Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Հետեւելով Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելսի, Ըրուայնի եւ Պրքլիի մասնաճիւղերու օրինակին՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյւիս մասնաճիւղի ուսանողական կառավարութիւնը Հինգշաբթի, Մայիս 7ի երեկոյեան, վաւերացուց բանաձեւ մը, որուն շնորհիւ համալսարանը ետ պիտի քաշէ Թուրքիոյ մէջ իր ներդրումներն ու պարտամուրհակները, որոնց արժէքը մօտաւորապէս 73 միլիոն տոլար է:

Մայիս 7ի ժողովին մասնակցած են համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան անդամներ եւ շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ՝ շեշտելով նման բանաձեւ մը վաւերացնելու կարեւորութիւնը։

Բանաձեւին մէջ կը դատապարտուին Թուրքիոյ իշխանութեան իրագործած ոճիրները, յատկապէս՝ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու անոր ուրացման շարունակութիւնը: Բանաձեւի վաւերացումը ապահովելու արշաւը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումները ետ քաշելու կամ հոն ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ տարհամոզելու ընդհանուր արշաւին՝ «#DivestTurkey» խորագիրին տակ, որուն նախաձեռնած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հ.Ե.Դ.-ն:

«#DivestTurkey» արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։ հասցէին: