Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Իրան` ընդառաջելով Իրանի հանրապետութեան նախագահի զբօսաշրջութեան հարցերու օգնական Զահրա Ահմատիի հրաւէրին:

Նախքան իր մեկնումը, նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ իրանեան կողմը ընդգծած է երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջական յարաբերութիւնները բարելաւելու իր փափաքը:

Միւս կողմէ, իրանեան «ԻՐՆԱ» պետական լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Կիտանեան յայտնեց, որ ինք նախորդող օրերուն Պէյրութի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Թեհրանի պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Ալի Ֆարախմահրի եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի հետ եւ քննարկած զբօսաշրջական երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու կարելիութիւնները` նկատի ունենալով, որ վերջին տարիներուն ընթացքին լիբանանեան-իրանեան յարաբերութեանց ծիրին մէջ զբօսաշրջութեան մարզը բաւական նահանջ արձանագրած է:

Նախարար Կիտանեան նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Լիբանան այցելող իրանցի զբօսաշրջիկներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է` նկատի ունենալով նաեւ, որ Լիբանան այցելութեան կողքին, անոնք Սուրիա այցելութիւնը եւս հիմնական կը նկատէին:

Նախարար Կիտանեան նշեց, որ այս թղթածրարը ինք պիտի քննարկէ Թեհրանի մէջ ունենալիք իր հանդիպումներուն ընթացքին, յատկապէս իրանեան ճամբորդական գրասենեակներուն հետ:

«Իրանեան ճամբորդական գրասենեակներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի առաջարկեմ Լիբանանը ունենալ իբրեւ հիմնական ուղղութիւն` յառաջիկայ ամիս սկսող Նեւրուզի տօնի արձակուրդը անցընելու համար», ըսաւ ան:

Պատասխանելով երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջական մարզին վերաբերող համաձայնագիրներու գոյութեան մասին հարցումի մը` Ա. Կիտանեան նշեց, որ ցաւօք նման համաձայնագիրներ չկան, սակայն յոյս յայտնեց, որ այս այցելութիւնը դառնայ նման համաձայնագիրներու ստորագրութեան ենթահող պատրաստելու առիթ մը: «Այդ իմաստով լաւատես եմ, որովհետեւ իրանեան իշխանութիւնները խանդավառ են Լիբանանի հետ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ գործակցելու առումով», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան նշեց, որ երկու երկիրները կրնան զբօսաշրջութեան մակարդակի վրայ իրենց յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Անդրադառնալով Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին` նախարար Կիտանեան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահին ընտրութենէն ետք իրավիճակը բարելաւուած է:

Ան աւելցուց, որ նախարարութիւնը ծրագրած է արաբ եւ իրանցի զբօսաշրջիկները քաջալերել` Լիբանան այցելութեան առումով, առաջարկելով համեմատաբար աւելի նուազ գիներով ճամբորդական փաթեթներ: «Լիբանան այցելութեան եւ կեցութեան համար առաջարկուած մատչելի փաթեթները պիտի ըլլան շուրջ 400 տոլար», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ Իրան կատարած իր այս այցելութիւնը առաջինը չէ` աւելցնելով, որ անցեալ տարի «Ալիք» օրաթերթին հիմնադրութեան առիթով այցելած է Թեհրան եւ դրական տպաւորութիւն ստացած: «Հակառակ իր դիմագրաւած միջազգային պատժամիջոցներուն, Իրան կրցած է ինքնաբաւ ըլլալ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ ինքզինք պարտադրել իբրեւ հզօր պետութիւն», աւելցուց ան:

Իրանահայութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ իրանեան պետութիւնը կը զօրակցի իրանահայութեան եւ կը վերականգնէ հայկական եկեղեցիները: Ան ըսաւ, որ Իրանի մէջ իրանահայ գաղութը ունի իր իւրայատկութիւնը եւ կ՛ապրի ազատութեամբ: Ան նաեւ նշեց, որ իրանահայութիւնը ունի իր մարզական եւ մշակութային միութիւններն ու կեդրոնները եւ կրօնի կատարեալ ազատութիւն կը վայելէ: