Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Շաբաթ 14 եւ Կիրակի 15 Ապրիլ 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս միաբան հայրեր՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան (Առաջնորդ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմին), Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան (Առաջնորդ Սպահանի հայոց թեմին), Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան (Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմին) եւ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան (Առաջնորդական փոխանորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին), արժանացան Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման՝ բարձր հայեցողութեամբ եւ հայրական տնօրինումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

ՀԱՒԱՏՔԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒԽՏԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման կոչման արարողութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպոյեանի, Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի, Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի եւ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանի։

Հայրապետական թափօրը նուիրապետական բոլոր կարգերու եւ ժողովուրդի ներկայացուցիչներով ու հանդերձանքով առաջնորդուեցաւ Վեհարանէն դէպի Մայր Տաճար։ Հայրապետին Ամպ Հովանին կը կրէին ձեռնադրեալներու կնքահայրերը՝ Անուշաւան Նազարեան, Վարուժ Մովսէսեան, Հրայր Սողոմոնեան եւ Կարօ Էշկեան։ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէր թափօրը առընթերակայ ունենալով Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Արեէմէզեան։

Իրենց Թեմերու Ազգային Ժողովներու խնդրագիրներուն եւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տրուած արտօնութեան համաձայն ընծայեալ հայր սուրբերը ներկայացան Մայր Տաճարին Ս. Երրորդութեան խորանին առջեւ եւ խարտաւիլակ հայ սուրբին՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի ու վկաներու արտօնութեամբ ծնկաչոք կարդացին իրենց ուխտագիրները՝ հետեւելու անսայթաք կեանքի եւ ուղղափառ հայրերու վարքին ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ծառայելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իրենց վստահուած հօտին։ Անոնք ստորագրեցին իրենց ուխտագիրները ու խարտաւիլակին եւ վկաներու առաջնորդութեամբ ներկայացան Նորին Սրբութեան՝ ստանալու համար անոր օրհնութիւնը։ Հայրապետը եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանիշ եմիփորոնները զգեցուց ընծայեալներուն եւ «Պահպանիչ»-ով օրհնեց զանոնք։

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Հզօրանայ Չորս Եպիսկոպոսներու Ձեռնադրութեամբ

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնները սկիզբ առած էին Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ին եւ շարունակուեցան Կիրակի, 15 Ապրիլ 2018-ին Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցման ընթացքին՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիսաւոր արարողութիւնը սկիզբ առաւ Հայրապետական թափօրով։ Վեհափառ Հայրապետը Ամպ Հովանիին ներքոյ Ս. Սեղանին սպասարկող ամբողջ շքախումբով, մուտք գործեց Մայր տաճար՝ մատուցելու Ս. եւ Անմահ Պատարագը եւ կատարելու ձեռնադրութեան եւ օծման կարգը։ Օրուան Պատարգաի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի։

Պատարագի ընթացքին ընծայեալները ծնկաչոք հրաժարեցան աշխարհէն եւ կոչուեցան եպիսկոպոսութեան կարգին։ Ապա, սրբալոյս Միւռոնի հեղումով եւ «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ, Նորին Սրբութիւնը օծեց ընծայեալներուն ճակատները եւ աջ ձեռքին բթամատը եւ անոնց յանձնեց եպիսկոպոսական գաւազանն ու մատանին։ Աւարտին Հայրապետը  ընծայեալներուն կուրծքերը զարդարեց պանակէով։

Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց չորս ընծայեալներուն եպիսկոպոսական ծառայութեան միանալուն կապակցութեամբ։ Ան յայտնեց, որ սա ուրախութիւն է հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին, որ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրելէ ետք կարողացած է վերանորոգ ոգիով ու հաւատքով շարունակել իր առաքելութիւնն ու ծառայական կեանքը։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղելով նորաօծ եպիսկոպոսներուն կարեւորութեամբ շեշտեց երեք կէտեր, որոնք հիմնականօրէն կ՚ընդծէին հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայելու հրամայականը։ Հայրապետը նորաօծ եպիսկոպոսներուն թելադրեց հայ եկեղեցին ունենալ իրենց կեանքի առանցքը եւ յիշեցուց, որ հայ եկեղեցին շէնք չէ, այլ Քրիստոսի մարմինն է, իսկ անոր դերակատարութիւնը սովորական դերակատարութիւն չէ եւ չէ եղած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը շարունակեց՝ ընդգծելով, որ եկեղեցին ծառայութիւն է եւ ոչ՝ իշխանութիւն. «հետեւաբար ծառայութիւնը պէտք է դառնայ ձեր կեանքի առաքելութեան ուղին», յայտնեց ան։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ յիշեցուց նորընծայ եպիսկոպոսներուն, թէ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին գերագոյն արժէքները պէտք է դառնան իրենց կեանքի մղիչ ոյժը ու նպատակը։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած եւ խնդրելով Անկէ, որ նորաօծ եպիսկոպոսները վերանորոգ հաւատքով լծուին ժողովուրդին ծառայութեան ու նոր իրագործումներով արժեւորեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռին ծառայական երթը։

Քարոզէն ետք, «Ողջոյն»ի պահուն, միաբան հայրերն ու բոլոր հոգեւորականները, խորան բարձրանալով շնորհաւորեցին նորաօծ եպիսկոպոսները՝ համբուրելով անոնց միւռոնուած ճակատները եւ ձեռքերը։

Պատարագի աւարտին, նորաօծ սրբազան հայրերը ընդունեցին շնորհաւորութիւնները եկեղեցւոյ մէջ։