Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ անմիջապէս որ իմացաւ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ջերմօրէն կ'ողջունենք այս եզակի իրագործումը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մեր հաւաքական պայքարի ճանապարհին վրայ: Արդարեւ, այս գծով կարեւոր դեր ունեցան Միացեալ Նահանգներու հայ դատի մարմինները ու յատկապէս Ուաշինկթընի մէջ գործող հայ դատի գրասենեակը: Անցնող տարիներու ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ մենք այցելած ենք յիշեալ գրասենեակը եւ քաջալերած ենք հայ դատի նուիրեալներուն աշխատանքը եւ մեր հայրապետական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցած: Նաեւ հանդիպումներ ունեցած ենք հայ ժողովուրդի ու յատկապէս հայ դատի բարեկամ պետական պատասխանատուներու հետ: Ահա թէ ինչու մենք յատուկ ուրախութեամբ կ'ողջունենք այս կարեւոր նուաճումը, որ հետեւանքն է հաւաքական ու հետեւողական աշխատանքի»:

«Այս ուրախ առիթով, մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին՝ այն սպասումով, որ ներկայացուցիչներու տունէն եւ ծերակոյտէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւս վճռական քայլ մը առնէ այս ուղղութեամբ»:

«Փառք ու յարգանք իր բռնաբարուած իրաւունքներու պայքարին նուիրուած հայ ժողովուրդին»: