Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» արշաւին ծիրէն ներս, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի մարդասիրական գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող ցուցահանդէս մը տեղի կ՛ունենայ Լոս Անճելըսի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ. ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Մարտ 6ի երեկոյեան, մասնակցութեամբ աւելի քան 300 հոգիի, ներառեալ՝ պաշտօնատարներու եւ կազմակերութեանց ներկայացուցիչներու։

Ցուցահանդէսին եւ բացման արարողութեան համահովանաւորներն էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան եւ Լոս Անճելըսի հանրային գրադարանը։

Բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» յանձնախումբի համաատենապետներ Հերմինէ Փախանեանց եւ իրաւաբան Վանա Կիտցինեան, ինչպէս նաեւ՝ Փօլ Գրիգորեան, Լոս Անճելըսի Հանրային գրադարանէն Ճան Զապօ եւ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի պատմագիտական ընկերակցութեան վարիչ իրաւաբան Մալի Սալըվըն։

Յատուկ հիւրերու շարքին էին 1920ականներու յայտնի դերասան Ճեքի Քուկընի դուստրն ու թոռնիկը։ Ճեքի Քուկըն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին կողմէ 1924ին նախաձեռնուած դրամահաւաքի արշաւին մէջ։ Ցուցահանդէսի մէկ բաժինը յատկացուած է անոր այս մարդասիրական արշաւին։

Համաատենապետներն ու Փօլ Գրիգորեանը իրենց ելոյթներուն մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Լոս Անճելըսի Հանրային գրադարանի Յատուկ հաւաքածոներու ուսումնասիրութեանց գլխաւոր գրադարանապետ Անի Պոյաճեան-Պօղիկեանին, որ կենսական դերակատարութիւն ունեցած էր այս ցուցահանդէսի իրականացման մէջ։

Ցուցահանդէսը, որ համադրուած է Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին յաջորդած Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկին հետ, բաց պիտի մնայ մինչեւ Ապրիլ 30։

Ցուցահանդէսին մուտքը ազատ է, սակայն կը խնդրուի կանխաւ տեղ ապահովել՝ այցելելով www.ancawr.org կայքէջը։ Գրադարանին հասցէն է՝ 630 W. 5th Street, Los Angeles CA 90071։

Յաւելելալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.AmericaWeThankYou.org կայքը։