Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 10 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբեր 8ին արտաքին գործոց նախարարի գիտական եւ արհեստագիտական հարցերու խորհրդական նշանակուած է դոկտ. Վան Թիւրէքեանը։

Նշենք, որ Թիւրէքեան թոռնիկն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու եւ զաւակը՝ յայտնի գիտնական դոկտ. Քարլ Թիւրէքեանի, որ մահացաւ 2013ին։

Դոկտ. Վան Թիւրէքեան նախապէս Գիտութեան յառաջացման ամերիկեան միութեան (AAAS) միջազգային հարցերու գլխաւոր պատասխանատուն էր, ինչպէս նաեւ՝ նոյն միութեան Գիտական դիւանագիտութեան կեդրոնի վարիչը։ Այդ հանգամանքներով, ան նպաստած է երկիրներուն միջեւ կամուրջներ հաստատելու ջանքերուն՝ ի մի բերելով անոնց գիտական ծրագիրները։

Ան անցեալին եւս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ աշխատած է իբրեւ համաշխարհային հարցերով փոխնախարարի օգնական եւ խորհրդատու։

Դոկտ. Վան Թիւրէքեան իր 14 տարիներու փորձառութեամբ խորհուրդներ պիտի տայ արտաքին գործոց նախարարին եւ տնտեսական աճի, ուժանիւթի ու կենսոլորտի հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարարին, յատկապէս՝ երկրի արտաքին քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցող կենսոլորտի, գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ առողջապահական հարցերու կապակցութեամբ։