Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Հինգշաբթի, Փետրուար 19ին, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան մասնակցած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած՝ հայկական հարցերու շուրջ յատուկ քննարկման, որուն մասնակցած են նաեւ աւելի քան 60 քոնկրեսականներու աշխատակազմի ներկայացուցիչներ:

Միջոցառման բանախօսները՝ ՀՀ դեսպանութեան դեսպանորդ Հրաչեայ Թաշճեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ներկայացուցիչ Դանիէլ Քուշակճեան, իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձած են Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման, ԼՂՀ միջազգային ճանաչման գործընթացին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան երաշխաւորման հետ կապուած հարցերուն:

Իր խօսքին մէջ, Ռոբերտ Աւետիսեան ներկայացուցած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը եւ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ՝ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող Միացեալ Նահանգներու միջնորդական ջանքերը: ԼՂՀ ներկայացուցիչը նաեւ անդրադարձած է ԼՂՀ եւ ԱՄՆ յարաբերութիւններու հիմնական ուղղութիւններուն, համագործակցութեան եւ Արցախին տրամադրուող տարեկան օգնութեան: