Աղբիւր՝ www.yerakouyn.am

Al Jazeera միջազգային լրատուամիջոցը անդրադարձած է Արցախը ականազերծող կանանց: Հեղինակ Էվա Քլիֆորտ կը պատմէ, որ կանայք այստեղ, անտեսելով կնոջ «աւանդական դերերը», կրնան գումար վաստակել իրենց ընտանիքներուն համար, ինչպէս նաեւ մեծ ծառայութիւն մատուցել հանրութեան:

«Բերձորի հովտին մէջ տեղեկայուած կայանին մէջ Նարինէ Ասատրեան պատմեց ինծի, որ երբ ական կը յայտնաբերէ աննկարագրելի զգացողութիւններ կ՛ունենայ», – կը գրէ հեղինակը, աւելցնելով, որ Նարինէն Արցախի մէջ ականազերծման գործունէութեամբ զբաղուող The HALO Trust կազմակերպութեան ականազերծողներէն է:

Կազմակերպութեան ականազերծողներէն Ինգա Աւանեսեան պատմած է ականազերծման դժուարութիւններու մասին: Անոր խօսքով, յաճախ կ՛աշխատին ծայրայեղ եղանակային պայմաններու մէջ:

Հեղինակը կը գրէ, որ Արցախի բնակիչները «պատերազմի հետքերէն» տասնամեակներ շարունակ մեծ վնասներ կրած են: