Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը յատուկ առաքելութեամբ ժամանեց Կիլիկիա։ Մուսա լերան ստորոտը գտնուող Վագըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Պոլսոյ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Թաթուլ վրդ. Անուշեանի ձեռամբ նախ մատուցուեցաւ պատարագ Համահայկական խաղերու յաջող մեկնարկին եւ ընթացքին համար: Ապա, եկեղեցւոյ մոմերէն Համահայկական խաղերուն ջահը վառելու պատիւը վերապահուեցաւ խաղերու հիմնադիրներէն ամերիկահայ բարերար Ալպէր Պօյաճեանին: Այս մասին կը հաղորդէ Համահայկական խաղերու կոմիտէն:

Ըստ ՀԽՀԿ փոխնախագահ Ռոլանտ Շառոյեանի՝ այս արարողութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը աշխարհի որ ծայրն ալ գտնուի, իր հաւաքական միտքը ուղղուած պիտի ըլլայ հայրենիքը միասնութեան միջոցով պահելուն, պահպանելուն ու զարգացնելուն:

«Կեանքը ցոյց տուած է, որ երբ կորսնցուցած ենք, կորսնցուցած ենք պառակտուածութեան իբրեւ արդիւնք, եւ հիմա ճիշդ ժամանակն է, որ գոնէ վերագտնենք մենք մեզ եւ ըլլանք իսկապէս պահանջատէր ու հասնինք գոնէ կորուստի նուազագոյն վերականգնման գործընթացին», նշեց Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան:

Վառած կրակը Մուսա լերան գագաթը հասցնելու իւրատեսակ յաղթարշաւի բոլոր այլ մանրամասնութիւնները պիտի ցուցադրուին Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան ընթացքին: ՀԽՀԿ կոմիտէի անդամ Պերճ Հալաճեան ջահի վառման եւ տեղի ունեցած իրադարձութեան վերաբերեալ ըսաւ. «Բախտ ունեցանք այսօր, այս սերունդի մարդիկը, տեսնելու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս սերունդը տէրն է այս գործին եւ հայապահպանման այս պահուն»:

Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ պատմական Կիլիկիոյ բերդեր՝ Լեւոն Բ. թագաւորի բերդը եւ մայրաքաղաք Սիսի միջնաբերդը:

Համահայկական 7րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Օգոստոսին: Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ, 6 Օգոստոսին: