Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արժանթինի Քաթամարքա նահանգը եւս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու դէմ գալով ժխտումի քաղաքականութեան՝ որոշեց Ապրիլ 24 թւականը ճանչնալ որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յարգանքի օր։

Նշենք, որ Արժանթինի կառավարութիւնը Դեկտեմբեր 13, 2006ին, իբրեւ օրէնք ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը, եւ անկէ ի վեր, Արժանթինի 17 նահանգներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։