Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԳԱՀԻՐԷ, «Յուսաբեր».- Եգիպտական «Եոմ էլ Սապեհ» («Եօթներորդ օր») թերթի կայքէջը Յուլիս 25ին արձագանգեց խորհրդարանի անդամ, լրագրող Մուսթաֆա Պաքրիի նախաձեռնութեան, որ 336 պատգամաւորի ստորագրութիւնները կրող որոշման նախագիծ մը ներկայացուցած է խորհրդարանին, պաշտօնապէս ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան գործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, միաժամանակ կոչ ուղղելով ՄԱԿի ու այլ միջազգային կազմակերպութիւններու, որ հարկաւոր իրաւական միջոցներուն դիմեն՝ ճանչնալու այս ոճիրն ու անոր հետեւանքները:

Ըստ տեղեկատուութեան, Պաքրի անհրաժեշտ նկատած է դատապարտումը հայոց դէմ 1915էն 1922 կատարուած օսմանեան կոտորածներուն, որոնք խլեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ քաղաքացիներու կեանք, նկատելով, որ այս ոճիրը անզէն ժողովուրդի մը դէմ զանգուածային ոչնչացում է:

Միւս կողմէ, Հանրապետական ժողովուրդ կուսակցութեան Խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ պատգամաւոր Մոհամմէտ Սալահ Ապու Հըմելա իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Պաքրիի փաստաթուղթին, պարզելով, որ Թուրքիա էութեամբ գաղթատիրական պետութիւն է եւ պետութիւններու դէմ մեծ ոճիրներ գործած:

Ան «Եոմ էլ Սապեհ»ին ըսած է, որ Թուրքիա թշնամական քաղաքականութիւն կը վարէ եգիպտացի ժողովուրդին, եգիպտական պետութեան ու անոր նախագահին հանդէպ, միշտ յարձակման թիրախ կ՛ընտրէ Եգիպտոսը, ձգտելով վարկաբեկել զայն, ինչ որ եգիպտական խորհրդարանին կը թելադրէ շարժման անցնիլ՝ հակազդելու Եգիպտոսի դէմ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն:

Իր հերթին, խորհրդարանի անդամ Սիւզի Նաշետ նոյն թերթին հաստատած է, որ հայոց դէմ Թուրքիոյ իրագործած Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած պատմական ոճիր է, որ անժամանցելի է, ու շեշտած է այս ոճիրի ճանաչման կարեւորութիւնը եգիպտական խորհրդարանին կողմէ:

Ան նկատած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը խորհրդարանին կողմէ մեծապէս պիտի ազդէ միջազգային համայնքին առջեւ Թուրքիոյ դիրքին, հաւաստելով Թուրքիոյ ոճիրները այս ժողովուրդին հանդէպ:

Պատգամաւոր Ֆայէզ Պարաքաթ յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խորհրդարանական որոշման նախագիծի ստորագրութիւնները եգիպտական պետականութեան դէմ թրքական իշխանութիւններու սահմանազանցութիւններուն եւ ներքին գործերուն միջամտելու հետեւողական փորձերուն հակադարձելու փորձ մըն են, աւելցնելով, որ այդ ստորագրութիւններն ուղերձ են Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայյիփ Էրտողանին, որ «կարող են երկաթէ բազուկով հարուածել բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն միջամտել գործերուն»: