Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

15 Օգոստոս 2017-ին, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Րէքս Թիլըրսըն, իր տարեկան զեկոյցին մէջ աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ կրօնական ազատութեան ներկայացուցած ներկայ վիճակին մասին խօսելով նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ։

Արդարեւ, զեկոյցին մէջ յիշուելէ ետք թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անցնող տասնամեակներու ընթացքին կրօնական փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւած կալուածները 2016 տարուան ընթացքին եւս չվերադարձուց իրենց իրաւատէրերուն, այս ծիրէն ներս յատուկ կերպով կը մատնանշուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դատական հայցը Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ, 2015-ի Ապրիլին, պահանջելով Սիսի դարաւոր Կաթողիկոսարանին վերադարձը։

Յայտնենք, որ նոյն զեկոյցին մէջ կը յիշուի, թէ Կաթողիկոսարանը եղած է կեդրոնը Հայ Եկեղեցւոյ, 1915-ին ապօրէն կերպով բռնագրաւուած է եւ ցարդ կը մնայ կառավարութեան հակակշիռին ներքեւ։ Վերջապէս, զեկոյցը կը մատնանշէ, թէ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը մերժած է դատին քննութիւնը՝ դատական ընթացակարգային պատճառներով եւ որուն հետեւանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատական հայցը ներկայացուցած է Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարան։