Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ, Ուրբաթ, Յունիս 5ին հաղորդած է, որ Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան` Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Պաքուի ներկայացուցչութիւնը պիտի փակուի:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յունիս 3ին նամակ մը ուղարկած էր Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Վիեննայի կեդրոնական գրասենեակ՝ նշելով, որ կառավարութիւնը այսուհետեւ անհրաժեշտ չի նկատեր Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ծրագիրներու համակարգողի գործունէութիւնը եւ Յունիս 4էն սկսեալ չեղեալ պիտի նկատէ Սեպտեմբեր 24, 2014ին ստորագրուած եւ համակարգողի գործունէութիւնը սահմանող փոխըմբռնման յուշագիրը:

«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Ե.Ա.Հ.Կ.-ին մէկ ամիս ժամանակ կու տայ լուծելու այս իրավիճակէն բխող խնդիրները», ըսուած է նամակին մէջ:

Յունիս 5ին, Ե.Ա.Հ.Կ.-ի գլխաւոր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէր կառոյցի անդամ պետութիւններուն տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի որոշումին մասին:

Նշենք, որ երկու տարի առաջ, Պաքուն իջեցուցած էր երկրին մէջ գործող Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ներկայացուցչութեան մակարդակը, զայն իջեցնելով Ե.Ա.Հ.Կ.-ի նախագիծերու համակարգողի դեսպանատան աստիճանի: