Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

«ԵԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ԿՈՂՄՆ Է, Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՀԱԿԱՌԱԿ ԸԼԼԱԼ»

Աստուածային ճշմարտութեան պատգամաբերները, մարգարէները իրենց ժողովուրդի պատմութեան ամենէն ճգնաժամային պահերուն պատգամեցին՝ մի՛ վախնաք, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է։ Այս հաւատքով շաղախուած ու յոյսով գօտեպնդուած եբրայեցի ժողովուրդը յաղթահարեց ամէն տեսակ չար ու չարիք, որոնք յաճախ շրջապատեցին զինք իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին։

Աստուածաշունչը յստակօրէն կը պարզէ թէ՝ Աստուած երբեք չլքեց մարդը, չհեռացաւ իր Արարիչէն հեռացած արարածէն։ Աստուած նո՛յնիսկ մեղքի տիրապետութեան ենթակայ դարձած մարդուն հետ եղաւ, որպէսզի զինք ազատագրէ չարին կալանքներէն։ Հին Կտակարանը մարդուն հետ ըլլալու, մարդը դէպի ազատագրութիւն ու արդարութիւն, այլ խօսքով՝ փրկութիւն առաջնորդելու Աստուծոյ սիրոյն պատմութիւնն է, հակառակ Աստուծոյ սէրը մերժելու ու պատուէրը անտեսելու մարդուն բացասական վարքագծին ու ժխտական վերաբերումին։

Մարդուն հետ ըլլալու, մարդուն առջեւ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ ճանապարհը բանալու Աստուծոյ յանձնառութիւնը իր գերագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ Նոր Կտակարանին մէջ։ Ինչպէս կը հաստատէ Աւետարանիչը, Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ նո՛յնիսկ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ (Յովհ. 3. 16)։ Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած դա՛րձեալ, եւ այս անգամ աւելի շօշափելի ու տեսանելի կերպով, եղաւ մարդուն հետ։ Արդարեւ, Աստուած ո՛չ միայն մարդուն հետ եղաւ, այլ նաեւ մարդուն համար։ Իր ուսուցումներուն ու հրաշարգործութիւններուն ճամբով Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին յիշեցուց մեղաւորին ու հիւանդին, զրկեալ ու հալածուող մարդուն, թէ՝ մի՛ վախնար, այլ հաւատա՛, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է։

Քրիստոսի Աւետարանին քարոզիչները, Աւետարանիչներ ու Առաքեալներ, յաճախակի կերպով յիշեցուցին կեանքի մաքառումներուն ու տագնապներուն դէմ գտնուող Քրիստոսի հետեւորդներուն թէ՝ «եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռոմ. 8. 31)։

Արդարեւ, Աստուածաշունչը սոսկ աստուածային յայտնութեան դրուագները պարունակող գիրք չէ։ Ան Աստուծոյ յաւերժախօս պատգամն է։ Աստուածաշունչի ճամբով Աստուած կը խօսի մեզի հետ, եթէ մենք պատրաստ ենք լսելու զինք։ Աստուածաշունչի ճամբով Աստուած մեզի հետ կ’ըլլայ, եթէ մենք պատրաստ ենք իր հետ ըլլալու։

Աստուծոյ խօսքը լսող առաջին ժողովուրդը եղանք։ Մեր պատմութեան ուրախ ու մռայլ օրերուն Աստուած մեզի հետ եղաւ։ Աստուծոյ ներկայութեամբ զօրացած, հաւատքով ու քաջութեամբ քալեցինք Աւետարանի ճամբէն։ «Ո՛չ» ըսինք յուսահատութեան ու կառչեցանք յոյսին. «ո՛չ» ըսինք վախին ու քաջութեամբ զինուեցանք. «ո՛չ» ըսինք մահուան՝ ու քալեցինք դէպի կեանք։ Մենք հաւատացինք Առաքեալի վկայութեան ու խոստումին թէ՝ «եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ»...։

2015 տարուան սեմին, Առաքեալին նոյն բառերը դա՛րձեալ կը հնչեն հայ կեանքէն ներս։

Պահ մը երեւակայեցէք 1915 թուականը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ. ջարդ, աքսոր, անորոշութիւն.... մէկուկէս միլիոն զոհ, հարիւր հազարաւոր որբեր, գաղթականներ՝ անօթի ու անտուն...։

Ու այսօր, 2015 թուականին, ցեղասպանութեան ու հայրենազրկումի ենթարկուած ժողովուրդը ունի իր հաւատքով ու յոյսով կերտուած, իր արիւնով ու քրտինքով վերանկախացած հայրենիք, ազատագրուած Արցախ, կազմակերպուած Սփիւռք եւ յառաջդիմելու եւ հզօրանալու հոգեկան, մտաւոր ու տնտեսական լայն կարելիութիւններ։

Արդարեւ, 100 տարին ոչի՛նչ է ազգի մը դարաւոր պատմութեան մէջ։ Արդ, այս կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին, ազգի մը համար մահէն կեանք քալելը, իր անկախութիւնը վերահաստատելը եւ ցեղասպանին ու աշխարհին դիմաց ամուր վճռակամութեամբ կանգնած, իր բռնաբարուած իրաւունքները պահանջելը փաստօրէն հրաշքի համազօր երեւոյթ է։

Աստուած անոնց հետ է, որ ծարաւ են արդարութեան ու կը պայքարին ի խնդիր արդարութեան (Մատթ. 5։ 6)։ Արդարութիւնը աստուածատուր պարգեւ է. ո՛չ ոք իրաւունք ունի զայն խլելու ուրիշէն։ Քրիստոս երանի տուաւ բոլոր անոնց, որոնք յանձնառու են արդարութեան համար գործելու։ Արդարութիւնը նաեւ աստուածատուր առաքելութիւն է. իւրաքանչիւր անհատ թէ ազգ կոչուած է զայն պաշտպանելու ու իրագործելու։ Հետեւաբար, ան որ արդարութեան համար կը պայքարի, Աստուած անոր հետ է եւ հետեւաբար, ո՛չ ոք կրնայ հակառակ ըլլալ անոր։ Ա՛յս է մեր քրիստոնէական հաւատքը։

Այս հաւատքէն մղուած արդարութեան համար պայքարը դարձուցինք ամէնօրեայ տագնապ. արդարութեան ծարաւը միշտ մնաց անբաժան իւրաքանչիւր հայու կեանքէն. արդարութեան ձգտումը վերանորոգ հաւատք ու յոյս ներշնչեց մեր ժողովուրդին։ Ի խնդիր արդարութեան հայ ժողովուրդի պայքարը կը շարունակուի, պէ՛տք է շարունակուի...։

Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը յիշեցում մըն է թէ՝ Աստուած արդար է, արդարին ու արդարութեան հետ։

Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը յիշեցում մըն է որ Աստուած մեզի հետ եղաւ ու միշտ մեզի հետ։

Արդ, ժողովուրդ հայոց, թող արդարութեան տիրանալու քու հաւատքդ երբեք ընկրկում չունենայ, քու յոյսդ՝ տկարացում, քու պայքարդ՝ նահանջ. միշտ հաւատա՛ արդարութեան յաղթանակին։ Մի՛ մոռնար քու նահատակներդ, հաւատարիմ մնացիր անոնց սրբազան կտակին։ Միասնական ոգիով ու վճռակամ կեցուածքով արդարութի՛ւն պահանջէ։ Եւ ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ արժեւորէ 2015 թուականի իւրաքանչիւր օրը քու եւ քու ազգիդ կեանքին մէջ։

Աստուածայայտնութեան հոգեպարար տօնին առիթով Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանը, մաղթելով իրեն արդիւնաշատ հայրենանուէր գործունէութիւն։

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն։ Նո՛յն սիրով կ’ողջունենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, մաղթելով իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեամբ լեցուն գահակալութիւն։

Հայրական անհուն սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթակայ մեր Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութեանց մարմինները եւ մեր սիրելի ժողովուրդին զաւակները, աղօթելով որ Բեթղեհէմի Փրկիչը առաջնորդ ու պահապան ըլլայ իրենց։

 
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
6 Յունուար, 2015
Անթիլիաս Լիբանան