Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը մինչեւ տարեվերջ հանդիպելու փափաք յայտնած են: Այս մասին կը հաղորդէ «հաքքին.ազ» կայքը:

Ուորլիք հաստատած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը շատ մեծ արժէք ունի ամբողջ շրջանին համար: «Մենք խաղաղութեան պէտք է հասնինք յառաջիկայ սերունդներուն համար: Խաղաղութիւնը օգուտ պիտի բերէ երկու ժողովուրդներուն ալ», նշած է ամերիկացի համանախագահը:

Ան նաեւ ըսած է, որ չի հասկնար Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հասցէագրուած քննադատութեան իմաստը, մանաւանդ որ իրենք իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամէն ինչ կ՛ընեն տագնապին լուծում մը գտնելու առումով: «Կարեւորը պետութիւններու ղեկավարներուն քայլերն են, ոչ թէ մեր յայտարարութիւնները», շեշտած է Ուորլիք:

 

ԴԱՒԻԹ ԲԱԲԱՅԵԱՆ. «ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԱՊԱՑՈՒՑԵՑ, ՈՐ Ո՛Չ ԻՆՔԶԻՆՔ, Ո՛Չ ԱԼ ՄԻՋՆՈՐԴ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՐԳԷ»

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան խօսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախագահներուն Լեռնային Ղարաբաղ տուած այցելութեան մասին` հաստատած է, որ ատիկա կարեւոր եւ պահանջուած էր, քանի որ միտքեր փոխանակուած են առկայ վիճակին, ինչպէս նաեւ` տագնապի լուծման մասին:

«Ստեղծուած է իւրայատուկ վիճակ, երբ կարգաւորման մասին խօսիլը, վերջնական լուծման հարցը դարձած են հեռաւոր խնդիրներ: Հանդիպումին ընթացքին հիմնական շեշտը դրուած է ներկայ կացութեան վրայ, խօսուած է սահմաններուն վրայ իրավիճակի թուլացման մասին: Արցախեան կողմը կրկին առաջարկած է զօրացնել դիտորդական խումբը, աւելցնել ներկայացուցիչներու ու թեքնիք կազմածներու թիւը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջական կերպով հետեւիլ զինադադարի խախտումներուն, եւ որպէսզի յայտարարութիւնները հասցէագրուած ու դիպուկ ըլլան: Մեղաւոր կողմը պէտք է պատասխանատու ըլլայ իր քայլերուն», յայտնած է Բաբայեան:

Անդրադառնալով դիտարկման ընթացքին հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցին` Բաբայեան նշած է, որ ատիկա ոչ միայն անարգանք է միջնորդ պետութիւններուն նկատմամբ, այլ այդպիսով Ազրպէյճան ապացուցեց, որ ինքզինք եւ իր ժողովուրդը չի յարգեր:

«Կրակոցէն ետք սկսած են քարոզչութեան, որ իբր թէ ատիկա հայերուն կողմէ էր, մինչդեռ բոլոր փաստերը ապացուցեցին, որ իրենք են կրակողները: Մենք գործ ունինք նման անբնական պետութեան հետ, ուստի միջազգային հանրութիւնը պէտք է աւելի համարձակ քայլերու ձեռնարկէ», ըսած է Դաւիթ Բաբայեան` նշելով, որ ուշ կամ կանուխ պիտի գայ այն օրը, երբ միջազգային հանրութեան եւ միջնորդ պետութիւններուն դիրքորոշումը աւելի խիստ եւ հաստատ ըլլայ:

Ամերիկացի 85 քոնկրեսականներուն կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային յղուած նամակին անդրադառնալով` Դ. Բաբայեան ըսած է, թէ ատիկա նաեւ պատգամ է ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի: «Այս քոնկրեսականները լաւապէս կը պատկերացնեն, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ, եթէ Ազրպէյճան նոյն ձեւով շարունակէ: Հետեւաբար, այս նախաձեռնութիւնը կարելի է միայն ողջունել, քանի որ ատիկա ո՛չ թէ հայամէտ, այլ ողջամիտ քայլ է, որ կը բխի իրենց պետութեան շահերէն: Յատկապէս այս կրակոցներէն ետք արձագանգը պէտք է ըլլայ աւելի մեծ ու բարձր», նշած է բանբերը: