Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Ամերիկեան ամենահին ու յարգուած թերթերէն՝ «Նէյշըն»ի մէջ, Փիեթրօ Շաքարեան անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմին եւ նշած, որ անիկա «պիտի բացայայտէ պատմութեան ամէնէն ողբերգական էջերէն մէկը, որ անամօթաբար ուրացուած է չափազանց երկար ժամանակ»:

Ներկայացնելով 20րդ դարասկիզբի ողբերգական դէպքերուն ժամանակագրութիւնն ու սահ-մռկեցուցիչ մանրամասնութիւնները՝ յօդուածագիրը կը մէջբերէ ամերիկացի դիւանագէտ Լուիս Այնըշթայնի կողմէ 1920ին նոյնինքն «Նէյշըն»ի մէջ հրապարակուած նիւթէն հատուած մը, ուր գրուած է. «Հայերէն աւելի ո՛չ մէկ ազգ տանջուած է թրքական կառավարութեան իրականացուցած սպանութիւններու դիւային քաղաքականութեան հետեւանքով»:

Ապա անդրադառնալով ամերիկացի բեմադրիչ Թերի Ճորճի «Խոստումը» ֆիլմին՝ հեղինակը կը գրէ. «Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ֆիլմ նկարահանելը դիւրին գործ չէ, սակայն այս մէկը տուեալ նիւթով պատրաստուած լաւագոյն ֆիլմն է՝ հզօր դերասանական կազմով, տպաւորիչ տեսարաններով եւ ճշմարտացի պատմութեամբ»:

Շաքարեան նաեւ կը գրէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ֆիլմ պատրաստելու բազմաթիւ փորձեր՝ տարբեր տարիներու, տարբեր պատճառներով ձախողած են Հոլիվուտի մէջ, աւելի կարեւոր դարձնելով հանգուցեալ Գըրգ Գըրգորեանի ջանքերով իրականացած «Խոստումը» ֆիլմին իրականացումը:

««Խոստումը» ֆիլմին գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկն է այն, որ ֆիլմը կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան բոլոր կողմերը՝ առանց աղաւաղելու ժամանակագրութիւնը, դէպքերու աշխարհագրութիւնն ու պատմական իրողութիւնը: Գովելի է, որ կարօտախտի եւ տառապանքի հետ մէկտեղ, ֆիլմի գլխաւոր թեմաներէն է նաեւ քաջութիւնը», կը շարունակէ յօդուածագիրը:

Ան նաեւ կը նշէ, որ «Խոստումը» Ցեղասպանութեան մասին այն հոլիվուտեան ֆիլմն է, որուն հայերը երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէին: «Վստահ եմ, որ ֆիլմը դիտելէ ետք, շատ հայեր պարզապէս պիտի ըսեն՝ «ապրի՛ս»», կ՛եզրափակէ Շաքարեան:

Շաքարեանի սոյն յօդուածին անդրադառնալով՝ «System of a Down»ի մեներգիչ Սերժ Թանգեան նշած է, որ անիկա «կատարեալ յօդուած մըն է «Խոստումը» ֆիլմին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային մասին»: