Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

 

Պատմաբան պրոֆ. Սեպուհ Ասլանեանը Քալիֆորնիայի «U.C.L.A.» համալսարանի հայագի-տական ամբիոնի վարիչն է (փոխարինել է պրոֆ. Ռիչարտ Յովհաննէսեանին): Նա գլխաւոր բանա-խօսն էր եւ գլխաւոր գիտական խորհրդատուն «Գիւլբէնկեան» հաստատութեան կողմից հոկտեմ-բերի 16-17-ին Լիզպոնում կազմակերպուած հայոց, փորթուկալցիների, հրեաների եւ մահմետականնե-րի առեւտրական յարաբերութիւնների եւ նրննց միջեւ գոյութիւն ունեցած ցանցերի մասին գիտա-ժողովի:

Նկատի առնելով պրոֆ. Ասլանեանի գիտական վաստակը հայագիտական ուսումնասիրութիւն-ների մէջ, նրա հետ հանդիպում ունեցանք այս մարզում իր տարած հետազօտական աշխատան-քին մօտկից ծանօթանալու համար:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Լիզպոնի համագումարին ընթացքին արծարծուեցան մետաքսի ճամբուն եւ ընդհանրապէս միջազգային առեւտուրի մարզին մէջ հայ վաճառականներու կարեւոր դերակատա-րութեան երեւոյթները: Հայ առեւտրականները այն ժամանակ ո՞ւր կը ստանային իրենց կրթութիւնը:

ՊՐՈՖ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՍԼԱՆԵԱՆ.- Շատ հետաքրքը-րական հարցում մըն է: Ըսեմ, որ տակաւին նոր սկսած է այս հարցը լրջօրէն արծարծուելու կամ ուսումնասիրուելու: Վաճառականները ընդհանրա-պէս ուսում ստանալու քանի մը միջոցներ ունէին տասնեօթերորդ դարուն: Անոնք Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ, իրենց համաշխարհային ցանցի գեր-կեդրոնը ունէին վաճառականական կաճառ մը, ուր այդ ճիւղին վերաբերեալ ուսման դասընթացքները կը վարէր Կոստանդ Ջուղայեցի անունով վարպետ մը: Ան հաւանաբար իր ձեռքին տակ ունէր իրմէ առաջ նախկին վաճառականներու բազմաթիւ կրկնատոմարները: Վաճառականները այն ատեն տարիներով (երբեմն 10-20 տարի կամ նոյնիսկ աւելի) կը շրջագայէին եւ վերադարձին իրենց ունեցած շահին մէկ քառորդը կը պահէին, իսկ մնացեալ առիւծի բաժինը կը յանձնէին ոչ-շրջուն եւ մնայուն տեղ գրաւող դրամատէր խոճաներուն: Շրջող վաճառականները այդ կրկնատոմարներուն մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրէին իրենց ճանապարհորդութիւնը, ծախած ապրանքները եւ այլն: Հաւանաբար Կոստանդ Ջուղայեցին այդ տեղեկութիւններէն օգտուելով կրցած էր կարեւոր դասագիրքի նման ձեռագիր մը կազմել, որ այսօր մեզի հասած է քանի մը օրինակներով: Այս պարագան սակայն ուսումնասիրութեան կը կարօտի, որովհետեւ մենք տակաւին պրպտումներու առաջին հանգրուանին կը գտնուինք:

Բացի այդ, ջուղայեցիները ունէին ուսում ստանալու այլ կարեւոր միջոց մը. եւրոպացի կաթողիկէ առաքելականները, որոնք հաստատուած էին Նոր Ջուղայի մէջ եւ կրօնքի ազատութիւն ու վաճառականութեամբ զբաղելու իրաւունք ունէին, հիմնած էին ոչ-պաշտօնական դպրոցներ, ուր կը յաճախէին վաճառական հայերու զաւակները՝ եւրոպական լեզուները սերտելու համար: Անոնք եթէ Հնդկական ովկիանոսին մէջ պիտի աշխատէին, փորթուկալերէն կը սորվէին եւ այս ընթացքը շարունակուած է մինչեւ 1700-ականներու վերջերը (հակառակ անգլիացիներու տիրապետութեան հոլովոյթին): Բայց եթէ այդ նոյն հայերը Միջերկրականի բեմին վրայ պիտի աշխատէին, իտալերէնը կ’ուսումնասիրէին, որ «լինկուաֆրանքա»ի առաջին հանգրուանն էր, այլ խօսքով անոնք իտալերէնի միջոցով ընդհանրապէս ֆրանսերէն կը սորվէին, բայց նաեւ սպաներէն լեզուն կը սերտէին: Ուսեալ այդ շրջուն վաճառականները արտադրած էին տարբեր լեզուներով բազմաթիւ թարգմանութիւններ, որոնք տակաւին կ’ուսումնասիրուին: Անոնք մեզի ձգած են մեծ ժառանգութիւն մը, որ բաւականաչափ չէ հետազօտուած:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Ի՞նչ կը ներկայացնէին խոճաները:

ՊՐՈՖ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՍԼԱՆԵԱՆ.- Կրնամ ըսել թէ խոճաներու դասակարգը ոչ միայն շատ յառաջադէմ էր առեւտրական ճիւղին մէջ, բայց նաեւ հոյակապ դերակատարութիւն ունեցած է մշակութային մարզի զարգացման առումով, եւ ասիկա տակաւին վաղ-արդի շրջանին, այսինքն 1500-1800 տարիներուն ընթացքին: Այն ատեն հայոց պատմութեան մէջ բառացիօրէն տեղաշարժ մը տեղի ունեցաւ, իսկ մշակութային դաշտին մէջ հայկական լեռնաշխարհը դադրեցաւ կեդրոն ըլլալէ՝ մերթ ընդ մերթ տեղաւորուելով ծովերուն եւ ովկիանոսներուն եզերքը գտնուող նաւահանգստային քաղաքներուն մէջ, ինչպէս՝ Մատրաս, Կալկաթա, Սուրաթ, Ամսթերտամ, Մարսիլիա, Վենետիկ, Պոլիս եւ Զմիւռնիա: Այս վայրերուն մէջ երեք հարիւր տարուան ընթացքին գոյացաւ նոր դասակարգ մը եւ կրնանք ըսել թէ ձեւով մը՝ հայու նոր տեսակ մը կերտուեցաւ, որ կը կոչուէր նաւահանգստային կամ ծովային հայ, զանազանելու համար ցամաքային հայերէն, որոնք աւելի շատ հողին վրայ կեդրոնացած էին:

Այդ նոյն նաւահանգստային հայերն էին, որոնք մշակութային հսկայական աշխատանք տարած են՝ հաստատած են տպագրութեան կեդրոններ, կատարած են թարգմանութիւններ, բացած են դպրոցներ, ինչպէս Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը կամ Կալկաթայի Մարդասիրական ճեմարանը:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Յետագային սակայն այս կրթական շարժումը իր դրական հետեւանքը ունեցաւ նաեւ այլուր եւ յանգեցաւ Էջմիածնի, Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի մէջ յաջորդաբար «Գէորգեան», «Լազարեան» ճեմարաններուն եւ «Ներսիսեան» վարժարանի հիմնադրութեան…

ՊՐՈՖ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՍԼԱՆԵԱՆ.- Անշուշտ չեմ անտեսեր այդ կրթական կեդրոններուն կարեւորութիւնը, բայց կ’ենթադրեմ, թէ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեանը եւ Կալկաթայի Մարդասիրական ճեմարանը աւելի կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ: Յամենայնդէպս, ամփոփելով քիչ առաջ ըսածներս, կրնամ ըսել թէ այդ շրջանը ունեցաւ իր երկու յատկութիւնները, որոնք հայոց պատմութեան նկարագիրը դրօշմած են: Առաջին՝ ծովափնեայ եւ նաւահանգստային կեդրոններու կարեւորութիւնն է, իսկ երկրորդ յատկանիշը այն է, որ վաճառականները, կղերականներու ընտրանի դասակարգը եւ տպագրիչները անդադար շրջած ու ծովային ճամբորդութիւններ ունեցած են եւ իրենց գործունէութեամբ, նաեւ փորձառութեանց հաւաքագրումով կեդրոնական դեր խաղացած են ո՛չ միայն հայերու, այլեւ ամբողջ աշխարհի պատմութեան մէջ:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Ճամբորդող վաճառականներու ընտանիքը ի՞նչ թիւ կը կազմէր:

ՊՐՈՖ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՍԼԱՆԵԱՆ.- Ըստ Յարութիւն Տէր Յովհանեանցի «Պատմութիւն Նոր Ջուղայի՝ Ի Սպահան» երկհատորեայ երկին (1850ին գրուած եւ 1880ին հրատարակուած) մէջ բերուած վկայութիւններուն՝ մեծահարուստ վաճառական ընտանիքներու թիւը 20էն 30ի շուրջ էր: Պէտք է ըսել թէ Նոր Ջուղայի բնակչութեան թիւը միշտ ալ փոքր եղած է եւ տարբեր շրջաններու 30 հազարը չէ անցած: Իսկ այդ նոյն փոքրաթիւ համայնքը իր հսկայական ազդեցութիւնը եւ հետքը ձգած է մեր այսօրուան պատմութեան եւ կեանքին վրայ:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Վաճառական այդ երեսուն ընտանիքները իրենց առեւտրական աշխատանքին քով որքանո՞վ նպաստած են տարբեր երկիրներու համայնքներու զարգացման գործին եւ ի՞նչ ներդրում ունեցած են մշակութային կեդրոններուն մէջ:

ՊՐՈՖ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՍԼԱՆԵԱՆ.- Անոնք շատ կարեւորութիւն կու տային մեկենասութեան եւ բարերար աշխատանքին: Առանց անոնց դրամագլուխին ուսումնական կեդրոնները չէին կրնար կանգուն մնալ եւ մանաւա՛նդ գիրքեր չէին տպագրուեր: Ընդհանրապէս իւրաքանչիւր համայնք նման դասակարգի մը կարիքը ունի, որ թէ՛ նիւթական ներդրում կատարէ եւ թէ այդ դրամագլուխը ճիշդ ձեւով օգտագործէ: Կարեւորը ո՛չ թէ դրամ ունենալն է, այդ դրամը ճիշդ ձեւով գործածելը:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Կարեւոր է գիտնալ, թէ այդ անձերը հայկական հողին վրայ ինչպիսի՞ գործունէութիւն ծաւալած են կամ ի՞նչ ձեւով ազդած են ազգային գիտակցութեան վրայ:

ՊՐՈՖ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՍԼԱՆԵԱՆ.- Քիչ առաջ նշեցի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի օրինակը, որ մեզի համար Օքսֆորտի կամ Քեմպրիճի կարեւորութիւնը ունէր տասնիններորդ դարուն, եթէ ոչ աւելի ուշ ալ: Վարժարանը հիմնուած է Էտուարտ Ռափայէլ Ղարամեանցի եւ իր փեսայի՝ Սամուէլ Մուրատեանի միջոցաւ, որոնք երկուքն ալ հարստութիւն դիզած են Չինաստանի մէջ եւ առեւտրական շահերէ գոյացած այդ գումարը յատկացուցած են Մխիթարեան միաբանութեան, որպէսզի Եւրոպայի հողին վրայ ունենան կրթական կեդրոն: Անոնք նախապայման դրած էին, որ վարժարանը պիտի ծառայէ որբ եւ դրամական միջոցներէ զուրկ հայ երիտասարդ սերունդին՝ առանց դաւանանքի խտրութեան: Այդ երիտասարդութիւնը կու գար Հայաստանէն կամ այն օրերուն Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններէն:

Կալկաթայի Մարդասիրական ճեմարանն ալ ջուղայեցի վաճառական մը հիմնած է: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ «Լազարեան»ի մասին: Գիտէք՝ կարեւորը ոչ թէ քանակը, այլ որակը եղած է, այսինքն անոնք կերտած են թիւով քիչ, սակայն որակաւոր կրթօճախներ:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Այդ ընտանիքները, ինչպէս ըսուեցաւ համագումարին ընթացքին, երեք-չորս սերունդէ անդին չեն կրցած իրենց ժառանգութիւնը փոխանցել…

ՓՐՈՖ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՍԼԱՆԵԱՆ.- Մեր պատմութեան մէջ միշտ ալ հանդիպած ենք նման խոչընդոտներու եւ մնայուն ու շարունակական խողովակներ չենք ունեցած մեր աւանդութիւնը, կրթութիւնը կամ դրամագլուխը ապագայ սերունդներուն փոխանցելու առումով եւ պատճառն ալ այն է, որ համայնքային համապատասխան կառոյցներ եւ հիմնարկութիւններ (institutions) չենք ունեցած: Այս մէկը ուսումնասիրութեան կարօտող այլ նիւթ մըն է: Մեզի միշտ ալ պակսած են հաղորդակցութեան միջոցները:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Այսօր, անցեալի այդ երեւոյթներէն ի՞նչ ուսանելի դասեր կարելի է քաղել:

ՓՐՈՖ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՍԼԱՆԵԱՆ.- Ինչպէս ըսի, այս մարզին մէջ ունեցած ենք հարուստ անցեալ մը, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Նոր Ջուղայի պարսկահայ վաճառականներուն, որոնք կարելի է ըսել համաշխարհային բազմամշակութային համայնք մը եղած են եւ երբեք չեն գոհացած միա՛յն ջուղայեցի կամ միա՛յն հայ ըլլալով: Անոնք իւրաքանչիւր մշակոյթի կարեւոր եւ ընտրանի յատկութիւնը քաղած են ապագային նոյնը որդեգրելով իրենց կեանքին ընթացքին:

Ես միշտ ընդգծած եմ, թէ 21րդ դարուն յաջողելու համար հարկ է նախ բազմալեզու ըլլալ եւ բաց՝ աշխարհին հանդէպ, պէտք է բաց միտք ունենալ ի տես՝ մշակոյթներու տարբերութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ գործնական ձեւով որդեգրել լաւագոյն բաժինները եւ անոնց միջոցաւ կերտել նոր ինքնութիւն մը, որ կրնայ «հարստացնել» անձը:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Արդեօք պէ՞տք է դրուատել Շահ Աբբասը, որ բռնի կերպով եւ տեղահանութեամբ Պարսկաստան փոխադրեց շուրջ 400 հազար հայեր:

ՊՐՈՖ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՍԼԱՆԵԱՆ.- Ես այդպէս չէի ըսեր: Չմոռնանք, որ Շահ Աբբասն ալ իր նմաններուն պէս բռնակալ թագաւոր մըն էր: Այս պարագային այդ արարքը լաւ հետեւանքներ ունեցած է, հակառակ ջուղայեցիներու կրած չարչարանքներուն: Կ՛ենթադրեմ, թէ մեր պատմութեան մէջ պէտք է տեղ մը յատկացնել պարսկական Սէֆեւեաններու օժանդակութեան, որոնց շնորհիւ նորջուղայեցիները միջազգային յաջողութեան տիրացած են: Հարկ է նշել, թէ նոր ջուղայեցիներու եւ Սէֆեւեաններու միջեւ վստահութեան եւ ներդրումի փոխադարձ յարաբերութիւն մը գոյութիւն ունէր:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Հայ առեւտրականութիւնը եթէ վերացաւ, պատճառը նաեւ այն էր, որ ձեր նշած այդ նաւահանգստային ճամբաները գրաւուեցան եւ անոնց գործածութիւնը արգիլուեցաւ հայ վաճառականներուն: Ասիկա այլ պետութիւններէն կախեալ ըլլալու հարց մըն էր: Այս երեւոյթը ինչպէ՞ս կը բացատրէք:

ՊՐՈՖ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՍԼԱՆԵԱՆ.- Նախքան այդ, 1747-48 թուականներուն արդէն ջուղայեցիներուն համար յստակ էր, որ իրենց ցանցը լուծուած է, թէ իրենց կեդրոնը դարձած է վայրենի այլ բռնակալի մը թիրախը, յանձին Նադիր Շահին, որ փոխարինեց Սէֆեւեանները: Ան կործանեց Նոր Ջուղան եւ Սպահանը, պատճառ դառնալով տեղացիներուն թափառականութեան: Անկէ ետք շուրջ 20 տարուան ընթացքին առեւտրական ցանցը հետզհետէ ոչնչացաւ, եւ հայ վաճառականները մեծ կորուստներ կրեցին եւրոպական զանազան, Արեւելեան Հնդկաստանի ընկերութիւններէ (East India Companies), մանաւանդ անգլիական ընկերութենէն, որ գաղութատիրութեան ճամբան բռնած էր եւ տասնութերորդ դարու վերջին քառորդին տէրն ու տիրականը դարձաւ Հնդկաստանի: Չմոռանանք, որ այս ընկերութիւնները ոչ միայն աշխարհի առաջին «Joint stock corporation»ն էին, այլ հզօր եւ կեդրոնացած պետութիւններու օժանդակութիւնը կը վայելէին: Այս երեւոյթը եւ իրականութիւնը բաւական ծանօթ էին մեր ջուղայեցիներուն, ինչպէս Արեւելքի միւս բոլոր համայնքներուն, որոնք ականատես էին եւրոպացիներու «յաջողութիւններուն», թէ՛ առեւ-տրական, թէ՛ ալ ռազմական եւ քաղաքական (գաղութատիրական) դաշտէն ներս: Դատելով եւրոպական ընկերութիւններու այս յաջողութիւնները, կարելի է ըսել, որ ջուղայեցիները յանգեցան այն եզրակացութեան, թէ 1700ական թուականներու վերջաւորութեան յաջողութեան միակ միջոցը՝ կեդրոնացած պետութիւն մը ունենալն էր, որ կ’օժանդակէր անգլիական բազմազգեան (multinational) գործակցութեան:

Ջուղայեցիները առ այդ ստիպուած եղան իրենք զիրենք վերստին կազմակերպելու, այս անգամ ոչ որպէս առեւտրական համայնք, այլ իբրեւ արդի ազգի մը կորիզը եւ ատոր համար ալ սկսան հրատարակելու սահմանադրական գրութիւններ: Այս գիծով կարելի է Մատրասի մէջ Շահամիր Շահամիրեանի փայլուն օրինակը բերել:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Կարելի՞ էր երկու խօսքով ամփոփել «Որոգայթ Փառաց»ը:

ՓՐՈՖ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՍԼԱՆԵԱՆ.- Սահմանադրական առաջին գրութիւններէն մէկն էր «Որոգայթ Փառաց»ը, որ համաշխարհային տարբեր հոսանքներու ազդեցութեան արգասիքն էր եւ «ծնունդ առաւ» անգլիացիներուն գաղութը համարուող Մատրասի մէջ: Այնտեղէն ծովային ճամբով նորանոր գաղափարները կը հասնէին Եւրոպա եւ Ամերիկա: Կարելի է «Որոգայթ Փառաց»ը նկատել որպէս Հնդկաստանի մէջ լսուած կամ զգացուած Ամերիկեան յեղափոխութեան եւ սահմանադրութեան գաղափարին եւ մանաւա՛նդ ամերիկեան անկախութեան հռչակագիրին առաջին արձագանգներէն մէկը:

Վարեց՝ ժԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ