Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող եւս 9 պատմամշակութային կոթողներու հետ ընդգրկուած է UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական  ցուցակին մէջ:

Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Taraftar» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ նշեալ եկեղեցին ճարտարապետական առումով միջնադարու հայկական արուեստի ամենավառ յուշարձաններէն մէկն է:

Ներկայացնելով եկեղեցւոյ պատմութիւնը` կայքը կը գրէ, որ անիկա կառուցուած է 915-921 թուականներուն Գագիկ Առաջին թագաւորի հրամանով, իսկ ճարտարապետը եղած է Մանուէլը: Եկեղեցւոյ պատերը զարդարուած է հարթաքանդակներով, ուր պատկերուած են  բոյսեր, կենդանիներ եւ սուրբ գրային դրուագներ:

Թրքական լրատուամիջոցի համոզումով` Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ընդգրկումը UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական  ցուցակին մէջ պիտի նպաստէ քաղաքին զբօսաշրջութեան զարգացման:

Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Օմեր  Չելիքը ըսած է, որ իրեն շատ ուրախացուցած է  այդ փաստը: Ան միաժամանակ յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները թոյլ տուած են հայերուն Աղթամարի մէջ տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցելու:

Չելիքը նաեւ նշած է, որ եկեղեցւոյ ընդգրկումը այդ նախնական ցուցակին մէջ յատկապէս այս շրջանին մէջ օրինակ եւ «ուղերձ պիտի ըլլայ օտարերկրկեայ խորհրդարաններու համար, որոնք Հայկական սփիւռքի քարոզչութեան ազդեցութեան տակ մնացած են»: Ըստ Չելիքի` օտարերկրեայ  խորհրդարանները կը քաղաքականացնեն այն ցաւալի դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած են  թուրքերու եւ հայերու մէջ ու ցաւ պատճառած երկու կողմերուն ալ: