Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Թուրքիան հերթական անգամ ջղաձգութեան մէջ ինկած է, ինչ որ դարձած է գրեթէ ամենամեայ վարժանք` իր մութ անցեալի մասին ճշմարտութիւնը լսելու պատճառով: Այս անգամ երկիրը ետ կանչած է Պեռլինի մէջ իր դեսպանը եւ սպառնացած է, որ Հինգշաթի օրը Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէ ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ, ըստ tert.am-ի՝ կը գրէ The New York Times-ը իր խմբագրականին մէջ:

«Թուրքիան կ՛ընէ ասիկա ամէն անգամ, երբ որեւէ օտար երկիր կը համարձակի չհամաձայնելու իր վարկաբեկուած պնդումներուն հետ, թէ հայերը զոհուած են Առաջին համաշխարհային պատերազմի դաժան հանգամանքներուն պատճառով եւ ոչ ժողովուրդը վերացնելու կանխամտածուած փորձի հետեւանքով:

«Ո՛չ, ատիկա ցեղասպանութիւն էր, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Պատմաբանները հիմնաւոր կասկածէ դուրս հաստատած են, որ 1,5 միլիոն հայ միտումնաւոր սպաննուած է կամ ուղարկուած մահուան երթի 1915-1916 թուականներոին փլուզուող Օսմանեան կայսրութեան կողմէ` վախնալով, որ անոնք եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններ կրնան պատերազմի ընթացքին կանգնիլ Ռուսիոյ կողքին»,- կը գրէ թերթը:

«Ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած միլիոնաւոր հայերու համար ճանաչման հասնիլը, որ կոտորածները ցեղասպանութիւն էին` կանխամտածուած ոճրագործութիւն եւ ոչ կողմնակի վնաս, երկար եւ  կրքոտ ազգային առաքելութիւն մը եղած է, որուն արդիւնքը եղած է աւելի քան 20 երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը:

«Հայերը լիովին արդար են պատմական պատասխանատուութեան իրենց ձգտումին մէջ: Բայց որքան շատ աշխարհը կը ճանչնայ զայն, այնքան աւելի յարձակողական կը դառնայ Թուրքիան: Քանի մը տարի առաջ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դեռ յարաբերականօրէն լայն հայեացքներու տէր վարչապետ էր, ան պատրաստ կը թուէր Հայկական հարցի վերաբերեալ աւելի հաշտուողական դիրքորոշում ստանձնելուն: Ատիկա տեղի չունեցաւ, եւ աւելի ու աւելի բռնակալական դարձող Էրդողանը նախազգուշացուց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերկելը, որ Գերմանիոյ հետ «դիւանագիտական, տնտեսական, առեւտրային, քաղաքական եւ ռազմական» յարաբերութիւնները կը վնասուին բանաձեւի ընդունման պարագային:

Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի կարեւոր դաշնակիցն է Միջին Արեւելքի ցնցումներուն, եւ յատկապէս կարեւոր է Գերմանիոյ եւ Եւրոմիութեան համար, որոնք կը փորձեն կանգնեցնել սուրիացի փախստականներուն հոսքը:

Մերքել ներկայ չէ եղած քուէարկութեան, թէեւ ան դէմ չէ եղած ատոր:

ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպաման, որ 2008 թուականին նախագահի թեկնածու ըլլալու ժամանակ խոստացած է 1915 թուականի դէպքերը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալ, այդպէս ալ չիրագործեց զայն:

«Հայերու եւ ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցներուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն հասցուած վնասի պատասխանատուութիւնը թուրքերուն մեծամասնութեանն է, որ կը հրաժարի ճանչելէ իր պատմութեան մութ կէտը, եւ ոչ անոնցը, որոնք կը ձգտին յիշատակել ողբերգութիւնը:

«Գերմանացիները, որնոք հիանալի կերպով առերեսուած են իրենց իսկ պատմութեան սարսափելի ցեղասպանութեան, ճիշդ քայլ ըրին` չենթարկուելով Էրտողանի սպառնալիքներուն»,- կը գրէ թերթը: