Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Շաբաթ, 9 Յունիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանին՝ Մոհամետ Ֆաթհալի այցելութիւնը։

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ տեսակէտներու փոխանակում ունենալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր։ Թէ՛ Նորին Սրբութիւնը եւ թէ դեսպանը անդրադարձան Իրանի մէջ հաստատուած հայ համայնքին, որ կը շարունակէ իր դրական ու գործօն մասնակցութիւնը բերել երկրին զարգացման ու յառաջդիմութեան։