Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (Ս.Օ.Խ.) Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Հ.Օ.Մ.-ի Քանադայի Շրջանային վարչութեան՝ երկրորդ անգամ ըլլալով Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին, կարիքաւոր փոքրիկներուն Ամանորի նուէրներ ուղարկելուն համար:

Հ.Օ.Մ.-ի Քանադայի շրջանի 8800 դոլարի օժանդակութիւնը յատկացուեցաւ Հալէպի Ազգային չորս վարժարաններուն եւ մանկապարտէզին, ինչպէս նաեւ համայնքայի երեք մանկապարտէզներու աշակերտութեան, Ս.Օ. Խաչի աշխատանոցէն ներս բաճկոններ պատրաստելով 885 աշակերտի եւ Ազգային պատսպարանի սաներուն: