Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Վրաստանի կրթութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Թիֆլիսի Մեթրոմշէնի (Մեթրոշին) բազմամարդ աւանին մէջ կը կառուցուի հայ-վրացական թիւ 103 դպրոցը, որ նախատեսուած է հազար աշակերտի համար:

«103րդ հանրային դպրոցը մեծ նախագիծերէն մէկն է. վերջին 20-30 տարուան նման մեծ դպրոց չէ կառուցուած», յայտարարեց Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Թամարա Սանիկիձէ, որ տեղւոյն վրայ ծանօթացած է շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին:

«Նախագիծը կարեւոր է, նկատի ունենալով այն, որ անիկա խառն դպրոց է, վրացական դպրոց, ուր կայ բաւականին մեծ հայկական հատուած։ Մենք առաւելագոյնս կը ջանանք օգնել ցեղային փոքրամասնութիւններուն, որպէսզի անոնք լիարժէք ու լաւ ընդելուզուին ուսումնական գործընթացին», նշած է Սանիկիձէ: Նոր դպրոցը պիտի համապատասխանէ ժամանակակից չափորոշիչներուն: Նախագիծին արժէքը շուրջ 5.5 միլոն լարի է:

Նոր դպրոցի կառուցման աշխատանքները սկսած են այս տարի եւ կ՛աւարտեն յաջորդ տարի: