Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Հինգշաբթի՝ 24 ապրիլի առաւօտեան, Անթիլիասի մայրավանքում յատուկ հանդիսաւորութեամբ նշւեց Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի մէջ սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանը։ Յաւարտ Պատարագի, ներկայ ժողովուրդը համախմբւեց Մայրավանքի Նահատակաց մատռան շուրջ, որտեղ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսի։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետն իր պատգամն ուղղեց ներկայ հոծ բազմութեանը, որոնց շարքին էին Հ.Հ. դեսպանը, ներկայ եւ նախկին հայ երեսփոխաններ ու նախարարներ, քաղաքական երեք կուսակցութիւնների, ինչպէս նաեւ հայկական միութիւնների եւ կազմակերպութիւնների ներկայացուցիչները։

Ստորեւ մէջբերում ենք Վեհափառ Հայրապետի պատգամը.-

«99 տարիներ մեզ կը բաժնեն այն թուականէն երբ Օսմանեան թուրք պետութեան որոշումով, ծրագրումով ու գործադրութեամբ սկսաւ ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ։ Օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւնը նկատուող ներկայ Թուրքիան որքան ալ ուրանայ իր գործած ոճիրը, պատմական փաստացի տուեալներ յստակօրէն կը վկայեն հայոց ցեղասպանութեան պատմական անհերքելի իրողութիւնը ու անոր ետին կանգնող աշխարհաքաղաքական դրդապատճառները։

Այսօր, երբ հայ ժողովուրդը աշխարհի բոլոր կողմերը միասնական ոգիով ու ամուր վճռակամութեամբ կը յիշէ իր դէմ գործադրուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ արդարութիւն կը պահանջէ, ու միաժամանակ կը պատրաստուի նշելու ցեղասպանութեան 100-ամեակը, միջազգային համայնքը պէտք է անդրադառնայ, որ ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի հայ ժողովուրդին դէմ։ Այո՛, 24 Ապրիլ 1915-ին սկսած եւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ձգտող Թուրքիոյ ցեղասպանական ծրագիրը հայ ժողովուրդին դէմ կը շարունակուի զանազան ձեւերով ու միջոցներով…։

- Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ տակաւին անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը իր գործած ոճիրին նկատմամբ, երր անպատժելիութիւնը մերժող ու դատապարտող և արդարութիւնը շեշտող միջազգային օրէնքը ընդունած որոշ երկիրներ աշխարհաքաղաքական նկատումներով չեն ուզեր գլխացաւ պատճառել Թուրքիոյ։

- Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ տակաւին որպէս արդիւնք ցեղասպանութեան սփիւռքացած կը մնայ հայ ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը։ Արդարեւ, Ցեղասպանութեան Ուխտի երկրորդ յօդուածը յստակօրէն կը նշէ թէ ցեղասպանութիւն է երբ ժողովուրդ մը արմատախիլ կ'ըլլայ իր հողերէն, դառնալով հայրենազուրկ ու ենթակայ ֆիզիքական կորստեան։ Ինչո՞ւ լուռ կը մնան Ցեղասպանութեան Ուխտը ստորագրած եւ այլ պարագաներուն անոր գործադրութեան այնքան խստապահանջ 145 պետութիւններէն շատե՜ր…։

- Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը Արեւեմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ պատմական հողերուն վրայ ծրագրուած ու հետեւողական կերպով կը քանդուի ցեղասպանին կողմէ՝ մեր պապերու արիւնով ու քրտինքով շաղախուած հողերուն վրայ հայութեան հետքերը ամբողջութեամբ բնաջնջելու ոճրային հեռանկարով։ Ինչո՞ւ անտարբեր կը մնայ մշակութային արժէքներու պահպանութեան գծով այնքան բծախնդիր Իւնեսքօն…։

- Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ մեր եկեղեցիներն ու վանքերը մզկիթի, ճաշարանի, գործատեղիի կամ զբօսավայրի կը վերածէ նոյն ցեղասպանը. իսկ միւս կողմէ, արեւմտեան աշխարհին ժողովրդավարութեան ու խղճի ազատութեան կեղծ դիմակով ներկայանալու ճիգով, մի քանի եկեղեցիներ թանգարանի կը վերածէ։

- Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ թուրք պետութիւնը անցեալէն ժառանգուած "լքեալ կալուածներ"ու թղթածրարը յաջորդական նոր որոշումներով ամրագրած, տակաւին բռնագրաւեալ կը պահէ մեր հազարաւոր եկեղեցիները, վանքերը, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածները ու մեր ժողովուրդի սեփական տուները, կալուածներն ու ինչքերը։ Միթէ միջազգային օրէնքի պաշտպան երկիրներ չե՞ն գիտեր թէ կալուածներու բռնագրաւումը դէմ է միջազգային օրէնքի։

- Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ Թուրքիան իրեն գործակից ու ցեղասպանակից եղբօր Ազրպէյճանի հետ միասին տնտեսական շրջափակումի կ՜ենթարկէ Հայաստանը, այս ձեւով իր քաղաքական կամքը պարտադրելու Հայաստանի Հանրապետութեան ու ամբողջ հայութեան։

- Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ զօրաշարժի ենթարկելով իր քաղաքական, դիւանագիտական ու տնտեսական լայն միջոցները, Թուրքիան վերանորոգ թափով կը շարունակէ իր հակահայ քարոզչական արշաւը։

- Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ Թուրքիան նոր Օսմանեան կայսրութիւն մը հաստատելու իր ակնյայտ ծրագիրը հետապնդելով, վարձկաններու ձեռքով կը փորձէ բնաջնջել հայկական ներկայութիւնը Տէր Զօրի, Եագուպիէի, Թէլապյէտի, Ռաս-ուլ-Այնի եւ վերջերս Քէսապի մէջ. եւ հաւատարիմ իր ցեղային նկարագրին, մեր ժողովուրդի տուները ու կալուածները կը բռնագրաւ է եւ մեր զաւակներուն սեփականութիւնը եղող ընտանեկան ու անձնական իրեր բեռնակարգերով կը փոխադրէ Թուրքիա՝ յիշեցնելով 1915-ի ջարդերը, տեղահանութիւնը, գաղթականութիւնը ու թալանը… եւ սա՝ 21-րդ դարուն աշխարհի աչքերուն դիմաց…։

- Վերջապէս, ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ Թուրքիան ո՛չ միայն կը մերժէ ճանչնալ իր ծրագրած ու գործադրած ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ պատմութիւնը եղծելով «դաւաճան» ու «անհաւատարիմ» որակումներով կը փորձէ ներկայացնել հայ ժողովուրդը, որ այնքա՜ն կարեւոր դեր էր ունեցած Օսմանեան կայսրութեան բարեծաղկման մէջ, յատկապէս տնտեսական մարզէն ներս։

Ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ Թուրքիայէն միջազգային դատարանին առջեւ։

Ինչո՞ւ արաբական աշխարհը անտարբեր կը մնայ Միջին Արեւելքէն ներս Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութեան ու ծաւալապաշտ քաղաքականութեան նկատմամբ։

Ինչո՞ւ միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ անպատժելիութեան վկայագիր շնորհել Թուրքիոյ՝ անտեսելով մարդկային, բարոյական ու իրաւական արժէքներն ու սկզբունքները։

Երէկ գիշեր կարդացինք Ապրիլ 24-ի առիթով թուրքիոյ վարչապետին «պատգամը» ուղղուած հայութեան: Արդարեւ, պատմական դէպքերու չարափոխութիւնը չի կրնար յաղթահարել պատմութեան անհերքելի ճշմարտութիւնը: Ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915 թուականին թուրքիոյ մէջ, պատերազմի հետեւանքով պատահած դէպքեր չէին, պարոն վարչապետ, այլ` ցեղասպանութիւն էր հայ ժողովուրդին դէմ բառին իրաւական ու քաղաքական հասկացողութեամբ. Ցեղասպանութիւն՝ կազմակերպուած ու գործադրուած քու նախահայրերուդ, Թալեաթ Փաշաներու ու էնվերներու կողմէ իմ նախահայրերուս դէմ: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը ցաւակցութիւն ու բարոյախօսութիւն չէ որ կը սպասէ թուրքիոյ պետութենէն, այլ` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը կը պահանջէ:

Արդ, արթուն՝ եղիր, ժողովուրդ հայոց, ցեղասպան նո՛յն Թուրքիան է որ զանազան դիմակներով կը ներկայանայ աշխարհին եւ երբեմն քաղցր ու երբեմն կարծր լեզուով, երբեմն դիւանագիտական մօտեցումով ու երբեմն սպառնալիքով կը փորձէ մոլորեցնել հանրային կարծիքը հայ ժողովուրդի արդար դատին նկատմամբ։

Հակառակ Թուրքիոյ հետզհետէ ծաւալող հակահայ քարոզչական արշաւին, մենք պէտք է մնանք աւելի քան երբեք պահանջատէր՝ ցեղասպանէն ու միջազգային համայնքէն պահանջելով հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը։

Այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ պէտք է կազմակերպենք ու արժեւորենք հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, միասնականութիւնը ու վճռակամութիւնը դարձնելով մեր պահանջատիրական պայքարին մղիչ ուժը»: