Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ բացայայտած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ աղմկայարոյց նոր արխիւային փաստաթուղթ մը, որ հրապարակուած է Պոլսոյ «Ակօս» թերթին մէջ:

Թաներ Աքչամի ներկայացուցած արխիւային փաստաթուղթը գրուած է թրքական բանակի հրամանատարներէն Մահմուտ Քեամիլ փաշային կողմէ եւ կը կրէ երկրի ներքին գործոց նախարարութեան կնիքը:

1915ի Յուլիս 24ին գրուած հեռագիրը քննուած է 1919-1921ին «Իթթիհատ վէ Թերաքի»ի պարագլուխներու՝ Պոլսոյ մէջ կայացած դատավարութիւններուն ընթացքին: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ բնակչութեան կոտորածներուն վերաբերեալ հայցին մեղադրական թղթապանակներուն մէջ տեղ գտած այս հեռագիրով, Մահմուտ Քեամիլ փաշան զգուշացում մը կը յղէ Օսմանեան կայսրութեան զանազան շրջաններու տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, թէ իրենց տուներուն մէջ հայեր թաքցնող մահմետականները նոյնպէս պիտի պատժուին:

Հայերուն օգնող մահմետականներուն իրենց տան դիմաց կախաղանով սպառնացող Մահմուտ փաշան կը պահանջէ նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն՝ ուշադիր հետեւիլ իրավիճակին:

Հեռագիրին ամբողջական թարգմանութիւնը՝ ստորեւ.

«Մենք պարզած ենք, որ որոշ գիւղերու եւ աւաններու մէջ մահմետականները կը թաքցնեն հայերը: Կառավարութեան որոշումներուն դէմ երթալով՝ իրենց տուներուն մէջ հայեր պահողներուն տուները պէտք է աւերել, իսկ իրենց՝ կախաղան բարձրացնել՝ իրենց իսկ տան դիմաց: Կատարեցէք կարգադրութիւնները, եւ տեղահանութեան դատապարտուած նոյնիսկ մէկ հայ տեղը չմնալու խնդիրը անմիջապէս որ կատարուի՝ տեղեկացուցէ՛ք մեզ: Կրօնափոխուելով մահմետականացած հայերը նոյնպէս պէտք է տեղահան ըլլան: Եթէ զանոնք պատսպարողները զինուած ուժերու ներկայացուցիչներ են, ապա զինուորական ծառայութեան հետ անոնց կապերը պիտի խզուին, իսկ եթէ ղեկավար պաշտօնի զինուորականներ են՝ պիտի զրկուին պաշտօնէ եւ պիտի կանգնին ռազմական դատարանի առջեւ»:

Օսմաներէնով գրուած այս հեռագիրը տառադարձուած է նաեւ հայատառ թրքերէնով:

Մահմուտ փաշան այս նիւթին վերաբերեալ հեռագիր մը յղած է նաեւ աւելի ուշ՝ նոյն թուականի Օգոստոս 1ին, եւ որոշ յաւելումներ կատարած է նախորդ հրամանին մէջ:

Երկրորդ հեռագիրին մէջ հրամանատարը կ՛ընդգծէ, որ կարգադրութիւնը պէտք չէ վերաբերի պետութեան անմիջական հսկողութեամբ մահմետական ընտանիքներուն բաժնուած հայ կիներն ու որբերը իրենց տուները պահողներուն: Նամակին վերջաւորութեան Մահմուտ Քեամիլ կ՛աւելցնէ. «Ո՛ր կրօնէ կամ ազգութենէ ալ ըլլան, հայերը թաքցնողները պէ՛տք է մահապատիժի արժանանան»:

Նշենք, որ վերջերս, պատմաբան Թաներ Աքչամ այլ կարեւոր փաստաթուղթ մը հրապարակած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ատեն «Իթթիհատ վէ Թերաքի»ի անդամներուն վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ: Անիկա 1915ի Յուլիս 4ին յղուած է Էլեազըղի (Խարբերդ) նահանգապետ Սապիտ պէյին՝ «Իթթիհատ վէ Թերաքի»ի Էլեազըղի ներկայացուցիչ Նազըմ պէյին փոխանցելու խնդրանքով: Հեռագիրին մէջ հարցում յղուած է տարածքէն տեղահան եղող հայերուն մասին. «Այդ վնասակար տարրերը միայն կը տեղահանուի՞ն, թէ նաեւ կ՛ոչնչացուին… Կը խնդրենք, որ բացայայտօրէն տեղեկացնէք մեզ, եղբա՛յր», կ՛ըսուի երիտթուրք պաշտօնեաներէն՝ Պահաէտտին Շաքիրի կողմէ գրուած այս նամակին մէջ: