Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Արդէն երկու տասնամեակ կը հաշուէ Յունաստանի Սիրոս կղզիի մէջ Արցախէն ամէն ամառ ժամանող պատանիներու հիւրասիրութեան ծրագիրը։ Իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը, որ 20 տարիէ ի վեր կը գործադրուի Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ Սիրոսի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ, առիթը կուտայ Արցախէն Յունաստան այցելող պատանիներուն, որպէսզի 10-օրեայ արձակուրդի շրջան մը անցընեն եւ ամբողջ կեանքի մը համար յիշատակներ հիւսեն՝ յունական գեղեցիկ ու հիւրընկալ կղզիին վրայ:

Յունաստանի «Ազատ օր» օրաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ սկիզբը կատարուեցաւ 20 տարիներ առաջ, երբ Արցախի ազատագրութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու 22 զաւակներ հասան Յունաստան, ուր գուրգուրոտ միջավայր գտան Սիրոս կղզիի բնակիչներուն մօտ, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրին, պատանիներուն համար ուրախութեան պահեր ստեղծելու եւ անոնց ցաւը մեղմացնելու։

Այդ օրէն ի վեր հաստատուած ծրագիրին միջոցաւ, Սիրոսի մէջ հիւրասիրուած են Արցախէն 450 պատանիներ։ Ծրագիրը կը գործադրուի Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ՝ համադրաբար Անօ Սիրոսի քաղաքապետութեան ու Արցախի պետութեան։ Անցած տարիներու ընթացքին, Սիրոսի մէջ պաշտօնավարած բոլոր քաղաքապետներ զօրավիգ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան, միշտ առաջնահերթ պահելով Արցախի պատանիներու հիւրասիրութեան ծրագիրը, որ վայելեց նաեւ տեղացի գործարարներու գործօն քաջալերանքն ու զօրակցութիւնը։

Սիրոս կղզիի բնակչութիւնը նոյն այն սէրն ու գուրգուրանքը ցոյց կուտայ Արցախի պատանիներուն հանդէպ, ինչ որ ցուցաբերած էր 1922ի Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք, կղզիին մէջ հիւրընկալ գիրկ գտած՝ ջարդերէն ճողոպրած 2000 հայ որբուկներուն համար։

Արցախի մէջ եւս լայնօրէն ճանչցուած է Սիրոսի մէջ իրագործուող ծրագիրը, քանի որ իւրաքանչիւր գիւղէ կամ քաղաքէ պատանիներ մասնակից դարձած ու Յունաստան այցելած են։

Այս տարի 25 պատանիներ հիւրասիրուեցան Սիրոսի քաղաքապետութեան կողմէ, Քինի շրջանի Ֆրերներու ամառնային բանակավայրէն ներս, 18-27 Օգոստոսի ընթացքին։ Պատանիները Ստեփանակերտի Մանկապատանեկան Ստեղծագործական Կեդրոնի աշակերտներ են։ Իրենց կ’ուղեկցէին Բարսեղեան Լիւդմիլա՝ Լ. Ղ. Հ. Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, Միքայէլեան Վիլէն՝ Ստեփանակերտի Մանկապատանեկան Ստեղծագործական Կեդրոնի գործադիր տնօրէն-գեղարուեստական ղեկավար, Աւանէսեան Գարրի՝ Ստեփանակերտի ՄՊՍԿ-ի պարուսոյց, Գաբուզեան Անահիտ՝ Ստեփանակերտի ՄՊՍԿ-ի մանկական երգի թատրոնի խմբավար, Իվանիտիս Սոֆիա՝ լրագրող, Հայրապետեան Մերուժան՝ պետական Արցախ TV-ի օփերաթէօր։

Շաբաթ 22 Օգոստոսին այցելութիւն մը տրուեցաւ Զաֆիրիս Ափոսթոլոփուլոսի զօրանոցը, որ 1922-էն ետք գործած է որպէս որբանոց։ Հոն կը գործէ նկարներու եւ գոյքերու ցուցադրութիւն, հնագէտ Լէֆթէրիս Զորզոսի մշակումով, ուր այցելեցին Արցախէն եկած պատանիները իրենց ուղեկիցներով։

Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Սիրոսի Պոնտոսցիներու Միութեան։ Աւարտին, դափնեպսակներ զետեղեցին Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր տիկին Լիւտմիլա Բարսեղեան եւ Պոնտոսցիներու միութեան նախագահ տիկին Ուրանիա Փանտազի։

Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեցին Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Սիրոսի «Քիմիսիս» յունական եկեղեցւոյ Տէր Հայր՝ Գոսթանտինոս Քոնտոս։

Մշակութային երեկոյ

Նախաձեռնութեան 20-ամեակը պատշաճօրէն տօնուեցաւ Օգոստոս 24ի երեկոյեան, գեղարուեստական ժողովրդային փայլուն երեկոյի մը կազմակերպութեամբ, ուր հանդէս եկան Արցախի պատանիները, հմայելով յոյն հանդիսատեսները։ Գեղեցիկ այս երեկոյին ընդմէջէն, ժողովուրդին ներկայացուեցան Արցախի մշակոյթն ու պատմութիւնը: Քաղաքապետ Եորղոս Մարակոս խոր յուզումով եւ մեծ խանդավառութեամբ յայտարարեց, թէ նպատակ ունի դարձեալ կազմակերպելու նման երեկոյ մը, յաջորդ տարի։

Նշենք, որ Արցախի փոքրիկները հիւրասիրուեցան նաեւ Փիրէայի «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան մօտ, Աթէնք կեցութեան օրերուն։ 27 Օգոստոսէն մինչեւ իրենց մեկնումի թուականը, 2 Սեպտեմբեր, անոնք առիթը ունեցան եւ պիտի ունենան այցելելու թանգարաններ, դաստիարակչական կեդրոններ, զուարճութեան վայրեր։

Անցեալ Շաբաթ, 29 Օգոստոսի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի պուրակին մէջ նաեւ փայլուն ելոյթ մը ունեցան, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան կազմակերպած «Իոնիքես Եորթես» մշակութային փառատօնի ծիրէն ներս, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին։