Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակի առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայ ժողովուրդին ուղղեց պատգամ մը, որուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդին անկախութիւն կերտելուն ու վերակերտելուն հաւաքական հաւատքին եւ ամուր վճռակամութեան եւ մանաւանդ միասնակամութեան հրամայականը։

Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ անկախ հայրենիքը բնականաբար ունեցաւ թերութիւններ ու յաջողութիւններ, սակայն ան շարունակեց հայրենաշինութեան աշխատանքը շնորհիւ մեր ժողովուրդին գործօն մասնակցութեան։ «Հայրենիքը հզօրացնելը ու ծաղկեցնելը սովորական գործ չէ ու չի կրնար ըլլալ, այլ առաքելութիւն է գերազանցօրէն» ընդգծեց Հայրապետը՝ աւելցնելով, որ «ներկայիս Հայաստան դէմ յանդիման կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու, որոնց դիմագրաւումը կը պահանջէ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւաներուն գիտակից մասնակցութիւնը»։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ անկախութեան օրը ցնծութեան օր է. միաժամանակ հրաւէր է մեր բոլորին՝ իրապաշտ ոգիով ու քննական հայեացքով ինքնաքննութեան, որպէսզի նպատակասլաց կերպով կարենանք մեր հայրենիքին ապագան կերտել։

Խօսելով Հայաստանի ներկայ կացութեան մասին, Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ «հայրենիքը կը գտնուի տագնապներով լի խաչմերուկի մը դիմաց, որուն համար ազգին ներքին միասնակամութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է»։ Հետեւաբար, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց հեռու մնալ ներքին բեւեռացումներ ու լարուածութիւն յառաջացնող մօտեցումներէ ու արտայայտութիւններէ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Պէտք է համախմբուինք մեր հայրենիքին շուրջ. մեր միակամութիւնը աղբիւր է հզօրութեան ու երաշխիք՝ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին յաջողութեան»։ Ապա, անդրադառնալով Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, Հայրապետը թուեց այն տագնապները, որոնց դիմակալումը պէտք ունի համահայկական ճիգերու, ինչպէս՝ Հայաստանէն ներս օրինականութեան ամրապնդումը, հայ ժողովուրդին կենսամակարդակին բարելաւումը, տնտեսական կեանքի ծաղկումը, արտագաղթի կասեցումը, Արցախի անկախութեան ամրապնդումը եւ Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը։

Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հայոց բանակին առանցքային դերը անկախութեան պահպանման մէջ. «մեր նոր օրերու թշնամիներուն դիմաց գեշեր ու ցերեկ պաշտպանողը մեր արի տղաքն են՝ մեր նոր օրերու հերոսները։ Մենք հայոց բանակին հետ ենք բառին ամբողջական իմաստով» շեշտեց ան եւ անդրադառնալով հայ ազգին գոյատեւման պայքարին մէջ հայ եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան՝ ըսաւ. «հայ եկեղեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հոգեւոր յեղափոխութեամբ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մշակութային յեղափոխութեամբ եւ Խրիմեան հայրիկին մարտունակութեամբ դրօշակիրը դարձած է Հայաստանի անկախութեան։ Մեր եկեղեցին մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներուն իր արիւնը թափած է Հայաստանի անկախութեան համար, որովհետեւ մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդն է։ Այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր եկեղեցին կոչուած է իր հաւատքի առաքելութիւնը եւ ժողովուրդի ծառայութիւնը շարունակել՝ միշտ մնալով հայրենիքի կողքին, ջատագովը հանդիսանալով մեր հայրենիքի անկախութեան»։