Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

28 Օգոստոսի առաջին ժամերուն (1:40), Լեռնային Ղարաբաղի արեւելեան սահմանին վրայ ատրպէյճանական բանակի 20-25 հոգինոց յատուկ ջոկատ մը ներթափանցման հերթական փորձ կատարած է: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ պաշտպանութեան բանակի սահմանապահները յաջողութեամբ կասեցուցած են այս փորձը եւ ետ մղած են յատուկ ջոկատայինները: Թշնամին ունի կորուստներ:

Նոյն աղբիւրը նշած է, որ 27էն 28 Օգոստոս լուսցող գիշերը ատրպէյճանական կողմը տարբեր զինատեսակներով զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է մօտաւորապէս 110 անգամ՝ արձակելով աւելի քան 2000 կրակոց: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ հայկական ուժերը պիտի շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը կատարել: