Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

«Ակօս» թերթի թղթակից Վերճիհան Զիֆլիօղլու հեղինակած է Թուրքիոյ իսլամացուած հայերու մասին պատմող «Քաւարանի Հայերու Պատմութիւնը» գիրքը: Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական կայքին, գիրքին մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ իրենց ազգային ինքնութիւնը հարկադրաբար քօղարկող եւ հարիւր տարի իսլամ հասարակութեան մէջ ապրող ծպտեալ հայերուն բաժին ինկած դժուարութիւններուն ու պայքարին:

«1915ին սկսած Ցեղասպանութեան ընթացքին իր ժողովուրդին մեծ մասին գաղթի ճամբուն վրայ կորսնցուցած այս ազգին նախահայրերուն մէկ մասը իր կեանքը շարունակեց իսլամացուած վիճակով», գրած է աղբիւրը:

Իր գիրքին մէջ, Զիֆլիօղլու ներկայացուցած է Անատոլիոյ հայերուն համար ամենանշանակալից իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնը, ներառեալ՝ 2007ի Յունուար 19ին տեղի ունեցած Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, Ֆեթհիյէ Չեթինի՝ իր ընտանիքի պատմութեան հիման վրայ գրի առած «Մեծ Մայրս» գիրքը, իրենց ընտանիքները փնտռողներուն կողմէ «Ակօս» թերթին մէջ հրապարակած յայտարարութիւնները, Վանի, Կեսարիոյ, Տիգրանակերտի հին հայկական եկեղեցիներու վերանորոգումն ու վերաբացումը, եւ այլն:

Հեղինակը, ընդգծելով, որ «քաւարանի հայերու» մղած պայքարին մէջ ամէնէն մեծ դժուարութիւնը հայ համայնքին հետ յարաբերութիւններուն մէջ եղած էր, կ՛անդրադառնայ նաեւ պոլսաբնակ եւ անատոլիաբնակ հայերու միջեւ սպիտակ հայ-սեւ հայ հասկացութիւններուն եւ տարանջատման երեւոյթին եւ անոր ծագումին:

Զիֆլիօղլու կը յիշատակէ նաեւ Ցեղասպանութենէն ետք հայ կանանց առեւանգման փաստը: Ընդգծելով, որ նախապէս մեծ մասամբ հայերով բնակեցուած տարածքներուն մէջ ներկայիս քիւրտ բնակչութիւնը կը գերակշռէ, Զիֆլիօղլու կը գրէ. «Արեւելեան եւ հարաւարեւելեան Անատոլիոյ մէջ մեր հանդիպած մարդոց հինգէն չորսը հայ մեծ մայր ունէր»: