Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Հայաստանի Ազգային ժողովը 5 Հոկտեմբերին ընդունած է «Հայաստանի նախագահի համար ընդունելի առաջարկների հիման՝ Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնների նախագիծը հանրաքուէի դնելուն համաձայնութիւն տալու մասին ԱԺ որոշման նախագիծ»ը: Որոշման թեր քուէարկած են 104, դէմ՝ 10, ձեռնպահ՝ 3 պատգամաւոր: Նշենք, թէ, հակառակ անոր որ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան յայտարարեց, որ թեր քուէարկած է 104 պատգամաւոր, ցուցատախտակին վրայ թեր եղողներուն թիւը 103 էր:

Նշենք, որ քուէարկութեան նման պատկեր կանխատեսելի էր՝ հաշուի առնելով այն փաստը, որ Սահմանադրական բարեփոխումներուն աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են խորհրդարանական երեք ուժեր՝ իշխանական ՀՀԿն, «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Նախագիծին դէմ են ՀԱԿն ու «Ժառանգութիւն»ը, որովհետեւ անոնք  այդ օրէնքը կը նկատեն սեփական վերարտադրութիւնը ապահովելու իշխանութիւններու փորձը:

Մինչ այդ կառավարութեան շէնքին դիմաց հաւաքուած էին սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ արտայայտուող «Ո՛չ»ի ճակատի համակիրները: