Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Նոր տեղեկացանք ֆրանսական կառավարութեան Յուլիս 2 թուակիր շրջաբերականին մասին, որ մեզ մտահոգող բովանդակութիւն ունի: Փաստաթուղթը, որ ղրկուած է նահանգապետերուն, շրջանային բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, ստորագրուած է Արտաքին գործոց եւ Միջազգային զարգացման նախարար Լօռան Ֆապիիւսի եւ Ներքին գործոց նախարար Պերնար Գազնէօվի կողմէ: Շրջաբերականին մէջ կ՚ըսուի, թէ «ֆրանսական տարածքային որոշ հաւաքականութիւններ (collectivités territoriales) վերջին ամիսներուն գործակցութեան համաձայնագրեր կնքած են ֆրանսական կառավարութեան կողմէ ճանաչում չգտած միաւորներու հետ»:

Կը նշուի նաեւ, թէ ապակեդրոնացեալ գործակցութիւնը՝ օրէնսդրական գետնի վրայ կը պարտադրէ հետեւեալ կէտերը.- – գործակցութեան որեւէ նախաձեռնութիւն պէտք է յարգէ Ֆրանսայի միջազգային յանձնառութիւնները, – յատկապէս, տեղական հաւաքականութիւնները, բացի այն պարագաներէն որոնք նախատեսուած են օրէնքով՝ չեն կրնար գործակցութեան համաձայնագիր կնքել օտար երկրի մը հետ, կամ ալ այն միաւորներուն հետ որոնք չեն ճանչցուած ֆրանսական պետութեան կողմէ, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղը կամ Ղրիմը, կամ ալ միաւորներու հետ, որոնք կը ներկայանան որպէս իրենց տարածքային հաւաքականութիւնները, – հաւաքականութիւնները պարտին տեղեկութիւններ փոխանցել Ազգային յանձնաժողովին՝ ապակեդրոնացեալ գործակցութեան գծով արտաքին աշխարհի հետ իրենց նախաձեռնած քայլերուն մասին: