Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Իր քաղաքականութեամբ եւ կեցւածքով մարդկութեան օգուտ տւող երկիրը՝ «լաւ երկիր» է: Կան երկիրներ, որոնք բեռ են մարդկութեան համար, եւ կան երկիրներ, որոնք ցանկին վրայ գրաւած են միջին հորիզոնականները:

163 երկիր ներառնող հետազօտութեան արդիւնքով Հայաստան գրաւած է 75րդ տեղը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»ը:

«Լաւ երկիր» (Good Country) եզրը հեղինակած է East Anglia բրիտանական համալսարանի պատւաւոր փրոֆեսոր Սայմըն Անհոլթը, որ անցեալ երկու տասնամեակներուն համագործակցած է աւելի քան 50 պետութիւններու նախագահներու եւ վարչապետներու հետ, այցելած է բազմաթիւ քաղաքներ, շրջաններ եւ գաւառներ:

Այդ քսան տարիներու աշխատանքին իբրեւ արդիւնք ծնած է «Լաւ երկիր»ի ցուցակ կազմելու գաղափարը: Մարդկութեան կեանքին մէջ առանձին երկիրներու դերին մասին հինգ գիրքերու հեղինակ Անհոլթ՝ իր գործընկերներուն հետ, 2005էն սկսեալ կը հաշւարկէ «Լաւ երկիր»ի ցուցանիշները:

Նշենք, որ ցուցակը հաշւի չառներ տւեալ երկրի մը ներքին քաղաքականութիւնը, որովհետեւ վերլուծական կեդրոնները ամէն տարի այդ նիւթով կը հրապարակեն բազմաթիւ մանրամասն զեկոյցներ:

Ցուցակը հաշւարկելու համար փորձագէտները կօգտագործեն 35 հետազօտութիւններու տւեալները, որոնց մեծ մասը կը տրամադրէ ՄԱԿը:

Մասնագէտները այդ տւեալները կը տեղաւորեն ըստ եօթը հիմնական բնագաւառի՝ գիտութիւն եւ ճարտարագիտութիւն, մշակոյթ, միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն, աշխարհակարգ, մոլորակ եւ կլիմայ, բարգաւաճում եւ հաւասարութիւն, առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն:

Օրինակ՝ կրթութեան եւ ճարտարագիտութեան բնագաւառին մէջ հաշւի կառնւին տւեալ պետութեան մէջ ուսանող օտար ուսանողներու, դուրսէն ստացւող գիտական հանդէսներու, արտասահմանեան պարբերականներու մէջ այդ երկրի գիտնականներուն հրապարակած յօդւածներուն եւ, վերջապէս, այդ երկրէն Նոպէլեան մրցանակակիրներուն թիւը:

Խաղաղութեան բնագաւառին մէջ հաշւի կառնուին այդ երկրէն միջազգային իրաւագիրով թէժ գօտիներու վրայ ծառայող խաղաղապահներուն թիւը:

Մշակոյթի բնագաւառին մէջ հաշուի կառնւին համագործակցութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕի հետ, այդ երկրէն արտածւող հեղինակային ծրագիրները եւ ծառայութիւնները եւ մամլոյ ազատութեան մակարդակը:

Ցուցակին նպատակն է նախաձեռնել քննարկում, որուն թեման առանձին երկիրներու պիտանելիութիւնն է ամբողջ աշխարհի տեսակէտէն: Հաշւի կառնւին բազմաթիւ կարեւոր այլ գործօններ, ներառեալ՝ տւեալ երկիրներուն մէջ բարեգործութեան մշակոյթը եւ բնութեան պաշտպանութիւնը:

Հայաստանի տւեալները՝ գիտութիւն եւ ճարտարագիտութիւն՝ 56րդ տեղ, միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն՝ 136, աշխարհակարգ՝ 104, մոլորակ եւ կլիմայ՝ 108, բարգաւաճում եւ հաւասարութիւն 48, մշակոյթ՝ 103, առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն՝ 31:

Այդ բոլորին իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստան ընդհանուր հաշիւով դարձած է մոլորակի 75րդ «Լաւ երկիր»ը՝ զիջելով Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ, սակայն յառաջ անցնելով Ատրպէյճանէն, որ 89րդ տեղն է:

Մոլորալի «Ամենալաւ» երկիրներն են՝ Հոլանտա, Զուիցերիա եւ Դանիա: Իսկ 163 երկիրներէն վերջին երեք տեղերը գրաւած են Իրաք, Լիպիա եւ Աֆղանիստան։