www.armenianorthodoxchurch.org

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու Դպրեվանքի աշակերտութեան, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։ Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմին, ինչպէս նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։

Արարողութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն, որուն աւարտին Նորին Ս. Օծութիւնը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած Հայրենիքին անսասանութեան ու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ հայոց բանակին հզօրացման համար։ «Օրհնէ, ո՜վ Տէր, մեր Հայրենի երկիրը։ ...Դարերու ընթացքին անողոք թշնամին աւերակի վերածեց զայն, բայց այժմ, Քու ողորմութեամբդ եւ շնորհքի առատութեամբդ առաւել ծաղկեցուր Հայաստան աշխարհը։ ...Ժողովո՛ւրդ հայոց, Հայկի՛ որդիներ եւ մեր Ս. Եկեղեցւոյ զաւակներ, առէ՛ք ձեր հաւատքի զէնքերը, ձեր գլխուն դրէ՛ք յոյսի թագը եւ մեր Հայրենիքին ու իրարու հանդէպ ամբողջական սիրով առաջ երթանք՝ միաբերան երգելով.- Մեր Հայրենիք, ազատ անկախ, որ ապրել է դարէ դար, իւր որդիքը արդ կանչում է ազատ անկախ Հայաստան»։

Յիշենք, որ օրեր առաջ Վեհափառ Հայրապետը 21 Սեպտեմբերը յայտարարած էր «Աղօթքի Օր» եւ հայրական կոչ ուղղած էր մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն աղօթելու մեր Հայրենիքին եւ իրենց արեան գնով զայն պաշտպանող հայկական բանակի քաջարի զինուորներուն համար։ Ստորեւ Նորին Ս. Օծութեան հայրական կոչը.-

Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, հեռու ամէն տեսակ տօնախմբութիւններէ ու ցուցական երեւոյթներէ, իւրաքանչիւր հայու համար հարկ է դառնայ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐ:

Արդ, եկէք, սիրելի հայորդիներ, անհատաբար թէ հաւաքաբար, իւրաքանչիւրս իր վայրին մէջ եւ իր եղանակով աղօթենք՝

Աղօթենք, մեր զոհուած նահատակ զինուորներուն եւ ազգակիցներուն հոգիներու խաղաղութեան համար:

Աղօթենք, վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար:

Աղօթենք, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան պահպանման համար:

Աղօթենք, Հայաստանի ու Արցախի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան ամրացման համար:

Աղօթենք, հայոց աշխարհի պաշտպանութեան լծուած հայոց բանակին հզօրութեան համար:

Աղօթենք, հայ ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդման համար:

Հաւատքով զսպանակուած ու յոյսով շաղախուած աղօթքի ճամբով Աստուած ներկայութիւն կը դառնայ մեր կեանքին մէջ, մենք Աստուծոյ հետ կ՚ըլլանք եւ Աստուած՝ մեզի հետ: Եւ երբ Աստուած մեզի հետ է, Դաւիթ մարգարէի խօսքով՝ «ոչինչ կրնայ զիս սասանեցնել» (Սղ 16.8) եւ Պօղոս առաքեալին հաստատումով՝ «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31):

 

 

 

www.armenianorthodoxchurch.org

Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումներուն հետեւանքով հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած եւ իրենց կեանքը զոհաբերած հայոց բանակի քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմին:
 
Ինչպէս ծանօթ է, ազերի բանակին յարձակումներէն անմիջապէս ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը իր դիմատետրի էջին մէջ միասնականութեան եւ համաժողովրդային ու համահայկական դիմադրութեան կոչ ուղղեց՝ Ազրպէյճանի մէջ: Յաջորդ օրը, Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, տեղի ունեցաւ համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցչական հանդիպում: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներէն ներս հոգեհանգիստ կատարել՝ նահատակ հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան եւ աղօթք՝ վիրաւոր հայորդիներու շուտափոյթ ապաքինման համար:

Ս. Պատարագէն ետք, Հայրապետը պատասխանելով Cilicia TV-ի հարցումներուն՝ ըսաւ. «Հոգեհանգիստ՝ նահատակուած զինուորներուն, աղօթք՝ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինման եւ դատապարտութիւն՝ Ազրպէյճանի բարբարոսային յարձակումին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ իր խաղաղ բնակիչներուն դէմ, բնականաբար իւրաքանչիւր հայուն ազգային պարտաւորութիւնն է: Մեր ազգին համար առաջնահերթ ու սրբազան պարտաւորութիւն է մեր միասնականութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ հայոց բանակի հզօրացումը՝ մէկդի դնելով ներքին տարակարծութիւնները: Մենք չենք կրնար այլեւս ուրիշներու շահերուն ենթակայ եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն անձնատուր դառնալ: Քաղաքական երկխօսութիւնը, ճկունութիւնը եւ իրապաշտութիւնը պէտք չէ մեզ առաջնորդեն վտանգելու Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնը եւ անկախութիւնը: Սա մեր ազգին ու հայրենիքին համար կարմիր գիծ է»:

 

 

 

www.armenianorthodoxchurch.org

Այո՛, հայոց բանակին կողքին համահայկական ու համաժողովրդային դիմադրութիւն ցեղապաշտ, արիւնարբու ու յարձակողապաշտ Ազրպէյճանի դէմ: Փաստօրէն այլ ճանապարհ չկայ՝

Երբ 4-օրեայ ու 44-օրեայ պատերազմներով ու ապա շարունակուող յարձակումներով Ազրպէյճան կը փորձէ ինքնիշխան ու խաղաղ ապրելու մեր ժողովուրդին իրաւունքը խլել:
Երբ անտեսելով միջազգային օրէնքը, թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ զինադադարի շրջանին, կը փորձէ դիմել անմարդկային ու անարգ միջոցներու:
Երբ արհամարհելով քաղաքական բանակցութիւնները, կը փորձէ զէնքի ոյժով ինքզինք պարտադրել:
Երբ իր անպատասխանատու մօտեցումով, յարձակողապաշտ ոճով եւ բիրտ միջոցներով կը փորձէ իր տեսակէտները պարտադրել նոյնիսկ միջազգային համայնքին...:
Ո՛չ, կարելի չէ ընդունիլ անմեղ զոհերով ու պատերազմական գերիներով հպարտացող ներկայ ժամանակներու ցեղասպանին շարունակուող ոճիրը:
Ո՛չ, կարելի չէ ընդունիլ Հայաստանին հողային ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը բիրտ ոյժի գործածութեամբ վտանգող Ազրպէյճանի նկրտումները:
Ո՛չ, կարելի չէ ոչ-քաղաքակիրթ միջոցներով մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը վիրաւորող պետութեան մը անպատասխանատու վերաբերումը:
Արդ, Հայաստանի հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը ու գերիշխանութիւնը վտանգող ճակատագրական այս կացութեան դիմաց՝
Անհրաժեշտ է դուռը թակել բոլոր բարեկամ եւ ոչ-բարեկամ երկիրներուն, մօտաւոր եւ հեռաւոր ղեկավարներուն, շրջանային թէ միջազգային կազմակերպութիւններուն:
Անհրաժեշտ է իրաւական միջոցներով անպատժելիութեան քողը վար առնել Ազրպէյճանի վրայէն:
Անհրաժեշտ է հայոց բանակի կողքին համահայկական ու համաժողովրդային դիմադրութեան զանգը հնչեցնել: Սա մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքն է: Իր գոյութիւնը, անկախութիւնը, անվտանգութիւնը պահելու կոչուած ժողովուրդի մը հաւաքական դիմադրութիւնը մարդկային իրաւունքներուն անբաժան մասը կը կազմէ:
Ազրպէյճանը պէտք է իմանայ, որ Հայաստանի ու Արցախի կողքին իր դիմաց կը գտնուի նաե՛ւ Սփիւռքը, մեր ո՛ղջ ժողովուրդը՝ իր ամբողջ կարողականութեամբ. հետեւաբար, ան չի կրնար մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքը ընկճել:
Ազրպէյճանը պէտք է իմանայ, որ մեր ժողովուրդի հին ասացուածքին համաձայն «որ ո՛չ լուիցէ բանիւ, լուիցէ գանիւ» (ան որ խօսքով չի հասկնար, գաւազանով միայն կը հասկնայ):
Փաստօրէն ներկայ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ Ազրպէյճանը խօսքի լեզուէն չ՚ուզեր հասկնալ: Հետեւաբար, անոր հետ հարկ է խօսիլ գաւազանի լեզուով՝ դիմելով համաժողովրդային դիմադրութեան բոլոր միջոցներով, բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ:

Հարկ է դիմել համահայկական դիմադրութեան ամրապնդելով մեր ներքին միասնականութիւնը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք ղեկավարներու շուտափոյթ ու միատեղ հանդիպումով եւ մեր ողջ ազգին մարդուժին ու ներուժին համախմբումով:

 
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
 

 

 

Գերմանիոյ Գարլսրուէ քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընտրեց Խորհուրդի նախագահ՝ ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները: Այս մասին յայտնում է www.armenianorthodoxchurch.org-ը։

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը երկու շրջան (1991-1998 եւ 1998-2006) ընտրուած էր Ե.Հ.Խ.ի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց ատենապետ։
Արդարեւ, ընդառաջելով միջ-եկեղեցական անձնաւորութիւններու ու շրջանակներու ջերմ փափաքին, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական շարժումին նոր մղում մը տալու հեռանկարով, Նորին Սրբութիւնը ընդառաջեց նախագահ դառնալու անոնց փափաքին:

 

Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Մուճդապի Ամանիին:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Իրանի հայութեան եւ Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Դեսպանը անդրադարձաւ Իրանի հայութեան գործօն մասնակցութեան՝ երկրին առաւել զարգացման եւ յառաջադիմութեան աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին, շեշտեց Իրանի հայութեան եզակի դերը սփիւռքահայութեան կեանքէն ներս: Այս մասին յայտնում է www.armenianorthodoxchurch.org-ը։

Նախագահական ընտրութեան գծով, թէ՛ Նորին Սրբութիւնը եւ թէ՛ դեսպանը ընդգծեցին բոլորին կողմէ ընդունելի եւ երկիրը ներկայ ընկերա-տնտեսական կացութենէն դուրս բերելու կարողութիւնը ունեցող նախագահի մը ընտրութիւնը:

Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022-ին, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի մատրան մէջ  կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ինկած զոհերու հոգիներուն համար։ Այս մասին տեղեկացնում է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքը։

Յայտնենք, որ Նորին Ս. Օծութեան Հայրապետական տնօրինումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ եւս այսօր կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, ի խաղաղութիւն պայթումին հետեւանքով իրենց մահկանացուն կնքած հայորդիներու հոգիներուն։

Յիշենք, որ Վեհափառ հայրապետը պայթումէն անմիջապէս ետք, իր դիմատետրի էջին մէջ, հետեւեալ ցաւակցական եւ զօրակցական գրառումը կատարած էր. «Խոր մտահոգութեամբ եւ ցաւով ականատես եղայ Երեւանի ''Սուրմալու'' առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին։ Կը ցաւակցիմ Հայաստանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Թող Աստուած զոհերուն հոգիները լուսաւորէ, մխիթարութիւն պարգեւէ անոնց ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորներուն։ Աստուած ամուր ու հաստատ պահէ մեր Հայրենիքը եւ հեռու՝ ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ»։

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը, Կիլիկեան Միաբանութիւնը եւ մեր Ս. Աթոռին բոլոր թեմերը անգամ մը եւս իրենց բարոյական զօրակցութիւնը եւ խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհերու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն կը մաղթեն շուտափոյթ ապաքինում։

Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Մատրան եւ մեր բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ինկած զոհերու հոգիներուն համար։

Կ՚աղօթենք առ Աստուած, որ ողորմի զոհերու հոգիներուն, Իր Արքայութեան մէջ ընդունի զանոնք եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ համբերութիւն ու Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն։ 

Cilicia TV

Երկուշաբթի, 15 Օգոստոս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերը հաւաք մը ունեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս, գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Նորին Ս. Օծութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նշման մեծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեան։ Ապա, ան միաբան հայրերուն կարգ մը յիշեցումներ կատարեց եւ անոնցառաքելութեան ու յառաջիկայ գործունէութեան առնչուած իր հայրական ցուցմունքներն ու թելադրանքները փոխանցեց։

Հաւաքի ընթացքին յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ վերջերս պատահած պայթումին, որուն հետեւանքով զոհուեցան հայորդիներ, եղան անհետ կորածներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ։ Միաբան հայրերը իրենց ցաւն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայրենի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն եւ իրենց աղօթքը վերառաքեցին առ Աստուած, որ լոյս խորաններու մէջ հանգչեցնէ զոհուածներուն հոգիները, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւորներուն եւ ոյժ ու համբերութիւն տայ մեր հայրենակիցներուն։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը ուղերձ է յղել «Սուրմալու» առեւտւրի կենտրոնում տեղի ունեցած ողբերգութեան առթիւ։

Ուղերձում ասւած է. «Խոր մտահոգութեամբ եւ ցաւով ականատես եղայ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին։ Կը ցաւակցիմ Հայաստանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Թող Աստուած զոհերուն հոգիները լուսաւորէ, մխիթարութիւն պարգեւէ անոնց ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորներուն։

Աստուած ամուր ու հաստատ պահէ մեր Հայրենիքը եւ հեռու՝ ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ»։

Երկուշաբթի, 4 եւ Երեքշաբթի, 5 Յուլիս 2022-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Հայրապետանիստ Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին եւ Կիլիկիա թանգարանի սրահին մէջ կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը։

 

Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ ու միաբան հայրերու մասնակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անցնող քանի տարիներուն Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութենէն առ յաւէտ հեռացած վախճանեալ միաբաններու հոգիներուն համար։

 

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Վեհարանի Դահլիճին մէջ, Տէրունական աղօթքով սկիզբ առաւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի բացման նիստը։ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի բացատրական խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ ժամանակաւոր եւ մնայուն դիւաններու ընտրութիւն, օրինականացնելու ժողովական ընթացքը։ Ժամանակաւոր դիւանն էր Միաբանութեան երիցագոյն եւ կրտսերագոյն անդամները՝ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան. իսկ մնայուն դիւանը՝ համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան ու Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան. ատենադպիրներ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։ Ժողովը նաեւ ընտրեց Բանաձեւի Յանձնախումբը՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան եւ Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեան։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր հայրական խօսքն ու պատգամը։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք միաբան հայրերուն՝ շեշտեց, որ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին նպատակն է, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթղիկոսութեան ուխտեալ միաբաններ, միասնաբար քննել, անդրադառնալ եւ բարձրաձայն մտածել եւ լուծումներու մասին խորհիլ ներկայ ժամանակներուն եկեղեցիին, եկեղեցականին ու մեր ժողովուրդին կեանքը յուզող խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու մասին։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միաբանութեան անդամներուն վարքագծերուն եւ նոր օրերու պայմաններու հարցերը լուսարձակի տակ բերաւ՝ յորդորելով յատկապէս նոր սերունդի միաբանները, պահպանելու Կիլիկեան միաբանի աւանդական կեցուածքներն ու ըմբռնումները՝ հոգեւորական ասպարէզին նկատմամբ: Վերջապէս, միաբան հայրերու միջեւ սիրոյ ու եղբայրութեան զգացումներուն ամրապնդման կարեւորութիւնը շեշտեց Նորին Ս. Օծութիւնը:

 

Հայրապետին խօսքէն ետք, երկրորդ նիստին, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ընթերցեց Տնօրէն ժողովի զեկոյցը, որմէ ետք Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան ընթերցեց կանոնագրութեան զեկոյցը։ Ապա, կատարուեցաւ Տնօրէն ժողովի նոր անդամներու ընտրութիւնը, որոնք կը բաղկանային հետեւեալ միաբաններէն՝ (Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան)։

 

Ժողովը յաջորդական եօթը նիստերու ընթացքին գլխաւոր չորս դասախօսութիւններու, զեկոյցներու եւ քննարկումներու ընդմէջէն մտասեւեռումի նիւթ դարձուց հետեւեալ թեմաները.- ա) «Միաբանութիւն եւ Առաքելութիւն» (Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան). բ) «Դպրեվանքի Առաքելութեան Վերարժեւորում» (Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան). գ) «Միջ-եկեղեցական եւ միջ-Կրօնական» (Գերպ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան). դ) «Գործակցութիւն Նուիրապետական Աթոռներու Հետ» (Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան):

 

Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք միաբան հայրեր չորս խումբերու բաժնուելով տուեալ նիւթին շուրջ քննարկումներ կատարեցին եւ Միաբանութեան առաքելութիւնը առաւել եւս կենսագործելու նպատակադրող առաջարկներ կատարեցին եւ ապա, նիստերու աւարտին բանաձեւի յանձնախումբը ժողովին ներկայացուց Միաբանութեան ծառայական առաքելութեան յառաջիկայ շրջանի ուղեցոյցը, ուր յստակօրէն պարզուած էր Վեհափառ Հայրապետին կատարած ցուցմունքները ու թելադրանքները։

 

Երկօրեայ դասախօսութեանց եւ քննարկումներու աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը փոխանցեց իր հայրական եզրափակիչ խօսքը։ Ան լուսարձակի տակ առնելով մեր Ս. Աթոռին առաքելութեան յատկանշական բնագաւառները՝ շեշտեց, որ այսօր հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռը կը գտնուի բարձրունքի վրայ, սակայն պէտք չէ մեր հասած բարձրունքով գոհանանք եւ բաւարարուինք, այլ պէտք է ամէն օր նոր նուաճումներ արձանագրենք։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ հոգեւորականի կեանքին առանցքը կը կազմէ հոգեմտաւոր կազմաւորումը, որպէսզի ան կարողանայ քայլ պահել այսօրուան աշխարհին հետ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքները հոգայ՝ միշտ ըլլալով անոնց հետ ու անոնց կողքին։

 

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց Միաբան Հայրերուն՝ անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք իրենց եկեղեցական ու ազգային ծառայական կեանքին ու առաքելութեան մէջ։

 

Երկօրեայ Ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոս»ի շարականի, «Կիլիկիա» օրհներգի եւ «Ի վեհ Բարձանց» Հայրապետական մաղթերգի միաբան հայրերու միաբերան երգեցողութեամբ։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու անոր Միաբանութիւնը։

 

Վեհափառ Հայրապետին բացման թէ եզրափակիչ հայրական խօսքերը ուղեցոյց հանդիսացան Միաբանութեան յառաջիկայ կեանքին ու գործունէութեան: Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը առիթ հանդիսացաւ Կիլիկեան Միաբանական Ուխտին վերանորոգման: Միաբան հայրերուն ժամերգութեանց եւ Ս. Պատարագի հաւաքական մասնակցութիւնը առաւել եւս զօրացուց Կիլիկեան Միաբանութեան պատկանելիութիւնը եւ մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին նկատմամբ իւրաքանչիւր միաբանի հաւատարմութիւնը: Երէց եւ նոր սերունդներու միաբաններու միասնական քննարկումներն ու սրտբաց զրոյցները փոխադարձ սիրոյ ու անկեղծութեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունենալով, առաւել եւս սերտացուցին անոնց միջեւ եղբայրական կապը:

 

Նշենք, որ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովէն բանաւոր բացակայ էին վեց միաբան հայրեր

Անցնող շաբաթավերջին, արժանավայել կերպով նշեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 27 ամեակը։ Այս առիթով, Կիրակի, 3 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբան հայրեր Ս. Խորանէն ընթերցեցին Աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ՝ գոհութիւն ու փառք տալով Աստուծոյ եւ աղերսելով, որ Տէրը Հայրապետին առողջ ու ծառայութեամբ բեղուն երկար կեանք պարգեւէ, իսկ հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ անսասանութիւն։

 

Հայրապետին նախագահութեամբ Ս. Պատարագը մատուցեց Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը, իսկ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կիլիկիա մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը։ Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանիս Շնորհալի երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

 

Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդաներ, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ազգային երեսփոխաններ, բարերարներ, ինչպէս նաեւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան համար Լիբանան ժամանած ուխտաւորներ։

 

Հայրապետական Մաղթանքին յաջորդեց Շահան Սրբազանին քարոզը։ Ան իր քարոզին (Եբր 6.18-19) ընթացքին անդրադարձաւ, Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնական դերակատարութեան, յատկապէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեամբ սկիզբ առած այն նոր ընթացքին, որ նոր հորիզոններու դիմաց բանալով յաղթական երթի առագաստները, հայութեան նաւը առաջնորդեց եւ կը շարունակէ նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ՝ դէպի ափունքը խաղաղութեան նորոգուած նաւահանգիստին՝ մէկ ու միասնական հայութեան եւ հայրենիքին:

 

Ապա, օրուան խորհուրդին եւ տօնին ընդառաջ, Սրբազանը հայրը Հայրապետին անսակարկ նուիրումի 27 տարիներու «հաւատքի առաքելութիւն»ը յատկանշեց՝ (ա) հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացումով (եկեղեցաշինութիւն, Դպրեվանքի նոր սերունդներու պատրաստութիւն, Միաբանութեան թիւի եռապատկում, քրիստոնէական դաստիարակութեան ծաւալում), (բ) մտաւորական իր փորձառութեամբ մշակութային վերելքով (միաբաններու համալսարանական ուսման ծրագրի յաջողութիւն, մտաւորականներու համախմբում, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ծրագիրներ, հայագիտական կեդրոնի հաստատում, գիտաժողովներու կազմակերպում, հրատարակչական գործունէութեան ընդարձակում), (գ) համահայկական կարեւորագոյն խնդիրներուն իր զօրեղ ներկայութեամբ ու գործնական մասնակցութեամբ (Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց թէ Սփիւռքի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իրաւունքներու  վերատիրացման պահանջատիրութիւն), (դ) բազմաբնոյթ ու բազմամակարդակ յարաբերութիւններու մշակումով (ներհայկական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական, միջազգային):

 

Եւ սրբազանը եզրափակելով՝ ըսաւ. «Կիլիկիան Ս. Աթոռը նոր փայլք ու հմայք ստացաւ Վեհափառ Հայրապետով, որ իր ծառայութեան 27 տարիները լեցուց եւ կը շարունակէ լեցնել մեզ հարստացնող այնպիսի իրագործումներով, զորս Հայրապետական Մաղթանքի առիթով արտասանուած որեւէ խօսքի մէջ կարելի չէ ամփոփել: Վեհափառը ո՛չ միայն մեր պատմութեան եզակի նկատուող անձերէն մէկն է, այլ գլխագիր եզակի Վեհափառն է»: Արեւշատ, առողջ ու արգասաբեր երկար տարիներու մաղթանքով քարոզիչ սրբազանը աւարտեց իր խօսքը:

 

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Հայրապետական թափօրով հաւատացեալները ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր Շնորհալի երգչախումբը հրամցուց փունջ մը ազգային երգեր։ Հուսկ, Հայրապետը սրտի խօսք առնելով՝ յատուկ ուրախութեամբ ողջունեց թեմակալ առաջնորդները, միաբան հայրերը, թեմերուն ներկայացուցիչները եւ ի մասնաւորի՝ հայկական պատմական երեք կուսակցութիւններուն վերին մարմիններուն ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ յայտնելով, որ  յատկապէս յետ-ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, անոնք Սփիւռքի կազմակերպման, վերակազմակերպման ու ծաղկման, ինչպէս նաեւ հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողքին, առանցքային դերակատարութիւն ունեցան եւ կը շարունակեն իրենց կարեւոր գործունէութիւնը՝ բնականաբար նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեր բոլորին տունն է, մեր ազգի տունն է։ Այս տան հիմերը բարձրացած են մեր հաւաքական հաւատքին, արժէքներուն, սկզբունքներու եւ իտէալներու վրայ։ Անսասան է Մեծի Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որովհետեւ կը հաւատայ գերագոյն արժէքներու, սկզբունքներու՝ մեր ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին կապուած։ Ա՛յս եղած է մեր Ս. Աթոռին սկզբունքները եւ՝ կեանքի ճամբան ու առաքելութեան նպատակը։ Հետեւաբար, այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւնը կը վերանորոգէ իր ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը, նշեց Հայրապետը։ Թող Աստուած անսասան պահէ Հայաստան աշխարհը, Արցախը, մեր եկեղեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, մեր բոլոր կազմակերպութիւնները եւ մեր ազգը ամբողջ, իր խօսքը եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ ներկաներուն միաբերան «Կիլիկիա» քայլերգի եւ Հայրապետական մաղթերգերու երգեցողութեամբ։

 

Ներկաները աջահամբոյրով Նորին Ս. Օծութեան փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։

Հայ Եկեղեցին վերանորոգող ու մարդ անհատի հոգին մաքրող արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, որ աւանդութեան համաձայն տեղի կ՚ունենայ եօթը տարին անգամ մը։ Հասած է ժամը Միւռոնօրհնութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան Անթիլիասական շրջանի տասներրորդ Միւռոնօրհնութիւնն է որ կատարուեցաւ։ Աշխարհի չորս անկիւններէն հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ եկած են մասնակից դառնալու եւ դիտելու, թէ ինչպէս Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի Սրբազնագոյն Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչէն Սիս հասած Սրբալոյս Միւռոնը Անթիլիասի նոր Սուրբ Միւռոնին մէջ կը հեղու։

 

Արդարեւ, Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 07:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Եպիսկոպոսապետի հանդերձաւորումով դուրս եկաւ Վեհարանէն գլխաւորելու եւ նախագահելու Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան Հայրապետական շքերթն ու արարողութիւնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը պահպանող պատմական արկղը շալկող երկու հոգեւորականներ, Ս. Էջմիածնի Միւռոնը, հին Միւռոնը, բալասանը եւ վարդի իւղը բռնող եպիսկոպոսներ եւ միաբան հայրեր, հանդիսաւոր թափօր կազմած հասան Մայր Տաճարի մուտքին բարձրացած Ս. Խորան:

 

Բազմահազար ուխտաւորներ արդէն օրեր առաջ սկսած էին ժամանել Անթիլիասի Մայրավանք՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։ Ուխտաւորներու ներկայութեամբ առաւել եւս գեղեցկացած էր Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակը։ Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութիւնը կը հաստատէր մեր ժողովուրդի ամուր կապուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը հայ եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր հաւատքի առաքելութեան նկատմամբ:

 

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներու շարքին, սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեան եւ Գերշ. Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան. իսկ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

 

Սրբազան արարողութեան ներկայ եւ աղօթակից էին զանազան եկեղեցիներու՝ Ասորի եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ. Պատրիարքը, Ֆրանսիս Պապին անձնական ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Ղպտի Ուղղափառ, Մարոնիթ, Յոյն Ուղղափառ, Յոյն Կաթոլիկ, Ասորի Կաթոլիկ, Հայ Կաթոլիկ, Քաղդէացի, Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատցեալ ուխտաւորներ։ Զանազան եկեղեցիներու պետերը, որոնք չկրցան անձամբ եւ կամ ներկայացուցիչներու միջոցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, շնորհաւորական նամակներ յղեցին Վեհափառ Հայրապետին:

 

Միւռոնօրհնութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։ Հայրապետական Ամպ Հովանին բռնելու պատիւը տրուեցաւ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, Կարօ Էշկիեանի, Յովսէփ Աւետեանի, Զաւէն Կէօնճեանի, Գրիգոր Մահսէրէճեանի, Վարդան Նարինեանի, Վարդգէս Մահտեսեանի եւ Հրաչ Յակոբեանի։ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի ու Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։

 

Միւռոնօրհնէքի արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի:

 

Արարողութիւնը ընթացաւ Աստուածաշնչական եւ աղօթքներու ընթերցումներով՝ Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակից եպիսկոպոսներու կողմէ, աղերսելով Աստուածային օրհնութիւն ու Ս. Հոգիին ներգործութիւն: Սրբալոյս Միւռոնի պատմական կաթսային կափառիչը բացուեցաւ եւ արարողապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի հրաւէրով եպիսկոպոսներ հերթաբար Վեհափառ Հայրապետին յանձնեցին անուշաբոյր վարդի իւղն ու բալասանը, որ յատուկ աղօթքներու ընթերցումով Նորին Ս. Օծութիւնը խառնեց նոր Միւռոնին: Ապա, ան նոր Միւռոնին խառնեց Ս. Էջմիածնի Միւռոնը, ի նշան Հայ Եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան։ Եւ, վերջապէս, միւռոնաթափ աղաւնիին ընդմէջէն Վեհափառ Հայրապետը հեղուց եռամեծար հայրապետներուն ձեռքով պատրաստուած հին Միւռոնը։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը հայ եկեղեցւոյ հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Աջով օրհնեց Միւռոնն ու ներկայ հազարաւոր ժողովուրդը:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեանը։ Ան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց եղբայրական ողջոյնները, իսկ ներկայ հոգեւորականաց դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ Հայրապետական օրհնութիւններն ու սէրը։

 

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Սրբազնագոյն Հայրապետը բազմահազար ներկայ հաւատացեալներուն եւ արբանեակային ուղղակի հեռարձակումի ճամբով աշխարհի չորս ծագերուն մեր ժողովուրդի զաւակներուն իր Հայրապետական հոգեշունչ պատգամը յղեց։

 

Վեհափառ Հայրապետը խօսելով Ս. Միւռոնի մասին՝ ըսաւ. «Սոսկ ծիսական արարողութիւն մը չէ Միւռոնի օրհնութիւնը։ Ան Աստուծոյ էջքն է երկիր ու մարդուն բարձրացումը երկինք։ Աստուծոյ ու մարդու հաղորդութեան խորախորհուրդ պահն է միւռոնի օրհնութիւնը՝ Սուրբ Հոգւոյ երկնառաք շնորհներու ներգործութեամբ։ Մեր ազգին հոգեւոր պայծառակերպումի ու ազգային վերանորոգման պահն է միւռոնի օրհնութիւնը՝ մեր հոգեւոր ու ազգային աւանդութիւններու, արժէքներու ու ապրումներու միախառնումով։ Խոր է իմաստը եւ հրաշազան խորհուրդը հայու Սրբալոյս Միւռոնին։ Աստուծոյ ստեղծագործութեան բարիքները կան Միւռոնին մէջ՝ ձէթի կողքին աւելի քան քառասուն ծաղիկներու եւ հունտերու ներդաշնակ միաձուլումով։ Իր նիւթեղէն գոյութենէն անդին՝ երկնային սրբութեան ցօղն է Միւռոնը մեր մեղապարտ կեանքին վրայ ու երկնային լոյսին ճառագայթը մեր խաւար երկնքին վերեւ»։

 

Հայրապետը իր խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ. «Միւռոնաբոյր այս պահը մեր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման, մեր ազգային ինքնութեան վերահաստատման պահ է ու միաժամանակ՝ երկնային հրաւէր ազգին միւռոնադրոշմ զաւակներուն.-

 

«Մնացէ՛ք հաւատարիմ ձեր ճակտին վրայ դրոշմուած Սուրբ Միւռոնին, անոր խորհուրդին ու հրամայականին։ Մնացէ՛ք հաւատարիմ Սրբալոյս Միւռոնի յաւերժական պատգամին։

 

«Սրբալոյս Միւռոնով մենք միակամ ենք ու հզօր։

 

«Սրբալոյս Միւռոնով Հայաստանը, Արցախը ու Սփիւռքը անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն են։

 

«Սրբալոյս Միւռոնով մենք դէպի յաղթական ապագայ ընթացող ազգ ենք»։

 

Իր պատգամի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը աղօթք վերառաքեց ամենակալ Աստուծոյ՝ խնդրելով Սուրբ Հոգւոյ շնորհները.- «Ո՜վ Տէր, թող այս Միւռոնը երկնային օրհնութեամբ շաղախէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքի օրերը, մեր մտածումներն ու գործերը։

 

«Թող այս Միւռոնը սրբութիւն ցօղէ տեսանելի ու անտեսանելի մեղքերով լեցուն մեր կեանքին վրայ։

 

«Թող այս Միւռոնի օծումով՝ մեր մանուկներուն կեանքը Սուրբ Հոգւոյն շնորհներով ծաղկի, մեր հոգեւոր մշակները կոչումի խոր գիտակցութեամբ կատարեն իրենց քրիստոսատուր առաքելութիւնը, մեր եկեղեցիները պայծառանան հաւատացեալներու աղօթքով ու մասնակցութեամբ։

 

«Թող այս Միւռոնի հպումով հիւանդները բուժուին, չարիքները հեռանան ու չարերը պարտուին։

 

«Թող այս Միւռոնը լուսաւորէ մեր կեանքի խաւար երկինքը ու մոլոր ճամբաները, սրբէ մեր հոգիները, մաքրէ մեր սրտերը ու օրհնէ մեր կեանքը։

 

«Թող այս Միւռոնը, ո՜վ Տէր, համախմբէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մեր ժողովուրդի զաւակները մէկ ազգի ու հայրենիքի շուրջ՝ մեր պատմութեան այս վճռադրոշմ հանգրուանին։

 

«Թող այս Սրբալոյս Միւռոնը դառնայ յաւերժահոս աղբիւր՝ երկնային բարիքներու, հոգեւոր վերածննդեան, ազգային միասնութեան եւ յաւերժայաղթ հայութեան»։

 

Ապա, իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Ասորի եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ. Պատրիարքը յայտնեց, թէ հակառակ աշխարհին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, քրիտսոնեայ եկեղեցիները միասնաբար կը փորձեն դիմակայել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։ Ան վերյիշեց հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն եւ եկեղեցիներուն ունեցած դարաւոր յարաբերութիւնը՝ շեշտելով, որ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան այս արարողութիւնը առիթ կ՚ընծայէ վերանորոգելու երկու եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական ոգին։

 

Պատրիարքի խօսքէն ետք, Ֆրանսիս Պապին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց պապական ներկայացուցիչը։ Պապը իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսուեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան եւ իր աղօթքը միացուց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած ուխտաւոր ժողովուրդին։

 

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով, «Կիլիկիա» քայլերգով եւ «Ի վեհ բարձանց» ու «Կիլիկեան ուխտի» Հայրապետական մաղթերգերով։

 

Վեհարանի մուտքին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջով օրհնեց հաւատացեալ ներկայ ժողովուրդը։

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ այսօր` 2022 թւականի յուլիսի 1-ին, Իրանի ժամով 20։30-ին, Անթիլիասի Մայրավանքում տեղի ունենալիք Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեանը առցանց կարող էք հետեւել` CILICIA TV-ի
Facebook-ի
https://www.facebook.com/holyseeofcilicia/
եւ Youtube-ի
https://youtube.com/c/CiliciaTV
էջերից։

(Անհրաժեշտ է միացնել VPN)

Հանրային Կապ
Սպահանի հայոց թեմի
Ազգային առաջնորդարանի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ 2022 թւականի յուլիսի 1-ին, Անթիլիասի Մայրավանքում տեղի ունենալիք Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեանը, յանուն Սպահանի հայոց թեմի մասնակցելու են թեմի Առաջնորդ գերշ. Տէր Սիփան Ս. Եպս. Քէչէճեանը եւ Կրօնական խորհրդի ատենապետ Զաւէն Սիմոնեանը:

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յորդորի համաձայն մեր թեմում եւս կազմակերպւեց նւիրահաւաք, որին իրենց մասնակցութիւնը բերեցին համայնքիս ուխտաւոր զաւակները։

Սպահանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը զօրավիգ է հայ եկեղեցու ու ազգի կեանքում յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող այս իրադարձութեանը:

 

Հանրային Կապ

Սպահանի հայոց թեմի

Ազգային առաջնորդարանի

30 յունիսի 2022

Ուրբաթ, 24 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի Մայրավանքի գրասենեակին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուհամմատ Ճալալ Ֆիրուզնիային։

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի պարզած ընկերատնտեսական ու քաղաքական ներկայ կացութիւնը, յատկապէս խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, ինչպէս նաեւ Իրանի հայութեան դերակատարութիւնը երկրի առաւել զարգացման ու յառաջդիմութեան աշխատանքներուն մէջ, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի յարաբերութիւնը, մանաւանդ Արցախի պատերազմէն ետք եւ այս ծիրէն ներս Արցախի ինքնիշխան կարգավիճակի հարցը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մտահոգութիւններ։

 

 

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

 

Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի կատարէ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն։

 

Մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող դէպք մըն է Միւռոնօրհնէքը։ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար ան առիթ է քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման, հոգեւոր կեանքի վերանորոգման եւ ազգային պատկանելիութեան ամրացման։

 

Դարաւոր աւանդութեան համաձայն, Միւռոնօրհնութեան առիթով մեր ժողովուրդի զաւակները ուխտ կ՚ընեն եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կը կատարեն, որպէս գործնական մասնակցութիւն Միւռոնօրհնէքի սրբազան խորհուրդին։

 

Այս առիթով, մեր նուիրատու ազգայիններուն դիւրութիւն ընծայելու համար, բացած ենք հետեւեալ դրամատնային հաշիւը.-

 

Account:                                 R-502039

Beneficiary:                           Armenian Catholicosate of Cilicia

Iban:                                       CH77 08755 0502 0390 0400

Bank:                                      Banque Pictet & Cie SA,

Address:                                 Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73

Swift:                                      PICTCHGG

Bank Phone number:             +41 58 323 2323

 

Նուիրատու ազգայինները կրնան նաեւ Ազգ. Առաջնորդարաններու ճամբով կատարել իրենց նուիրատուութիւնները, իսկ Լիբանանի պարագային՝ ուղղակի Կաթողիկոսարանին։

 

ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 

Ուրբաթ, 17 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Կրօններու ու Մշակոյթներու Երկխօսութեան Կեդրոնի ներկայացուցիչ Ալ-Սայյըտ Մուհամմէտ Ռիտա Մուրթատաուիի: Հաղորդում է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:

 

Ներկայացուցիչը Նորին Սրբութեան յանձնեց յիշեալ կեդրոնի նորանշանակ ընդհանուր տնօրէնին՝ Մուհամմէտ Մեհտի Իմնիբուրի նամակը: Նամակին մէջ տնօրէնը կը շեշտէ ահաւոր տագնապներ դիմագրաւող ներկայ աշխարհին մէջ կրօններու միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ՝ արեւմտեան ընկերութեան մէջ հակա-իսլամական շարժումները կասեցնելու հրամայականը:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին յայտնեց, որ ընդհանրապէս միջ-կրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է աւելի քան երբէք եւ այս ուղղութեամբ ինք ոչ միայն հրատարակութիւններ կատարած ու դասախօսութիւններ տուած է, այլ նաեւ՝ գործնական քայլերու դիմած: Հայրապետը նաեւ ընդգծեց երկխօսութենէ անդին, աշխարհը յուզող մտահոգութիւններու ու խնդիրներու գծով միացեալ կեցուածք ճշդելու կարելիութիւնը:

 

Յայտնենք, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վերոյիշեալ կեդրոնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ շուրջ 25 տարիներէ ի վեր երկխօսութիւն գոյութիւն ունի՝ ժամանակակից հարցերու քննարկման առնչուած:

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոութիւնը դատ բացած էր Թուրքիոյ պետութեան դէմ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Յիշեալ դատը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի ծիրէն ներս առաջին իրաւական քայլն էր։ Հաղորդում է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոութիւնը:

Արդարեւ, նախ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատի քննութիւնը մերժուած էր եւ ապա Կաթողիկոսարանը դիմած էր Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան։ Այս վերջինը, մեկնելով իր սկզբունքներէն, թէ իրեն ներկայացող դատական թղթածրարը հարկ էր տուեալ երկրին դատական ատեաններու բոլոր հանգրուանները բոլորած ըլլար, թելադրած էր թղթածրարը յղել Թուրքիոյ Նախադատ Ատեանին։

Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը անհրաժեշտ խորհրդակցութիւններէ ետք որոշեց դիմել Թուրքիոյ Նախադատ Ատեան, այն յստակ համոզումով ու հեռանկարով, որ Թուրքիոյ դատական համակարգին կողմէ դատը մերժուելէ ետք ուղղակիօրէն պիտի դիմէ դարձեալ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարանին։

Յայտնենք, որ շուրջ ամիս մը առաջ, յիշեալ դատին գծով, Թուրքիոյ Նախադատ Ատեանը իր վճիռը արձակեց եւ թղթածրարը այժմ կը գտնուի Վերաքննիչ Ատեանին մօտ։

Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն հայ եւ օտար իրաւագէտներ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, մօտէն կը հետեւի դատի իրաւական գործընթացին։ Բնականաբար, մեր ժողովուրդը տեղեակ պիտի պահենք յառաջիկայ զարգացումներուն մասին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսն ուղերձ է յղել Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի կապակցութեամբ: Ինչպէս տեղեկացնում է «Արմէնպրես»-ը, վկայակոչելով «CiliciaTv»-ին, Արամ Ա կաթողիկոսը նախ իր մտահոգութիւնն է յայտնել Հայաստանում եւ Արցախում վերջին շրջանում տեղի ունեցող իրադարձութիւնների հետ կապւած:

«Ճգնաժամի մէջ է մեր ազգը: Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյութիւնը: Վտանգւած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ նոյնիսկ անկախութիւնը: Մեր պահանջատիրութիւնը լուրջ մարտահրաւէրների առջեւ է կանգնած»,- ասել է Արամ Ա կաթողիկոսը:

Ըստ Արամ Ա-ի` առաջին հերթին հայ ազգը պէտք է համախմբւի գերագոյն եւ ընդհանրական գաղափարների, շահերի եւ արժէքների շուրջ:

«Իրօք, կարգախօսներ կրկնելով եւ իրար արհամարհելով չի կարելի իրաւունք պաշտպանել, հայրենիք կառուցել ու պետութիւն հզօրացնել: Հարկ է ազգին ողջ մարդուժը եւ ներուժը համախմբել ու գործի մղել՝ բոլոր բնագաւառներում, ներքին թէ արտաքին ճակատներում, մեզ շրջապատող տագնապների դէմ եւ ապագայի տեսլականների շուրջ»,- ընդգծել է Արամ Ա-ն:

Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ է համարում մերժել որեւէ առաջարկ կամ համաձայնագիր, որը կարող է վտանգել Հայաստանի անկախութիւնը:

«Գիտե՛նք, աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները ի նպաստ մեզ չեն։ Տարածաշրջանում համապարփակ խաղաղութեան հաստատման համաձայն ենք. սակայն՝ ո՛չ ի հեճուկս Հայաստանի անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու անկախութեան. ո՛չ զիջումներ միայն կատարելով եւ թոյլ դիրքերից բանակցելով»,- շեշտել է Արամ Ա-ն:

Արամ Ա-ի խօսքով` անհրաժեշտ է քաջութիւն ունենալ մերժելու որեւէ առաջարկ, պարտադրանք կամ համաձայնագիր, որ կարող է սպառնալ Արցախի հայութեան անվտանգութեան եւ հարցականի տակ դնել իր կամքը ազատօրէն արտայայտելու Արցախի ժողովրդի իրաւունքը։

«Ոչ ոք իրաւունք չունի անտեսելու իր պատմական հողերի վրայ ապրող ժողովրդի  ինքնորոշման իրաւունքը, որը յստակօրէն ընդգծւած է մարդու իրաւունքների հռչակագրի մէջ։ Անկախութիւնը բացարձակ արժէք է եւ չի կարելի այն սակարկութեան նիւթ դարձնել»- ասել է Արամ Ա-ն:

Ըստ Հայրապետ Վեհափառի` հայ ժողովրդի պահանջատիրական պայքարը պէտք է նոր շեշտ ու ծաւալ ստանայ` համահունչ ներկայ ժամանակների աշխարհաքաղաքական պայմաններին եւ մարտահրաւէրներին:

«Թուրքիան, պետութեան լայն կարողութիւնները օգտագործելով իր ժխտողական քաղաքականութիւնը աւելի կազմակերպւած շարունակում է՝ արեւմտեան համալսարաններում թրքագիտութեան ամբիոններ հաստատելով, հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող տեղեկատւական կենտրոններ հիմնելով եւ այլ միջոցներով։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութիւնը, եկեղեցին եւ հայ դատի մարմինները, աշխատանքի բաժանումով ու ներդաշնակ գործակցութեամբ առաւել թափով շարունակեն հետապնդել մեր նւիրական դատը։ Սա համազգային պարտաւորութիւն է»,- եզրափակել է Արամ Ա-ն:

Քրիստոսի հետ ապրած, Նրա երկրաւոր կեանքի բոլոր դրւագներին հաղորդակից դարձած, Նրա ուսուցումները լսած ու հրաշքներին ականատես եղած աշակերտների համար խորապէս ցնցիչ դէպք էր Քրիստոսի յարութիւնը։ Նրանք տակաւին չէին կարողացել լիովին ըմբռնել յարութեան խորհուրդը։ Յարութեան դէպքից որոշ ժամանակ յետոյ միայն, առաքեալներն սկսեցին հասկանալ ու Քրիստոսի հետեւորդներին բացատրել յարութեան դէպքի իւրայատուկ նշանակութիւնը՝ յատկապէս շեշտելով նրա առանցքային կարեւորութիւնը քրիստոնեայ մարդու կեանքի մէջ եւ կոչ ուղղելով ապրելու յարութեան խորհուրդն ու իմաստը։

 

          Քրիստոսի յարութեան խորհրդով օծուն այս օրերին, անհրաժեշտ է հետեւեալ կարեւոր յիշեցումները կատարել.-

          - Քրիստոսի յարութիւնը՝  հիմքն է մեր հաւատի:  Պօղոս առաքեալը շեշտակիօրէն հաստատում է եւ յիշեցնում նորադարձ քրիստոնեաներին, թէ՝ եթէ Քրիստոսը յարութիւն առած չլինէր մեր հաւատը պիտի կորցնէր իր հիմքն ու իմաստը (Ա.Կր 15.13-14)։ Յարութիւնն էր, որ Աստծու Որդու ուսուցումների ու հրաշքների եւ ընդհանրապէս Նրա երկրաւոր առաքելութեան իմաստն ու նպատակը պարզեց։ Ա՛րդ, առանց յարութեան կարելի չէ հասկանալ Քրիստոսի մարդեղութիւնը եւ մարդու փրկութիւնը, որի համար աշխարհ էր եկել Աստծու Որդին։

 

          - Քրիստոսի յարութիւնը՝  յաղթանակն է կեանքի։  Կեանքը՝ Աստծու պարգեւը մարդուն, ապականւել էր Ադամի մեղքով եւ նրան յաջորդող սերնդների մարդակենտրոն կենցաղակերպով։ Աստծու Որդին աշխարհ էր եկել այլափոխելու մեղքով ու ապականութեամբ շաղախւած մարդու կեանքը, եւ իրեն օժտելու նոր կեանքով։ Իր խաչով ու յարութեամբ Քրիստոսը յաղթեց մահւան եւ մարդուն պարգեւեց աստւածատուր կեանքը վերստին ապրելու շնորհքը։ Քրիստոսի յարութեամբ, մարդը զինւեց մահից դէպի կեանք ընթանալու հաւատի ու յոյսի զօրութեամբ։ Առաքեալը վկայում է թէ՝ Աստւած մարդուն «Վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով»  (Եփ 2.5)։ Նոյն առաքեալը նաեւ հաստատում է, թէ իր համար կեանքը Քրիստոսն է։

 

          - Քրիստոսի յարութիւնը՝  հրաւէր է Աստծու հետ հաշտութեան։  Աստւած առաջին մարդուն Իրեն գործակից էր նշանակել, նրան օժտելով բանականութեամբ ու կամքի ազատութեամբ, նրան տալով տիեզերքը կառավարելու եւ առաւել հարստացնելու պարտականութիւնը։ Սակայն, մարդը հաւատարիմ չէր գտնւել իր կոչմանը եւ հեռացել էր Աստծուց։ Աստծու Որդին իր մարդեղութեամբ ու առաքելութեամբ մարդուն մօտեցրեց Աստծուն եւ հայր ու որդու փոխ-յարաբերութեան ուխտը կնքեց Աստծու եւ մարդու միջեւ. առաքեալի բառերով՝ «Աստւած Իր Որդուն մահով մեզ Իր հետ հաշտեցրեց»  (Հռ 5.10)։ Առաքեալն ապա կոչ է ուղղում ասելով՝ «Հաշտւեցէ՛ք Աստծու հետ, որովհետեւ Աստւած մեզ համար մեղքի պատարագ արեց Քրիստոսին»  (Բ.Կր 5.20-21)։

 

          - Քրիստոսի յարութիւնը՝  Ճանապարհ է փրկութեան։ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը անկեալ մարդու փրկութիւնն էր, անառակացած մարդու վերադարձը դէպի իր երկնաւոր Հայրը, մահացած մարդուն նոր կեանք պարգեւելն էր։ Խաչի զօրութեամբ ու յարութեան յաղթանակով Քրիստոսը մարդու առջեւ բացեց փրկութեան ճանապարհը։ Պօղոս Առաքեալն իր կեանքի փորձառութեամբ վկայում է թէ՝ «Կը փրկւենք Քրիստոսի կեանքով»  (Հռ 5.10)։

 

          Ա՛րդ, քրիստոնեայ մարդը կոչւել է ոչ միայն Քրիստոսին դաւանելու՝ որպէս միակ Փրկիչը աշխարհի, այլ՝ մարդու համար խաչով յարութիւն կերտած յարուցեալ Քրիստոսն ապրելու։ Առաքեալը հաստատում է՝ «Ինձ համար կեանքը Քրիստոսն է»  (Փլմ 1.21) եւ աւելցնում է՝ «Ես չէ որ ապրում եմ, այլ՝ Քրիստոսն է, որ ապրում է իմ մէջ»  (Գղ 2.20)։

 

          Ի՞նչ է նշանակում Քրիստոսն ապրե՛լ՝ որպէս կեանքի ուղեցոյց ու նպատակ.

          Քրիստոսն ապրել՝ հաւատարիմ լինելով Աստւածաշնչին, նրա ուսուցումներին ու արժէքներին։

          Քրիստոսն ապրել՝ Նրան մեր մտածումների ու գործերի առանցքը դարձնելով։

          Քրիստոսն ապրել՝ օգնելով կարիքաւորին ու զրկեալին եւ ծառայելով ուրիշին։

          Քրիստոսն ապրել՝ որպէս «Ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք», ինչպէս Քրիստոսը բնութագրեց Ինքն Իրեն (Յհ 14.6)։

 

          Ա՛յս է քրիստոնեայ լինելու ճշմարիտ կերպը, ճի՛շտ ճամբան։

 

          Ապրում ենք չարով ու չարիքներով լեցուն աշխարհի մէջ։ Շրջապատւած ենք մարդու կեանքից Աստծու ներկայութիւնը հեռացնող տեսանելի եւ անտեսանելի երեւոյթներով։ Բազմաթիւ դժւարութիւններով տիրապետւած է մեր կեանքը։ Չմոռնանք առաքեալի յիշեցումը, թէ՝ Քրիստոսն «Իր անձը տւեց մեր մեղքերի համար, որպէսզի Աստծու՝  մեր Հօր կամքով մեզ ազատի ներկայ չար աշխարհից»  (Գղ 1.4)։ Ա՛րդ, ներկայ ժամանակների դառն պայմանների դիմաց, պէտք է զինւենք Քրիստոսի յարութեան հաւատով ու յոյսով։ Ներկայ փոթորկայոյզ աշխարհի մէջ Քրիստոսը պէտք է ապրենք որպէս մեր կեանքի միակ ուղեցոյցն ու ապաւէնը։

 

          Ա՛յս է Քրիստոսի թափուր գերեզմանից հնչող պատգամը։

 

 

 

 

          Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնի առիթով, եղբայրական ջերմ սիրով ողջունում ենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով երկար գահակալութիւն։ Ողջունում ենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանին, իրենց մաղթելով բեղմնաւոր ծառայութիւն Հայ Եկեղեցու անդաստանից ներս։

 

          Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով ողջունում ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներին, Հոգեւոր Դասին, Ազգային Իշխանութիւններին, մեր ժողովրդի կեանքի մէջ գործող կազմակերպութիւններին ու միութիւններին եւ մեր հաւատացեալ ժողովրդին։ Աղօթում ենք առ Աստւած, որ Իր երկնային հովանու ներքեւ պահի ու պահպանի Հայաստանն ու Արցախը եւ մեր ազգի սիրելի զաւակներին, որպէսզի կարողանանք, Յարուցեալ Փրկչի յաղթանակով հզօրացած, վերանորոգել մեր կեանքը եւ դիմագրաւել ներկայ ժամանակների բազմազան մարտահրաւէրները։

 

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:

Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։

 

ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

Սուրբ Զատիկ, 2022 թ.

Անթիլիաս, Լիբանան