Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

2014 թուականին Արցախի մէջ ծնած է 2433 երեխայ, որ նախորդ տարիէն աւելի է 92-ով: Այս մասին նշած էր Լեռնային Ղարաբաղի արդարադատութէան նախարար Արարատ Դանիէլէանը իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։

Ծնած երեխաներուն մէջ առաջնեկներուն թիւը կազմած է 780, երկրորդ երեխան՝ 838, երրորդը՝ 141, հինգերորդը՝ 74, վեցերորդը՝ 45, 7րդ երեխան՝ 15 եւ այլն:

Վիճակագրական տուէալներուն համաձայն՝ ծննդաբերող մայրերուն միջին տարիքը կազմած է 26.2 տարեկան:

Հիմնականին մէջ նորածին տղաները կը կրեն հայկական Գոռ, Տիգրան, Նարեկ, աղջիկները Մանէ, Նարէ, Անի, Մարիամ անունները:

2014 թուականին կատարուած են 1412 ամուսնութէան արձանագրութիւն՝ նախորդ տարուան համաձայն աւելնալով 450ով:

Ամուսնացող տղոց միջին տարիքը նուազած է՝ կազմելով 27.8 տարեկան, մինչ նախորդ տարի 28 էր, իսկ ամուսնացող կիներուն տարիքը բարձրացած է՝ հասնելով 25.2ի, նախորդ տարուան 24.5ի փոխարէն: Այս տարի արձանագրուած է նաեւ 28 անչափահասի ամուսնութիւն:

Աւելցած է նաեւ ամուսնալուծումներուն թիւը՝ հասնելով 212ի: Ամուսնալուծուողներուն միջին տարիքը 34 տարեկան է: Ամուսնալուծութէան արձանագրութէան համար աւելի յաճախ կիները կը դիմեն։