Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող 14 կազմակերպութիւններ միացեալ նամակով մը դիմած են «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ», «Ֆիլատելֆիա Ինքուայըրըր» եւ «Շիքակօ Թրիպիւն» թերթերուն, որ ներողութիւն խնդրեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող ծանուցումներ հրատարակելու իրենց որոշումին համար, միաժամանակ՝ պահանջելով անոնցմէ, որ վերատեսութեան ենթարկեն ծանուցումներու առնչուող իրենց օրէնքները, որպէսզի նման անընդունելի սխաներ չկրկնուին ապագային։

Պոլիս հաստատուած «Թըրքիք Փլեթֆորմ» հիմնարկը Ապրիլ 20էն սկսեալ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած էր՝ նշեալ եւ այլ թերթերու մէջ ամբողջական էջերով ծանուցումներ գնելու, ինչպէս նաեւ վահանակներու վրայ իրենց ժխտողական պատգամները զետեղելու համար։

Կարգ մը թերթեր, ներառեալ՝ «Սան Հոզէի Մըրքըրի Նիուզ»ը, արդէն իսկ ներողութիւն խնդրած են նման ծանուցումներու տեղ տալու որոշումին համար՝ խոստանալով վերատեսութեան ենթարկել իրենց ծանուցումներու օրէնքները։ Բողոքներուն տեղի տալով՝ Շիքակոյի, Պոսթընի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ վահանակներու վրայ զետեղուած պատգամները վերցուած էին։

Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողքին, վերոնշեալ միացեալ նամակը ստորագրած կազմակերպութիւններն են՝ Փոքր Ասիոյ եւ Պոնտոսի յոյներու ուսումնասիրական կեդրոնը, «Քարլ Ուաթքինզ» հիմնարկը, Տարֆուրի միջկրօնական ցանցը, Ցեղասպանութեան դէտը, Յոյն-Ամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը, Քրիստոնեաներու պաշտպանը, Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը, Հրէական համաշխարհային դէտը, Տարֆուրի ի նպաստ ուսանողական մարմինը (STAND), «Վերջ ցեղասպանութեան, հիմա՛»ն, «Պահանջ՝ գործնական քայլերու»ն, «Միասնաբար կը յիշենք»ը եւ «Միասնաբար վերջ տանք ցեղասպանութեանց»ը։