Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

1989 թուականին Երեւան ծնած յունահռոմէկան ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ախոյեանութիւններու գերծանր ծանրութեան կարգի մրցանակակիր Էդուարդ Սողոմոնեանը, որ 2012 թուականէն կը բնակի Պրազիլ, արժանացած է 2016-ին Ռիօ Տէ Ժաներոյի ողիմբիական խաղերուն Պրազիլը ներկայացնելու մեծ պատիւին:

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` ինչպէս արդէն իրազեկած էինք, 2011 թուականին Սողոմոնեանը համահայկական մարզական 5-րդ խաղերուն մասնակցելու համար Երեւան ժամանած Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքը ներկայացող պատուիրակներու հետ ծանօթացած էր, իսկ յետոյ Ռիքարտօ Միքայէլեանի հրաւէրով մեկնած էր Պրազիլ:

Էդուարդը յետագային մեծ յաջողութեամբ մասնակցած է Պրազիլի մէջ կազմակերպուող մրցումներուն: Ան այս տարի դարձած է առաջին արտասահմանցի ըմբիշը, որ Պրազիլի մէջ քաղաքացիութիւն շնորհուած է: Սողոմոնեանը այսուհետեւ միջազգային մրցումներուն հարաւամերիկեան այս երկիրը պիտի ներկայացնէ: Հայ ըմբիշը բոլորովին վերջերս մասնակցած է ըմբշմարտի 2015-ի Պրազիլի ախոյեանութ եւ գերծանր` 130 ք. ծանրութեան կարգին մէջ նուաճած է երկրի ախոյեանի տիտղոսը:

Սողոմոնեանը պարտութեան մատնելով իր բոլոր մրցակիցները` հասած է երզափակիչ, ուր առաւելութեան հասած է նաեւ Իսահակ Սաւեսի նկամամբ եւ նուաճած է ստուգատեսի ոսկէ մետալը: