՝

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

2 0 1 6

Պ Ա Տ Գ Ա Մ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

հոգեւոր դասուն,

Ազգային Իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն

Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան եւ Նոր Տարուան խորհուրդով ու պատգամով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ: Կ’աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, մեր ընտանիքներուն ու մեր Մեծ Ընտանիքին՝ ազգին կեանքը լեցնէ երկնային առատ բարիքներով ու նորանոր յաջողութիւններով:

Տարիներ առաջ Մեր նախաձեռնած գեղեցիկ աւանդութիւնը շարունակելով, 2015 տարին Հայրապետական Կոնդակով հռչակեցինք ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ: Անցնող տարուան ընթացքին, թէ՛ գաղութային եւ թէ համահայկական մակարդակներու վրայ, այլազան ու բազմազան նախաձեռնութիւններու ու ձեռնարկներու ճամբով՝ միշտ միասնական ոգիով, ամուր վճռակամութեամբ ու յառաջատեսիլ մօտեցումով, նշուեցաւ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Արդարեւ, Մեր որդեգրած բնաբանը՝ «Յիշել, Յիշեցնել ու Պահանջել» դարձաւ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի արժեւորման մղիչ ուժը, անոր խորք, ընթացք ու նպատակ տուող ուղեգիծը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման ծիրէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շեշտը դրաւ պահանջատիրութեան վրայ: Մեր կազմակերպած ձեռնարկներուն, կատարած աշխատանքներուն, մշակած ծրագիրներուն, օտար եկեղեցական, քաղաքական ու պետական պատասխանատուներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն, հայ թէ օտար շրջանակներէն ներս Մեր ունեցած հրապարակային ելոյթներուն ու հրատարակութիւններու ճամբով յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեցինք մեր ժողովուրդի արդար դատը իրաւական մարզ փոխադրելու անյետաձգելի հրամայականը: Եւ աւելի՛ն, որպէս գործնական արտայայտութիւն Մեր կատարած կոչին, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մեր Սուրբ Աթոռը իրաւական քայլի դիմեց Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ, պահանջելով Սիսի իր դարաւոր Կաթողիկոսարանը:

Արդարեւ, իւրաքանչիւր հայ պահանջատէր է, մեր ողջ ազգը պահանջատէր է այնքան ատեն, որ հայոց ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցուած ցեղասպանին կողմէ եւ մեր ժողովուրդը չէ վերատիրացած իր բռնաբարուած իրաւունքներուն: Մեր պահանջատիրական պայքարը տարբեր մօտեցումներով ու շեշտաւորումներով պէտք է շարունակուի 2015-էն անդին:

Արդ, պահանջատիրական ոգիով թրծուած, եւ մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու հայրենիքին կեանքը աւելի ծաղկեցնելու ու հզօրացնելու յանձնառութեամբ շաղախուած, 2016 տարին կը հռչակենք՝

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ»

Ծառայութիւնը մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ յաճախակիօրէն գործածուող սովորական բառ դարձած է, ինչպէս նաեւ՝ մեր կեանքին մէջ յաճախ պարզուող բնական երեւոյթ մը: Սակայն, խորունկ նշանակութիւն ունի ծառայութիւնը: Ան մարդկային կեանքին ամենէն բարձր արժէքներէն ու արժանիքներէն մէկն է: Ծառայութիւնը իր խոր էութեամբ հաւատքի ու նուիրումի շօշափելի արտայայտութիւն է, Աստուծոյ ու մեր նմանին հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան ու սիրոյ գործնականացումն է: Ծառայութիւնը ճիշդ ու համապարփակ կերպով ըմբռնելու համար անհրաժեշտ է առաջին հերթին դառնալ Աստուածաշունչին, որպէս աղբիւրը աստուածային յայտնութեան եւ հիմքը՝ քրիստոնէական հաւատքին ու կեանքին:

 

Ա.

Ծառայութիւնը Աստուածաշունչին մէջ

Ի՞նչ կ’ըսէ Աստուածաշունչը ծառայութեան մասին: Նախ ընդհանուր գիծերով ակնարկ մը նետենք Հին Կտակարանին վրայ:

Իրենց կեանքը Աստուծոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան նուիրած մարգարէները ու եբրայեցի ժողովուրդին առաջնորդները նկատուած են Աստուծոյ ծառաները: Աստուծոյ առաջին ծառան դարձաւ Աբրահամ Նահապետը, որուն հաւատքով լեցուն ծառայական կեանքը մղեց եբրայեցի ժողովուրդը դառնալու ուխտի ժողովուրդ (Ծն 15.1-6). ապա Յովսէփ, որ իր ժողովուրդին ծառայեց զանոնք կերակրելով սովի եօթը տարիներուն (Ծն 50.20-21). Մովսէս մարգարէն, որ եղաւ իր ժողովուրդը Եգիպտոսի գերութենէն ազատողը եւ անոր Աստուծոյ օրէնքը տուողը (Ել 14). Յեսուն, որուն առաջնորդութեամբ կատարուեցաւ խոստացեալ Քանանու երկրին գրաւումը (Յես 1-21). Դաւիթ մարգարէն, որ Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին միջեւ յաւիտենական ուխտ մը կնքեց (Բ.Թգ 7.18-29). Սողոմոն թագաւորը, որ նախաձեռնեց Երուսաղէմի տաճարին կառուցման (Գ.Թգ 6): Տակաւին կարելի է յիշել Գեդէոն եւ Սամփսոն դատաւորները, Սամուէլ ու Անգէա մարգարէները, Եզեկիա եւ Յովսիա թագաւորները եւ ուրիշներ, որոնք Հին Կտակարանին վկայութեան համաձայն դարձան Աստուծոյ ծառաները ու պատգամաբերները եւ իրենց ժողովուրդը հեռացուցին կռապաշտութենէն ու առաջնորդեցին դէպի աստուածային ճշմարտութիւններով ու բարոյական արժէքներով լեցուն կեանք (Դտ 7-8,15: Ա.Թգ 3.10, 7.3-17: Դ.Թգ 23.1-27: Բ.Մն 29-31: Անգ 1.12-15):

Ծառայութիւնը կը կազմէ Նոր Կտակարանին հիմքը, որովհետեւ Նոր Կտակարանին առանցքը հանդիսացող Աստուծոյ Որդին ինքզինք որպէս ծառայ նկատեց եւ որպէս մարդու ու Աստուծոյ ծառայ ապրեցաւ իր երկրաւոր կեանքը ու իրագործեց իր առաքելութիւնը: Ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ, «Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու» (Մր 10.45: Մտ 20. 28): Իր ուսուցումներուն, հրաշքներուն ու առակներուն ճամբով Քրիստոս յատուկ կերպով շեշտեց ծառայութեան կենսական կարեւորութիւնը մարդու կեանքէն ներս: Այսպէս՝

- Բարի Սամարացիին առակով (Ղկ 10.30-37) ու աշակերտներուն ոտքերը լուալով (Յհ 13.1-12), Քրիստոս գործնապէս ցոյց տուաւ ծառայութեան մեծութիւնը:

- Ճշմարիտ ծառայութեան օրինակ դառնալով, Քրիստոս մարդոց թելադրեց ծառայութիւնը նկատելու իրենց կեանքին ուղեգիծը, Աստուծոյ մօտենալու վաւերական ճամբան:

- Իր ծառայական կեանքին օրինակով Աստուծոյ Որդին հրաւիրեց մարդը ծառայելու միայն Աստուծոյ ու աստուածահաճոյ արժէքներուն, ինչպէս կը յիշեցնէ Առաքեալը, թէ՝ ծառայել կը նշանակէ «կուռք»երը ձգելով Աստուծոյ դառնալ (Ա.Թս 1.9):

- Քրիստոս նաեւ յիշեցուց մարդոց, թէ իրաւ ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ յօժարակամ ու անսակարկ: Այլ խօսքով, ծառայողը իր ծառայութեամբ պէտք չէ հպարտանայ. ծառայութիւնը պէտք չէ կատարէ մարդոցմէ գալիք վարձատրութեան համար, որովհետեւ ծառան իր ծառայութեան վարձատրութիւնը պիտի ստանայ Աստուծմէ, ինչպէս Աւետարանը կը յիշեցնէ՝ «անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք» (Ղկ 17.10):

- Վերջապէս, Քրիստոս մարդուն կողմէ իր նմանին կատարուած ծառայութիւնը կ’ընդունի որպէս իրե՛ն կատարուած ծառայութիւն՝ «կ’ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մտ 25.40):

Արդ, Քրիստոս ծառայութիւնը կը նկատէ մարդուն մէջ աստուածային պատկերը վերականգնելու եւ փրկութեան ճամբով մարդը դէպի Աստուած առաջնորդելու ամենէն վաւերական ճամբան: Ճամբայ մը, որ Քրիստոս իր առաքելութեամբ հունաւորեց եւ իր կեանքով ցոյց տուաւ մարդուն: Քրիստոս ըսաւ՝ «ով որ ուզէ ինծի ծառայել՝ պէտք է ինծի հետեւի, եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ» (Յհ 12.26):

 

Բ.

Ծառայութիւնը եկեղեցւոյ հայրերուն ուսուցումներուն մէջ

Առաջին դարու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ծառայութիւնը դարձաւ առանցքային ներկայութիւն: Քրիստոսի անձին օրինակէն ներշնչուած, առաքեալներ ու հաւատացեալներ իրենց առօրեայ կեանքը լեցուցին ու արժեւորեցին բազմատեսակ ծառայութիւններով: Գործք Առաքելոցի մէջ կը հանդիպինք այնպիսի դէպքերու ու երեւոյթներու, որոնք պերճախօս կերպով կը վկայեն եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան մէջ ծառայութեան տիրական ներկայութեան մասին: Ս. Ստեփանոս նախավկան տիպարներէն մէկն է առաջին դարու ծառաներէն (Գրծ 6.1-7): Եկեղեցին որքան աճեցաւ, տարածուեցաւ ու կազմակերպուեցաւ, այնքան ծառայութիւնը դարձաւ քրիստոնէական հաւատքին կենսական տարրերէն ու եկեղեցւոյ կեանքին յատկանշական երեւոյթներէն մէկը:

Եկեղեցւոյ հայրերը իրենց քարոզներուն ու պատգամներուն ճամբով յատուկ շեշտ դրին ծառայութեան վրայ՝ յիշեցնելով որ ան պէտք է դառնայ քրիստոնեայ մարդու կեանքին ուղեցոյցը ու գործին մղիչ ուժը: Այսպէս՝

Ընդհանրական եկեղեցւոյ հայրերէն Յովհան Ոսկեբերան կ’ըսէ՝ «երբ մեր ձեռքերով կը ծառայենք աղքատներուն՝ կ’օրհնուին մեր ձեռքերը. եւ երբ աղքատի մը ծառայելէ ետք մեր ձեռքերը երկինք կը բաձրացնենք՝ Աստուած անմիջապէս կ’ողորմի մեզի եւ կու տայ մեր խնդրանքը»:

Գրիգոր Նիւսացին կը գրէ՝ «աննշան ու անպէտք ծառայութիւն չկայ, այնքան ատեն որ զայն կը կատարենք մաքուր սրտով ու եղբայրասիրութենէ մղուած»:

Օգոստինոս իր կեանքի օրինակով կը վկայէ՝ «երբ Աստուծոյ կը ծառայես՝ Աստուած չէ որ կը մեծնայ. դո՛ւն է որ կը մեծնաս»:

Հերենիմոս կը յիշեցնէ՝ «իր նմանին ծառայող մարդը՝ նմանակից կ’ըլլայ Քրիստոսի, քանի Քրիստոս ինք եւս ծառայեց մարդոց»:

Հայ եկեղեցւոյ հայրերէն յիշենք մի քանին.-

Յովհաննէս Մանդակունին կը վկայէ՝ «եթէ կը ծառայես տկարներուն՝ Քրիստոսի է որ ծառայած կ’ըլլաս ինքզինքին ծառայողը չի կրնար Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան ըլլալ»:

Անանիա Նարեկացին կ’ըսէ՝ «խոնարհ կը նկատուինք երբ մեր նմանը ծառայ չենք դարձներ մեզի, այլ մենք կը ծառայենք անոր»:

Սարգիս Շնորհալին Ճշմարիտ ծառայութեան ակնարկելով, կը գրէ՝ «Աստուծոյ ծառան չի կրնար ծառայել մամոնային. իսկ ան որ մամոնային կը ծառայէ՝ Աստուծոյ ծառայութենէն կը հեռացուի»:

Ստեփանոս Սիւնեցին տիպար ծառան կը բնորոշէ հետեւեալ ձեւով՝ «ան որ կը ծառայէ Աստուծոյ կամ իր նմանին վարձատրութիւն ձեռք ձգելու ակնկալութեամբ եւ ոչ թէ սէրէն մղուած, վարձկան կը նկատուի»:

 

Գ.

Ծառայութիւնը Քրիստոնէական հաւատքին էութիւնն է

Նկատի ունենալով Հին ու Նոր Կտակարաններու ուսուցումները, ինչպէս նաեւ ծառայութիւնը իրենց կեանքին մէջ ապրած եւ իրենց փորձառութեան լոյսին տակ մեզի փոխանցած եկեղեցւոյ հայրերուն վկայութիւնները, անհրաժեշտ կը նկատենք կարեւորութեամբ ընդգծել հետեւեալ կէտերը.-

Ա) Ծառայութիւնը կեանքի որակ է: Սոսկ կեանքի իւրայատուկ ձեւ կամ ոճ չէ ծառայութիւնը: Ուրիշին նկատմամբ մեր ունեցած սիրոյն, յարգանքին ու նուիրումին շօշափելի արտայայութիւնն է ծառայութիւնը: Հետեւաբար, ծառայութիւնը պէտք է ամրօրէն շաղախուի մեր մտածումներուն ու գործերուն հետ, մեր ողջ կեանքին հետ: Ծառայութիւնը երբ կը դառնայ մակերեսային, պատահական ու շահադիտական, կը կորսնցնէ իր ճշմարիտ իմաստը: Մարդու կեանքը ծառայութեամբ միայն կ’իմաստաւորուի ու կը հարստանայ. մարդը ծառայութեամբ կը մեծնայ ու կը դառնայ յարգանքի ու գնահատանքի արժանի: Յակոբոս Առաքեալը կ’ըսէ, թէ հաւատքը առանց գործի, այլ խօսքով՝ ծառայութեան, մեռեալ տարր է (Յկ 2.17,26): Մեծ մտածողներէն Կէօթէ կ’ըսէ՝ «կ’ապրի այն մարդը, որ ուրիշներուն համար կ’ապրի»: Նայեցէ՛ք պատմութեան, դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը: Ուրիշին համար իրենց ունեցածէն բաժին հանած ու իրենց կեանքն իսկ ընծայաբերած անձերը ապրած են գերեզմանէն անդին: Մեր կեանքը մեզի չի պատկանիր, ան Աստուծոյ պարգեւն է: Արդ, Աստուածատուր մեր կեան-քը ծառայութեան ճամբով պէտք է ապրիլ՝ Աստուծոյ, մեր ազգին, մեր եկեղեցւոյ ու մեր նմանին համար:

Ա՛յս է կեանքը ըմբռնելու ու իրագործելու վաւերական կերպը:

Բ) Ծառայութիւնը կեանքի ճանապարհ է: Երբ ծառայութիւնը դառնայ մեր կեանքին անբաժան ու անբաժանելի բաղադրիչ մասը, ան կը դառնայ մեր կեանքին միակ ճանապարհը: Մեր առօրեայ կեանքին դիմաց, յատկապէս ներկայ աշխարհին մէջ, կան այլազան ու բազմազան ճանապարհներ, որոնք մեզ կ’առաջնորդեն նոր ժամանակներու, Աստուածաշունչի բացատրութեամբ՝ «կռապաշտութեան», կեանքի այնպիսի վիճակներու, ուր մեր անձը կը դառնայ գերագոյն արժէք: Քրիստոնեայ մարդուն համար, Բարի Սամարացիին օրինակով հիւանդը խնամելը, կարիքաւորին օժանդակելը պէտք է դառնայ իր կեանքին միակ ճանապարհը՝ հեռու ամէն տեսակ լուսարձակներէ ու սպասումներէ: Ֆրանսացի հռչակաւոր գրողներէն Վիքթոր Հիւկօ կը յիշեցնէ թէ՝ «միտքը կը հարստանայ իր ստացածով, իսկ սիրտը՝ իր տուածով»: Չհպարտանանք միայն մեր ստացածով կամ ունեցածով, այլ ուրախանանք մեր տուածով, որովհետեւ անոր մէջ Աստուծոյ օրհնութիւնը կայ:

Գ) Ծառայութիւնը կեանքի նպատակ է: Ծառայութիւնը ըլլալով մեր կեանքին ամուր շաղախն ու ճշմարիտ ճանապարհը, պէտք է նաեւ դառնայ մեր կեանքին նպատակը: Վա՜յ այն կեանքին, որ ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ է: Վա՜յ այն անձին, որ իր ամբարած հոգեմտաւոր արժէքները իրեն համար կը պահէ: Վա՜յ այն ունեւորին, որ իր դիզած գումարները իր անձին հաճոյքին ու փառքին համար կը վերապահէ: Չմոռնանք Քրիստոսի պատմած առակը մեծահարուստ երիտասարդին մասին (Մտ 19.16-24): Մեր ունեցածը, այլ խօսքով Աստուծոյ մեզի տուածը, Աստուած ոեւէ ժամանակ կրնայ մեզմէ առնել, Աւետարանի մեծահարուստին նման: Հետեւաբար, մեր ունեցածէն ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ տալը պէտք է դառնայ մեր կեանքին յստակ ուղեցոյցը. եւ՝ այսօ՛ր, որովհետեւ վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ: Չմոռնանք երբեք, որ Աստուծոյ Որդին իր ունեցածէն սոսկ բաժին մը չտուաւ մարդուն, այլ՝ ինքզի՛նք տուաւ: Ճշմարիտ քրիստոնեան ան է, որ իր կեանքը իմաստաւորող ու առաջնորդող նպատակ կ’ընտրէ ուրիշին ծառայելը՝ հեռու ամէն տեսակ ցուցական ու փառասիրական երեւոյթներէ: Պօղոս Առաքեալ կը յորդորէ ըսելով՝ ծառայեցէք լուռ ու անսակարկ կերպով, եւ ոչ թէ՝ սոսկ մարդոց գնահատանքը շահելու համար (Եփ 16.6-8, Կղ 3.22-24), եւ կոչ կ’ընէ Քրիստոսի հետեւողներուն՝ «որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է՝ բարիք ընենք բոլորին...» (Գղ 6.10):

 

Դ.

Ծառայութիւնը եկեղեցւոյ կոչումն է

Ծառայութիւնը դարձաւ Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան հիմքը, ճանապարհը ու նպատակը: Աստուծոյ Որդին ծառայութեամբ իրագործեց իր փրկագործական ծրագիրը: Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ նաեւ Քրիստոսի փրկագործական ծրագիրը շարունակելու կոչուած Քրիստոսի խորհրդական մարմնոյն՝ եկեղեցւոյ կեանքն ու առաքելութիւնը: Հետեւաբար, իր էութեամբ ու կոչումով ծառայութի՛ւն է եկեղեցին: Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին իր աշակերտները աշխարհ ղրկեց, որպէսզի անոնք ծառայութեան ճամբով Քրիստոսին աշխարհ բերած արժէքներն ու սկզբունքները փոխանցեն մարդոց եւ, Աստուծոյ թագաւորութեան պատգամաբերները դառնան:

Երբ ընդհանուր ակնարկ մը նետենք եկեղեցւոյ պատմութեան վրայ, պիտի տեսնենք, թէ կեանքի ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ իսկ եկեղեցւոյ միակ ճամբան ծառայութիւնն է եղած, անոր հզօրագոյն զէնքը ծառայութիւնն է դարձած: Հոն, ուր եկեղեցին հեռու մնացած է ծառայութենէն, ան փաստօրէն հաւատարիմ չէ մնացած իր կոչումին: Հոն, ուր եկեղեցին ծառայութիւնը դարձուցած է իր կեանքին առանցքը ու նպատակը, ան դարձած է հզօր ու կենսունակ: Հոն, ուր եկեղեցին իր հեղինակութիւնը տեսած է այլ տեղ եւ ոչ թէ ծառայութեան մէջ, ժողովուրդը հեռացած է եկեղեցիէն: Հոն, ուր եկեղեցին ինքզինք նոյնացուցած է ժողովուրդի ցաւին ու տառապանքին հետ՝ դառնալով ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքէն ներս, ժողովուրդը ամրօրէն կառչած է եկեղեցւոյ:

Հայ եկեղեցին միշտ հաւատարիմ մնացած է իր քրիստոսատուր կոչումին: Դիտեցէ՛ք մեր եկեղեցւոյ կեանքի ճանապարհը՝ Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա ու ապա Սփիւռք: Մեր կեանքի խաւար ճամբաներուն վրայ, մեր եկեղեցին Աւետարանին լոյսն է սփռած՝ ծառայելով մեր ժողովուրդին. մեր պատմութեան դժնդակ ժամանակներուն, մեր եկեղեցին իր ժողովուրդի կողքին է եղած, դարձեալ ծառայելով մեր ժողովուրդին:

Այսօր եւս, հայ եկեղեցին պէտք է ծառայութիւնը դարձնէ իր կեանքի միակ ճանապարհը, իր առաքելութեան միակ նպատակը: Քրիստոս իր հեղինակութիւնը կերտեց ծառայելով: Մեր եկեղեցին, ինչպէս անցեալին այսօ՛ր եւս, ինքզինք պիտի արժեւորէ իր կոչումին հաւատարմութեամբ՝ միայն ծառայելով: Այսօր մեր ժողովուրդին կեանքը այնպիսի սուր կարիքներով, ահաւոր դժուարութիւններով, խոր մտահոգութիւններով ու լուրջ մարտահրաւէրներով է լեցուն, որոնց դիմաց մեր եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ, դիտողի կամ լսողի կրաւորական վիճակի մէջ ըլլալ: Հեռու ամէն տեսակ մակերեսային, պատահական ու ցուցական ձեւերէն, մեր եկեղեցին կոչուած է ծառայական այնպիսի մօտեցումներ որդեգրել, այնպիսի ձեւեր մշակել, որոնք ըլլան ազդու ու համահունչ՝ տուեալ պայմաններու մեր ժողովուրդի կարիքներուն ու սպասումներուն:

 

Ե.

Ծառայութիւնը համայնքային ու պետական կառոյցներուն պարտաւորութիւնն է

Ծառայութիւնը սոսկ կրօնական կամ բարոյական պարտաւորութիւն չէ. ան համամարդկային արժէք է ու անհրաժեշտութիւն: Հին դարերէն սկսեալ քաղաքակրթութիւններ ու մշակոյթներ, մտածողներ ու արուեստագէտներ յատուկ կերպով ընդգծած են ծառայութեան կարեւո-րութիւնը ընկերութեան կեանքին մէջ: Իսկ ներկայ ժամանակներուն, միջազգային հռչակագիրներ եւ ընկերութեան կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններ ու միութիւն¬ներ իրենց կանոնագրութիւններու ճամբով կարեւորութեամբ կը շեշտեն ծառայութեան հրամայականը: Արդարեւ, մարդկային ընկերութիւնը փոխադարձ պարտաւորութիւններով իրարու առնչուած անհատներու, խմբաւորումներու ու կառոյցներու ամբողջութիւն մըն է, եւ զայն դէպի բարելաւում ու յառաջդիմութիւն առաջնորդող հզօր գործօնը ծառայութիւնն է:

Նո՛յնն է պարագան մեր ազգին: Մեր համայնքային կեանքէն ներս կը գործեն զանազան նպատակներու կենսագործման լծուած բազմաթիւ կառոյցներ: Իւրաքանչիւր կառոյցին հիմնական նպատակը մեր ժողովուրդին ծառայել է: Ա՛յս հայեցակէտով հարկ է արժեւորել մեր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն աշխատանքը: Ոեւէ կառոյց, երբ մեր ժողովուրդին ծառայելը չի նկատեր որպէս իր գոյութեան պատճառը, իր գործունէութեան միակ ուղեցոյցը ու նպատակը, փաստօրէն իրաւունք չունի գոյութիւն ունենալու մեր հաւաքական կեանքէն ներս:

Նո՛յնը հարկ է ըսել պետութեան պարագային: Մեր պետութեան նպատակը, ինչպէս ոեւէ պետութեան, ծառայել է իր ժողովուրդին: Պետութիւն մը ո՛չ ինքնագոյ է եւ ո՛չ ալ ինքնանպատակ: Պետութեան ղեկավարները կ’ընտրուին ժողովուրդին կողմէ, ժողովուրդին ծառայելու համար՝ համարատուութեամբ ու պատասխանատուութեամբ: Ոեւէ պետական իշխանութիւն, որ իր օրէնսդրական, գործադիր եւ իրաւական կառոյցներու ճամբով կը թերանայ ժողովուրդին ծառայելու իր պարտաւորութեան մէջ, ընդվզում եւ հակազդեցութիւն կը յառաջացնէ ժողովուրդին մօտ: Մեր սպասումն է, որ հայրենի մեր ժողովուրդին ամբողջական նուիրումով ծառայելը միշտ մնայ հայրենի պետութեան պատասխանատուներուն առաջնահերթ պարտաւորութիւնը:

Արդ, նուիրեալ ու անշահախնդիր ծառայութեամբ է որ եկեղեցին կը պայծառանայ, կառոյց մը կը հզօրանայ, համայնք մը կը կազմակերպուի, հայրենիքը կը յառաջդիմէ ու ազգ մը քաջութեամբ կը դիմագրաւէ պատմութեան բոլոր տեսակի փոթորիկները:

 

Զ.

Ծառայութիւնը իւրաքանչիւր հայուն պարտքն է ու պատիւը

Ոեւէ կրօնի կամ ազգի պարագային, իր նմանին, ընտանիքին, դրացիին, համայնքին, կրօնին, ազգին ու հայրենիքին ծառայելը բարոյական պարտաւորութիւն է, հրամայական անհրաժեշտութիւն է, անսակարկելի պարտք է: Աշխարհի վրայ ապրող իւրաքանչիւր մարդ իր ինքնութիւնը ունի: Ինքնութիւն կ’ենթադրէ պատկանելիութիւն. պատկանելիութիւն կը նշանակէ հաւատարմութիւն. իսկ հաւատարմութիւնը կը պահանջէ ծառայութիւն: Բնականաբար, ծառայութեան կերպերը, մօտեցումները, տարողութիւնը, բնոյթն ու առաջնահերթութիւնները կրնան փոխուիլ: Ոմանք իրենց մտաւոր կարողութիւնները ի սպաս կը դնեն իրենց պատկանած հաւաքականութեան առաւել ծաղկման, ուրիշներ՝ հոգեկան կարողութիւնները, եւ տակաւին ուրիշներ՝ իրենց նիւթական կարելիութիւնները: Աստուած մարդը զանազան շնորհներով ու բարիքներով օժտած է: Աստուծոյ սպասումն է, որ մարդը իր շնորհներն ու բարիքները օգտագործէ իր անձին նեղ պարունակէն անդին, ուրիշներո՛ւն համար: Ա՛յսպէս կը պատուիրէ Աստուածաշունչը: Արդարեւ, ուրիշին ծառայելը Աստուծոյ ծառայել է, ինչպէս կը յիշեցնէ մեզի Քրիստոսի Աւետարանը: Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք ծառայութեան:

Աստուծոյ ու մարդուն ծառայ դարձած Քրիստոս միշտ կը յիշեցնէ թէ՝ «ով որ ինծի կը հաւատայ թող խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ» (Մտ 16.24): Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ դառնալ Բարի Սամարացի: Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ՝ Աստուծոյ մեզի տուածէն բաժին մը հանել մեր նմանին, մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին: Պատմութեան ամենէն դաժան պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդը հաւատարիմ մնաց քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն ու արժէքներուն, նո՛յնիսկ՝ իր արեան գնով: Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եղան անձեր, որոնք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու հաւատարմութեամբ ծառայեցին մեր ժողովուրդին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ՝ ոմանք իրենց հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ, ուրիշներ նիւթական բարերարութեամբ, իսկ ուրիշներ իրենց արիւնը թափելով ու դարձան սուրբեր, հերոսներ, անանձնական ծառայութեամբ իրենց մեծութիւնը կերտած բարերարներ ու անմահներ:

Այսօր մեր ազգը, հայրենիքը, եկեղեցին ու գաղութները ծով կարիքներու դիմաց կը գտնուին: Ո՞վ պիտի հոգայ մեր կարիքները. ո՞վ պիտի ամոքէ մեր ցաւերը. ո՞վ լուծում պիտի գտնէ մեր մտահոգութիւններուն, եթէ ոչ մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս անոնք, որոնք կը վայելեն Աստուծոյ իրենց պարգեւած հոգեկան, մտաւոր թէ նիւթական բարիքները: Մեր ունեցած բարիքներէն գէթ մաս մը ազգին տրամադրութեան տակ դնելը իւրաքանչիւր հայուն պարտքն է ու միաժամանակ՝ պատիւը: Ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ յաւերժութիւնը երաշխաւորող այս գերագոյն արժէքներու ծառայութեան գանձանակին մէջ, Աւետարանի բառերով՝ մեր «այրիի լուման» դնելը իւրաքանչիւր հայուն սրբազան կոչումն է: Եկէ՛ք, սիրելի հայորդիներ, տէ՛ր կանգնինք մեր նուիրական պարտքին, որպէսզի արժանի դառնանք աստուածային օրհնութեան:

*

*    *

Արդ, ներկայ տարին «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ» հռչակելով, առաջին հերթին կ’աղօթենք այն բոլոր հայորդիներու հոգիներուն համար, որոնք անցեալին զանազան ձեւերով ու հանգամանքներով ծառայեցին մեր ժողովուրդին: Ինչպէս անմահանուն բանաստեղծներէն Յովհաննէս Թումանեան կ’ըսէ՝ «մահը մերն է մենք մահինը, մարդու գո՛րծն է միշտ անմահ»: Արդարեւ, մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ծաղկման իրենց մասնակցութիւնը բերող հայորդիները՝ մեր հաւաքական կեանքին մէջ կը դառնան յիշատակութեան ու գնահատանքի արժանի անձեր:

Ներկայ տարին «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ» հռչակելով, կ’ուզենք յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ անհրաժեշտ է առաւել նուիրումով գործօն մասնակցութիւն բերել մեր ազգին ծառայելու վսեմ գործին, այն քաջ գիտակցութեամբ, որ Աստուած պիտի օրհնէ մեր ծառայութիւնը, եւ պատմութիւնը միշտ յարգանքով պիտի յիշէ ո՛չ թէ մեր ունեցածը՝ այլ մեր տուածը, ո՛չ թէ մեր գեղեցիկ խօսքերը՝ այլ բարի գործերը: Պատմութեան փոշիներուն մէջ կը կորսուին անոնք, որոնք միա՛յն ունենալու համար պայքարած են: Պատմութեան մայր էջին վրայ կը մնան միա՛յն անոնք, որոնք տուած են ի խնդիր գերագոյն արժէքներու կենսագործման ու յաւերժացման եւ սրբազան նպատակներու ու վեհ իտէալներու իրականացման: Ա՛յս կը վկայէ պատմութիւնը:

2016 տարին ներկայ Հայրապետական Գիրով «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ» հռչակելով, կոչ կ’ուղղենք մեր Թեմակալ Առաջնորդներուն, Ազգ. իշխանութեանց, համայնքային, կուսակցական, ազգային, բարեսիրական, կրթական, մարզական ու մշակութային միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, լուսարձակի տակ բերելու ծառայութեան կենսական կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս եւ զանազան ձեռնարկներու ճամբով՝

- Գնահատելու գաղութին ծառայութիւն մատուցած ազգայինները:

- Յիշեցնելու, յատկապէս երիտասարդներուն, ազգին ծառայելու հրամայականը՝ մեր հաւաքական կեանքին իրենց գործօն մասնակցութեամբ:

- Կոչ ուղղելու զանազան կարողութիւններով ու կարելիութիւններով օժտուած մեր ազգայիններուն, որ օգտակար հանդիսանան գաղութի ծաղկման, եկեղեցւոյ պայծառացման, հայրենիքի հզօրացման ու ազգի յառաջդիմութեան նպաստող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:

Այս մտածումներով ու սպասումներով անգամ մը եւս կ’օրհնենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները ու կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ առողջութեան, յաջողութեան ու երջանկութեան բարիքներով հարստացնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը:

 

Հայրական ջերմ սիրով,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

1 Յունուար, 2016

Անթիլիաս, Լիբանան