Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Թուրք լրագրող, սիւնակագիր եւ «Սի.Էն.Էն.»ի թրքական ծառայութեան համախմբագիրներէն՝ Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի նախկին աշխատակից Սերտար Քորուճու, Mylittleworldtour.com կայքին վրայ Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրերուն մասին պատմող իր յօդուածաշարքին մէջ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր իր այցելութեան եւ իբրեւ թուրք ու Թուրքիոյ քաղաքացի՝ իր ունեցած տպաւորութիւններուն, կը հաղորդէ «Թերթ» լրատուական կայքը:

«Ի՞նչ կը սպասէ ձեզի, երբ ներս մտնէք: Եկէք մենք չըսենք: Գացէ՛ք եւ դո՛ւք տեսէք: Կարդացէ՛ք մարդկային պատմութիւնները, նայեցէք լուսանկարներուն մէջ գտնուողներու աչքերուն, դէմքերուն: Ատկէ ետք բարձրացէք դէպի յուշակոթող: Պահ մը կտրուեցէք ամէն ինչէն: Ձեր լսած, կարդացած եւ սորված ամէն ինչէն: Միայն փորձեցէք դուք ձեզ զգալ կանգնած այն մարդոց դիմաց, որոնք ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ՝ իրենց իսկ հայրենիքին մէջ կոտորուեցան, Սուրիոյ անապատները քշուելով։ Անոնք ոչնչացուած են միայն անոր համար, որ հա՛յ էին: Պատկերացուցէք կիները, երեխաները, տարեցները: Պատկերացուցէք, որ անոնց յուշերուն մօտ եկած էք, եւ մի մոռնաք, որ հոս վառող կրակը ոչ միայն յուշակոթողի մէջտեղն է, այլեւ՝ հարազատ կորսնցուցած ամէ՛ն ընտանիքի սիրտին մէջ: Քանի մը մեխակ դրէք, բաւակա՛ն է: Յամենայնդէպս, առաջին այցելութեան համար բաւարար է», գրած է Քորուճու:

Իր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ ան նշած էր, որ եթէ մարդիկ կարենան յաղթահարել իրենց գլխուն շուրջ դրուած «փոքրիկ սահմանները», ապա կը տեսնենք որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը այդքան ալ էական չէ:

«Շատ կը ներէք, բայց կը հաւնի՛ք, թէ ոչ, կը հաւատա՛ք, թէ ոչ, ծանօթ էք թէ ոչ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը այս երկրին մէջ վէրք մըն է», գրած էր Քորուճու: