ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻԼ՝

Ի ԽՆԴԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ

 

Տագնապալից պայմաններու մէջ կʼողջունենք Նոր Տարին։ Յուսահատութեամբ ու անորոշութեամբ լեցուն է հայ կեանքը։ Ահաւոր վտանգներով շրջապատուած են Հայաստանն ու Արցախը։ 

Իրատես հայեացքով դիտենք հայ կեանքը։ Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. Հայաստանը դարձեալ դարձած է կռուախնձոր մեծ ուժերու միջեւ։ Թշնամին պաշարումի ենթարկած է Արցախը։ Ան կը գտնուի նաեւ ինքնիշխան Հայաստանի սահմաններէն ներս՝ վտանգելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Նոյն թշնամին կը սպառնայ նման կացութիւններ ստեղծել որեւէ ժամանակ՝ անտեսելով միջազգային օրէնքներն ու մարդասիրական սկզբունքները։ Եւ աւելին, Հայաստանը կը մնայ միշտ ենթակայ աշխարհաքաղաքական շահերու բախումին, ինչպէս նաեւ ռազմական միջոցներով քաղաքական շահեր հետապնդելու ճնշումներու։

Փաստօրէն չունինք իրաւ բարեկամներ։ Առանձին ենք։ Չունինք ազգային ռազմավարութիւն։ Չունինք միացեալ ճակատ՝ ազգին տագնապները միա՛սնաբար դիմագրաւելու։ Միայն զիրար կʼամբաստանենք ու կը մեղադրենք։ Յաղթական Արցախը կորսնցուցած է իր ազատագրեալ հողերուն մեծ մասը ու կը դիմագրաւէ գոյութենական խնդիր։ Հայաստանը եւս ենթակայ է կորսնցնելու իր գերիշխանութիւնը։

Այս անել կացութեան դիմաց ի՞նչ ընել, որո՞ւ վստահիլ։ Պատասխանը յստակ է՝ մեր դարաւոր պատմութեան հարուստ փորձառութեամբ հաստատուած ու մեր բիւրաւոր նահատակներու արիւնով թրծուած.- վստահիլ մեր սեփական ուժին։ Հո՛ս է մեր հզօրութեան կռուանը, մեր փրկութեան միակ ճամբան։ Այլ ընտրանք չունինք։

5-րդ դարուն, մեր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին, մեր պատմահայրը, Մովսէս Խորենացին դարերէն եկող ու դարերուն գացող յիշեցում մը կատարեց ուղղուած մեր ազգին, ինչպէս նաեւ Հայաստանը շրջապատող կայսրութիւններուն, յայտարարելով՝ թէեւ փոքր ազգ ենք, սակայն «արութեան գործեր»ով լեցուն է մեր կեանքը։ Արդարեւ, մեր ազգը «արութեան գործեր»ով, այլ խօսքով՝ խոր հաւատքով եւ ազգին ու հայրենիքին համար արիւն թափելու ամուր վճռակամութեամբ հզօրացած հայրենիք կերտեց ու պաշտպանեց՝ հակառակ պարտադրուած բաժանումներուն, հալածանքներուն ու ցեղասպանութեան։ Վկա՛յ մեր դարաւոր պատմութիւնը։

Հետեւաբար, արթննա՛նք այլեւս ժողովուրդ հայոց, պատմական Հայաստանէն մնացած կտոր մը հողը եւս կրնայ մեր ձեռքէն երթալ։

Ներկայ ճակատագրական պայմաններուն մէջ, առաւել քան երբեք, հրամայական է ու անմիջական՝ համահայկական իտէալներու ու գերագոյն արժէքներու շուրջ մեր ազգին համախմբումը եւ անոր ազգային յանձնառութեան ամրացումը՝ քաղաքական հեռատեսութեամբ ու մարտունակ դիւանագիտութեամբ շաղախուած։

Այս պահը ազգային ուխտի վերանորոգման նուիրական պահ է։

Լսենք մեր սուրբերուն աղօթքը ու մեր հայրերուն պատգամը, եւ, հաւատարիմ մեր անցեալի ու ներկայի նահատակներու սրբազան կտակին, համախմբուի՛նք. համախմբուինք Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, որպէս մէկ ազգ, ի խնդիր Արցախի փրկութեան ու Հայաստանի անկախութեան պաշտպանութեան։

Այսօր մեր ազգին «արութեան գործ»ը պէտք է ըլլայ միասնականութիւն ամէն բանէ վե՛ր, մեր ողջ ներուժին ու մարդուժին համախմբումով ու հայոց բանակին վերակազմակերպումով։

Նոր Տարուան սեմին, իր երակներուն մէջ հայու արիւն ունեցող հայը ուրիշ մաղթանք չի կրնար կատարել։

Թող Աստուած անսասան պահէ մեր ազգը ու հզօր՝ Հայաստանն ու Արցախը։

Թող Աստուած մեր ժողովուրդին առջեւ բանայ սիրոյ ու համերաշխութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան ճամբան։

ԱՐԱՄ ԱԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 Յունուար, 2023

Անթիլիաս, Լիբանան

 

Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2022-ին, Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանին փոխանորդը եւ մշակութային կցորդը՝ դոկտ. Ղումէյս Պաքրը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ դեսպանատան բարձրաստիճան պատասխանատուներէն դոկտ. Ալի Քասիրին:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան յարաբերութեան եւ այդ ծիրէն ներս կրօնական երկխօսութեան, որ սկիզբ առած էր շուրջ 25 տարիներ առաջ: Վեհափառ Հայրապետը դիւանագէտին պարզեց Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակումով աւելի քան 120,000 հայ բնակչութիւնը դիմագրաւող տագնապը՝ իր այլազան երեսներով, եւ գնահատեց Իրանի հաւասարակշռուած մօտեցումը ընդհանրապէս Արցախի հարցին նկատմամբ: Դիւանագէտը մօտէն ծանօթ ըլլալով Արցախի հարցին՝ յայտնեց, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Իրանն ու Ազրպէյճանը կրօնակից են, սակայն Իրանը միշտ եղած է ու կը մնայ իրաւունքի ու արդարութեան կողքին:

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովը եռօրեայ բեղուն գործունէութեամբ աւարտին հասաւ, եզրափակելով Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի բազմերես ծառայութեան ճամբով վերարժեւորման ենթարկելով իր իրականացուցած գործունէութիւնը եւ կատարած իրագործումները, ազգային-հոգեւոր ծաղկման, Սփիւռքի ամրապնդման, հայակերտումի, ազգակերտումի ու հայրենակերտումի:

 

Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք յատկապէս, Սփիւռքի մէջ ազգահաւաքի եւ հոգեւոր ու ազգային վերընձիւղման Յոյսի Փարոս Անթիլիասը այսօր, իր աշխարհատարած թեմերով, Սիսի պատմական Կաթողիկոսութեան եւ անոր թեմերուն շօշափելի ներկայութիւնը իբրեւ, մէկ եւ ամբողջական պատկերով ու միասնական ոյժով կը գործէ, հաւաքականօրէն կենսագործելով իր նուիրական առաքելութիւնը:

 

Անցնող չորս տարիներու ընթացքին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու, ինչպէս նաեւ թեմերու ամփոփ տեղեկագիրները ցոյց տուին այն հսկայական աշխատանքը, որ կատարուած էր մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն համար, տարբեր բնագաւառներէ ներս, յատկապէս մեր նոր սերունդին համար:

 

Մեր ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ Միջին Արեւելեան երկիրներու ռազմաքաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի ապահովական տխուր ու անորոշ դրութիւնը, մեծագոյն մտահոգութիւնը կազմեցին եռօրեայ Ժողովի քննարկումներուն: Նորին Ս. Օծութեան այցելութիւնները յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ տագնապահար թեմերուն մէջ ապրող հայ ժողովուրդին, մեծ յոյս ներշնչած էին սոյն տառապող համայնքներու զաւակներուն, բալասանելով անոնց վշտաբեկ սրտին վէրքերը:

 

Հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման հրամայական անհրաժեշտութիւնը ներկայ աշխարհի յարափոփոխ իրականութեան դիմաց, անյետաձգելի կարիք է, որուն լծուած է Կիլիկեան մեր Ս. Աթոռը, Հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական միւս Աթոռներուն հետ միասին: Դպրեվանքի ճամբով մարդուժի պատրաստութիւնը եւ Միաբանութեան երիտասարդացումը, քահանայից պատրաստութիւնն ու հայ հոգեւորականի ուսումնական մակարդակին բարձրացումը, քրիստոնէական դաստիարակութեան աշխոյժ գործունէութիւնը, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական ծառայութիւնը, Աստուածաշունչի ներկայ աշխարհաբարի թարգմանութեան եւ հայ եկեղեցւոյ շարակնոցին ամբողջապէս եւրոպական ձայնագրութեամբ հրատարակութիւնը, Կիլիկեան Ս. Աթոռը յառաջամարտիկի դերին մէջ դրին, Սփիւռքի վերանորոգման, գաղութներու ամրապնդման ու հոգեւորապէս աճման մեծապէս նպաստելով: Աւելին, ներկայ աշխարհի ընկերաբարոյական կեանքը յուզող մեծ խնդիրներուն պատասխան գտնելու եւ երիտասարդութիւնը այդ ուղղութեամբ դաստիարակելու ուղեցոյց-գրքոյկի մը հրատարակութիւնը, իր կարեւոր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ այժմէականացման ճամբուն վրայ: Նոյնը նաեւ կրօնի դասագրքերու վերատեսութեան ենթարկման պարագային, ինչպէս նաեւ երբ ընկերային ցանցերով, կրօնական պատգամները աւելի հասանելի դառնան բոլորին:

 

Համաշխարհայնացման դժուարին ժամանակաշրջանին, երբ աւանդական արժեհամակարգը մեծ փոփոխութիւն կը կրէ, եկեղեցին դէպի ժողովուրդին տանելու ջանքը գործնապէս արտայայտութիւն գտաւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին ճամբով, կարելիութեան սահմաններուն մէջ ծիսական բարեկարգութեան իրագործումով, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութեան շօշափելի արտայայտութիւն տալով:

 

Սփիւռքը վերակազմակերպելու միտող քննարկումները պիտի շարունակուին նաեւ 2023 տարուան ընթացքին, որուն համար նոր նշաձող զետեղուեցաւ հորիզոնին վրայ, Ազգային Ընդհանուր Ժողովին ճամբով բոլոր թեմերը հրաւիրելով վերանորոգելու նախ իրենք զիրենք, եւ այդ միջոցաւ Սփիւռքը, նոյնինքն Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման համար: Սփիւռքի գոյութենական խնդիրը՝ ինքնութեան պահպանումով, հայերէնախօսութեան շարունակականութեան ապահովումով, յատկապէս ներկայ բազմացեղ, բազմակրօն ընկերութեան միջավայրին մէջ, օրէ ցօր աճող մարտահրաւէր մըն է Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն համար:

 

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ի խնդիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ յատկապէս Վեհափառ Հայրապետին կատարած աշխատանքը բարձր գնահատանքի արժանի համարեց Ժողովս, որոնք իրենց քաջ կեցուածքներով, մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրացման արդար ձայնը միջազգային բեմերէ հնչեցուցին: Այս առումով տակաւին միջազգային հետապնդման առարկայ է Սիսի Կաթողիկոսարանին կալուածը իր իրաւատիրոջ վերադարձուելուն դատը:

 

Ընկերային ծառայութեան ծանր բեռը նաեւ իրենց ուսերուն առած Վեհափառ Հայրապետին եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութիւնը դարձեալ վեր է ամէն գնահատանքէ, որ հոգեւոր սպասաւորութեան կողքին մարդասիրական աշխատանքը դարձուցին առօրեայ աշխատանք, յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ կարիքաւոր գաղութներուն մէջ: Այս գծով Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու նիւթական նպաստը, ինչպէս նաեւ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան բարերար ամոլին եւ այլ բարերարներու աջակցութիւնը, իրենց կարեւոր դերը ունեցան սոյն գործի յաջողութեան մէջ: Մեր բոլոր թեմերն ալ բարոյական պարտաւորութիւն ունին կենսական սոյն առաքելութեան մասնակից դառնալու, ծանր վիճակէն դուրս բերելու Սփիւռքի մայր գաղութները:

 

Մեր համազգային առաքելութիւնը կը կենսագործուի, մեր ժողովուրդին անվերապահ մասնակցութեամբ եւ միասնական ոգիի ամբողջական դրսեւորումով, համախմբուելով մեր ազգի հիմնարժէքներուն շուրջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնն է՝ մեր ժողովուրդի զաւակները համախմբել հայ եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային դրօշին ներքոյ, առանց յարանուանական, կուսակցական եւ կամ այլ խմբաւորմանց ներկայացուցած տարբերութիւններուն, մէ՛կ ազգի պատկանելիութեան գիտակցութեամբ:

 

Մեր ժողովուրդի կեանքը յուզող խնդիրներուն ներկայացումն ու քննարկումը, ինչպէս հայ ընտանիքը՝ իբրեւ առանցքը հայու գոյութեան, հայակերտումը՝ երաշխիքը հայու ինքնութեան, երիտասարդութիւնը՝ աւիշը հայ կեանքին, Սփիւռքը՝ մասնակից Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման եւ Սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը, խոր վերլուծման առաջնորդեց մասնակիցները:

 

Ընտանիք հասկացութեան նորաձեւութիւնները՝ աւանդականէն տարբեր, խառն ամուսնութիւնները, ամուսնալուծութիւնները, զաւակներու հայեցի դաստիարակութիւնը, բաժնուած ընտանիքներու զաւակներուն անորոշ դրութիւնը, երիտասարդութեան ներգրաւումը ազգային գործունէութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ, որպէս ապագայի յոյսը մեր հաւաքական գոյութեան, հայրենակերտման ու հայրենապահպանութեան մասնակցութիւնը, եւ վերջապէս Սփիւռքի վերակազմակերպման հաւաքական ճիգը՝ առաջնորդութեամբ Սփիւռքի մեծագոյն հոգեւոր ու ազգային Կեդրոնին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նոր ուղեցոյց ստացան հաւաքական մտածողութեան ճշգրիտ բանաձեւումով:

 

Սփիւռքի մնայուն ըլլալու իրողութիւնը, հակառակ նորօրեայ իր ձեւափոխումներուն եւ բազմաշերտ հատուածներուն, փաստացի տուեալ է: Սփիւռքը ինքնագոյ, ինքնանպատակ եւ ինքնավախճան գոյութիւն չէ՛: Ան ամբողջական մասն է հայութեան: Ան զօրավիգ է հայրենիքին, ո՛չ միայն հեռուէն դիտողի, նիւթապէս օժանդակողի կարգավիճակով, այլեւ մասնակիցի՝ ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման: Անցնող երեսուներկու տարիներու ընթացքին, Հայաստան-Սփիւռք եւ Սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւնները զանազան փուլերէ անցան, սակայն Սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւնը վտանգաւոր հանգրուանի հասած է այժմ:

 

Հայաստանը մեզ բոլորս միացնող եւ հայութեան տարբեր հատուածները իրարու կամրջող ոյժը պէտք էր ըլլար: Սփիւռքի հզօրացումը, հզօրացումն է հայրենիքին, իսկ անոր ջլատումն ու պառակտումը՝ կամաւորապէս հրաժարումն է հայկական պահանջատիրութենէն, ու համահայկական իտէալներէն: Հայաստանի պետութեան որդեգրած ներկայ մօտեցումը Սփիւռքի նկատմամբ, իր անկանխատեսելի, բայց ամէն պարագայի ժխտական հետեւանքները կրնայ ունենալ: Աւանդական Սփիւռքը ունի իր կառոյցները, որոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորեցին աշխարհացրիւ հայութիւնը, որ տարբեր գաղութներու մէջ համախմբուած կ՚ապրի այդ կառոյցներուն շուրջ: Սփիւռքահայութեան վերստին համախմբումը մեր ազգի գերագոյն իտէալներուն շուրջ, հրամայական պահանջք է, նոր ու մասնագիտական համակարգումով եւ աշխատակարգով, յատկապէս երիտասարդութեան ներգրաւումով, ի՛նչ պայմաններու գնով ալ իրագործելի ըլլայ այդ:

 

Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, հակառակ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն եւ բաժանարար այլեւայլ կեցուածքներուն, երաշխիքն է մեր ազգի միաւորման եւ հայկական գոյապահպանման, որ միշտ պէտք է պահպանել ամուր եւ անխոցելի: Ուստի, պիտի շարունակենք զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման նպաստող բոլոր ծրագիրներուն, որոնց մէջ գործնական առաջնահերթութիւն է հայոց բանակին հզօրացումը: Ժողովս նաեւ արձանագրեց թեմերէն եկած բոլոր հայակերտ ու հայրենաշէն, ինչպէս նաեւ վարչական ու կանոնագրային բարեկարգումներու առաջարկները, զանոնք իբրեւ աշխատանքային ուղեցոյց  դնելով նորընտիր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ձեռքերուն մէջ:

 

Նոր հորիզոններու բացուող մարդկութիւնը, ներկայ կրօնական բազմազանութեան, մշակութային խաչաձեւումներու, ռազմաքաղաքական բախումներու, առողջապահական նոր սահմանափակումներու, իսկ մեր ժողովուրդը հայրենական անապահովութեան, հայեցի կրթութեան վտանգուածութեան, եւ դեռ տասնեակներով նոր մարտահրաւէրներու ալեկոծութիւններուն յանձնուած ըլլալով հանդերձ, մենք մեր ժողովուրդին նաւը պիտի առաջնորդենք դէպի խաղաղ նաւահանգիստ, հաւաքական ճիգով եւ զինուած անվախ նաւավարի աներեր քաղաքականութեամբ, միասնական գործելաձեւը որդեգրելով իբրեւ միակ ուղին մեր եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, մեր ազգին ու մեր յաւերժական հայրենիքին:

 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի երրորդ օրուան երկրորդ կիսուն, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2022-ին, պատգամաւորները Ժողովին ներկայացուցին թեմերէն եկած իրենց առաջարկները, ինչպէս նաեւ լսեցին, քուէարկեցին ու վաւերացուցին բանաձեւի, ընտրական ու տնտեսական յանձնախումբերու զեկոյցները, ընտրեցին յառաջիկայ քառամեակին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները եւ աւարտին լսեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը. տեղեկացնում է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը։

Հայրապետը իր պատգամին մէջ, առաջին հերթին, իր անսահման ուրախութիւնը յայտնեց՝ ի տես Ժողովի հեզասահ ընթացքին, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի ճամբով մեր հայրենիքին, եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներուն ու իտէալներուն նկատմամբ մեր ունեցած յանձնառութեան, բծախնդրութեան եւ միասնական ոգիով առաքելութիւնը շարունակելու վճռակամութեան։ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ տարբերութիւններ կրնանք ունենալ, սակայն համազգային արժէքներու, մտահոգութիւններու, վտանգներու գծով ներելի չեն ո՛չ մէկ տեսակ ներքին լարուածութիւն, զգայնութիւն ու բեւեռացում՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը եկաւ տեսանելի կերպով արտայայտելու, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կոչուած է մեր ժողովուրդը համախմբելու սրբազան առաքելութեան շուրջ։ Ան իր գնահատանքը յայտնեց պատգամաւորներուն, որոնք ժողովուրդին կողմէ ընտրուելով եկան Անթիլիասի Մայրավանք եւ մասնակից դարձան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներուն՝ իրենց հետ բերելով ժողովուրդին ցաւերը, մտահոգութիւններն ու ակնկալութիւնները։

Հայրապետը իր պատգամին մէջ ընդգծեց՝ ըսելով, թէ որեւէ մէկ ժողով իր ճշմարիտ դիմագիծը ու հարազատ էութիւնը կը ստանայ ժողովէն ետք, երբ ժողովի ընթացքին արտայայտուած մտահոգութիւնները, արժեւորումները եւ որոշումները կեանքի վերածուին։ Յաճախ կրկնեցինք ու անձնապէս պիտի յիշեցնեմ, թէ կարեւոր տարբերութիւն կայ Կաթողիկոսարանին եւ Կաթողիկոսութեան միջեւ. Կաթողիկոսարանը կը գործէ ի սպաս Կաթողիկոսութեան. մէկը Անթիլիաս է, իսկ միւսը՝ ամենուրէք։ Կաթողիկոսութիւնը մեր թեմերն ու ժողովուրդն են։ Հոս կատարուած աշխատանքը թեմերու ճամբով պէտք է երթայ մեր ժողովուրդին եւ տուեալ միջավայրին համահունչ կերպով կեանքի պէտք է վերածենք։ Ուստի, պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է աւելի գործօն կերպով թեմերը մասնակից դարձնել հաւաքական առաքելութեան, Կաթողիկոսարան-թեմ գործակցութիւնը առաւել եւս ամրացնելով, յայտնեց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը։

Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, թէ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի գումարումը վերյիշեցման առիթ է, թէ ինչ որ կը կատարուի Կաթողիկոսարանին կողմէ այստեղ ապրող միաբաններուն կամ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ չէ որ կը կատարուի միայն, այլ՝ մեր թեմերուն, բարեկամներուն, բարերարներուն ու ազգայիններուն մասնակցութեամբ։

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս իր գնահատանքը յայտնեց Ժողովին եւ աղօթք բարձրացուց առ բարձրեալն Աստուած, որ ծաղկեցնէ, հզօրացնէ, լուսաւորէ եւ պայծառակերպէ հայ ժողովուրդին կեանքը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, անսասան պահէ մեր եկեղեցին ու հայրենիքը այս դժուարին օրերուն, որպէսզի միասնական ոգիով կարողանանք շարունակել մեր առաքելութիւնը։

Ապա, ժողովականները, Հայրապետին գլխաւորութեամբ, միաձայնութեամբ երգեցին «Կիլիկիա» քայլերգը եւ Հայրապետական մաղթերգը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու անուանացանկը.-

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան

Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան

Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան

Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան

Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան

Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան

Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան

Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան

Գերշ. Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան

Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան

Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան

Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան

Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան

Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան

 

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Ստեփան Տէր-Պետրոսեան (Լիբանան)

Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան (Լիբանան)

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան (Լիբանան)

Շահան Գանտահարեան (Լիբանան)

Յակոբ Հաւաթեան (Լիբանան)

Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան)

Ալեք Մուրատեան (Լիբանան)

Արթիւր Նազարեան (Լիբանան)

Սեդա Խըտըշեան (Լիբանան)

Գրիգոր Մահսերեճեան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)

Ռոստոմ Այնթապլեան (Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան)

Յովսէփ Աւետեան (Իրան)

Կայծակ Զէյթլեան (Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան)

Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան)

Հրաչ Յակոբեան (Սուրիա)

Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան (Գանատա)

Տոքթ. Արմէն Տէրեան (Յունաստան)

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբերին աւարտեց իր աշխատանքները. տեղեկացնում է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը։

Օրուան առաջին նիստը նուիրուած էր Սփիւռքի վերաբերող հրատապ հարցերու քննարկման՝ «Սփիւռքը Վերակազմակերպելու Հրամայականին Դիմաց» թեմայով։ Զեկոյցներ ներկայացուցին Քաղաքական Ժողովի անդամ Սեդա Խտըշեան (Լիբանանի թեմ) եւ Շահան Գանտահարեան (Լիբանանի թեմ)։

Սեդա Խտըշեան դիտել տուաւ, որ միջին արեւելեան գաղութներու մէջ վարչակարգերու փոփոխութիւնը, պատերազմները, տնտեսական քայքայումը պատճառ դարձան, որ գաղութներու թիւը նուազի եւ նոր կացութիւն մը մէջտեղ գայ՝ ոմանք հաստատուելով Հայաստան, իսկ ուրիշներ՝ արեւմուտք։ Հայաստանի մէջ 2018 թուականին իշխանափոխութիւնը չկրցաւ ամուր հիմքերու վրայ դնել հայրենիքը, այլ ընդհակառակը՝ ազատագրուած Արցախի յանձնումը աւելի անորոշ կացութիւն մը ստեղծեց Սփիւռքի մէջ։ Խտըշեան ըսաւ, որ Սփիւռքը ունի երկու կենսական հարցեր՝ ինքնութեան պահպանում եւ Սփիւռքի ներկայացուցչութիւն։ Ինքնութեան պահպանման գծով ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր ըմբռնումները, որովհետեւ բազմաբնոյթ է Սփիւռքը, ուստի իւրաքանչիւր գաղութ իր տեղական պայմաններու հրամայականէն մեկնած պարտի պատկերացում տալ, թէ ինչպէ՞ս կը կանխատեսէ կարգաւորել իր սերունդներու ինքնութեան հարցը եւ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրները։ Ինչ կը վերաբերի ներկայացուցչական հարցին, ան ըսաւ, որ այդ մէկը աւելի զգալի դարձաւ 1991-ին Հայաստանի անկախութեան հռչակումով եւ աւելի ուշ, Սփիւռքի նախարարութեան կազմութեամբ (2008-2018), երբ Սփիւռքի բոլոր կողմերէն փութացին հայրենիք՝ Սփիւռքը ներկայացնելու։ Խըտըշեան նշեց, որ Սփիւռքի անմիասնականութիւնը շահագործուեցաւ հայրենի իշխանութիւններու կողմէ՝ շրջանցելու համար Սփիւռքի կառոյցները, քակտելու համար Ցեղասպանութեան հարցին համահայկականութիւնը, ինչպէս նաեւ մեկուսացնելու եւ նսեմացնելու համար Սփիւռքի ուժականութիւնն ու կառոյցներու հեղինակութիւնը։ Ան հարց տուաւ, թէ ո՞րն է այն կառոյցը, որ իր շուրջ պիտի համախմբէ ազգի զաւակները եթէ ոչ՝ իր ժողովուրդի նման Ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի ենթակուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Դժուար չէ պատկերացնել համազգային խորհուրդի մը կազմութիւնը, որուն մէջ պիտի ներգրաւուի ազգին ներուժը՝ Վեհափառ Հայրապետին հովանիին ներքոյ, որովհետեւ փաստօրէն Արամ Ա. Հայրապետը անցնող տասնամեակներուն եղած է բոլոր կողմերը ի մի բերող հեղինակութիւն, ուստի Սփիւռքը համատեղելու նախաձեռնութիւնը այսօր եւս կ՚ակնկալուի, որ ինք ստանձնէ։

Յաջորդիւ, Շահան Գանտահարեան իր զեկոյցին մէջ նշեց, որ երբ Վեհափառ Հայրապետը 2022-ն Սփիւռքի տարի հռչակեց ու անցաւ մասնագիտական քննարկումներու, զուգահեռաբար եղան նաեւ Սփիւռքի հարցերու եւ վերակազմակերպման հրամայականին առնչուած հրապարակագրութիւններ, բան մը, որ մեր բոլորին ուշադրութեան յանձնեց, թէ որքա՜ն հրատապ եւ այժմէական էին Սփիւռքի առնչուած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։ Այս մէկը առիթ տուաւ նաեւ բազմաշերտ եւ բազմաուղղութիւն խնդիրներու քննարկման։ Այս բոլորը ընդգծեցին առանցքային առաջարկներ, ինչպէս՝ դասական համայնքներու նօսրացում եւ նոր համայնքներու ստեղծում, հեռացում եւ օտարացում մեր հոգեւոր, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կառոյցներէն, յատկապէս երիտասարդութեան պարագային, Սփիւռքի համակարգման եւ ընդհանուր ուղղորդման մեքենականութեան բացակայութիւն եւ այլ հարցեր։ Այս բոլորը կը յուշեն, որ խիստ անհրաժեշտութիւնը կայ համակարգուած աշխատելու, մասնագիտական յանձնախումբեր յառաջացնելու եւ ծրագիրի մշակումը մասնագիտական եւ փորձագիտական մակարդակներով մշակելու, ըսաւ Գանտահարեան՝ աւելցնելով, որ մինչեւ օրս կայացած քննարկումներն ու համահայկական եւ համասփիւռքեան խորհրդակցութիւնները կը շեշտեն Սփիւռքի մէջ համախորհուրդ եւ համակարգուած աշխատելու անյետաձգելի հրամայականը. ուստի, ան ընդգծեց, որ հարկ է արհեստավարժ եւ մասնագիտական մարդուժի օգտագործումով նոր հայեցակարգ մշակուի եւ ի գործ դրուի։ Ան ընդգծեց, որ բոլոր նախադրեալները մտածել կու տան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր թեմերու ցանցային համակարգով, այս առաջադրանքին ի խնդիր, վաստակած է հեղինակութիւն եւ կարողականութիւն՝ անհրաժեշտ համախմբուածութիւն յառաջացնելու։

Վերոյիշեալ զեկոյցներէն ետք, քննարկման ընթացքին, ժողովականները ընդլայնելով վերոնշեալ զեկոյցներուն հիմնական խնդիրներն ու առաջարկները, վերաշեշտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շուրջ համախմբուելու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը։

Յիշեալ քննարկումներէն ետք Հայրապետը ընդգծեց, որ արծարծուած նիւթերը մեզի անգամ մը եւս կը յուշեն, թէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը հրամայական եւ գոյութենական խնդիր է։ Նորին Ս. Օծութիւնը ընդգծեց, որ վերակազմակերպում հասկացողութիւնը պէտք է ըմբռնել լայն յղացքով, որ իր մէջ կը բովանդակէ վերաշխուժացում, վերակենսաւորում։ Այնուհետեւ, Հայրապետը կատարեց երեք հաստատումներ՝ ա) Սփիւռքը պարտադրուած գոյավիճակ մըն է, հետեւաբար ինքնավախճան եւ ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ։ Կարեւոր է ընդունիլ այս մեկնակէտը, որովհետեւ ան ամբողջական եւ անբաժանելի մասը կը կազմէ մէկ եւ նոյն հայութեան, բ) Սփիւռքը աստիճանաբար ծաւալեցաւ ու բարդացաւ եւ աւելի ծաւալելու ու բարդանալու ընթացքի մէջ է, գ) յաճախ նշած ենք ու կը վերահաստատենք, որ Սփիւռքի վերակազմակերպումը Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումն է, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի ընդհանրական իտէալներու ամրապնդումը։

Հայրապետը նշեց, թէ միշտ հաւատացած ենք ու կը շարունակենք հաւատալ, որ Հայաստանը կոչուած է միացնող ոյժ եւ իրականութիւն դառնալու եւ երբ ան շեղի իր առաքելութենէն, Սփիւռքը պէտք է շեշտակի կերպով յիշեցնէ զայն իր պարտականութիւնը։ Մեր բոլոր աշխատանքները մէկ ուղղուածութիւն պէտք է ունենան՝ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացում։ Վերջապէս, Սփիւռքը խայտաբղետ է եւ մնայուն տեղաշարժի մէջ։ Այս իրականութիւնը որոշ ճկունութիւն կ՚ընթադրէ. մեր գաղութները տարբեր կեցուածքներ ունին այս ուղղութեամբ եւ այդ բոլորը պէտք է նկատի առնել։ Հայրապետը անգամ մը եւս ընդգծեց ներգաղութային եւ միջգաղութային գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ գաղութներն ալ իրենց հարցերը ունին, հետեւաբար, միջհամայնքային ու միջկուսակցական գործակցութիւնը էական է։ Աւարտին, Հայրապետը թելադրեց, որ Սփիւռքի առնչուած հրապարագրութիւնները շարունակուին՝ շեշտը դնելով վերակազմակերպման վրայ, որուն մեկնակէտը պէտք է ըլլան մեր թեմերը։

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը իր եռօրեայ աշխատանքներուն երկրորդ օրը, յետ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրներու զեկուցման եւ քննարկման, տրամադրեց Սփիւռքի վերակազմաւորման առնչուած հրատապ թեմաներու։ Այս գծով արծարծուեցան հետեւեալ նիւթերը.- ընտանիք, հայակերտում, երիտասարդութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւն եւ Սփիւռքի վերակազմակերպում։ Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին կատարուեցան լայն քննարկումներ եւ ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք ուղեգիծ պիտի ըլլան 2023 տարուան Սփիւռքի վերակազմակերպման նուիրուած Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրին, ինչպէս նաեւ որդեգրուին նորընտիր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան յառաջիկայ քառամեայ գործունէութեան մէջ. այս մասին հաղորդում է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը։

Առ այդ, Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Տէրունական աղօքէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ շարունակուեցաւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին։

ԱՆիստ՝ «Հայ Ընտանիքը՝ Առանցքը Հայու Գոյութեան»

Դիւանը բեմ հրաւիրեց Ա. նիստի զեկուզաբերները՝ Թեհրանի թեմէն Արմինէ Սայիթխանեանը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմէն Պերճ Աբգարեանը՝ հակիրճ կերպով ներկայացնելու համար ընտանիք թեմայով իրենց զեկոյցը։

Սայիթխանեան մեկնեցաւ աստուածաշնչային ընտանիք հասկացողութենէն՝ հասնելով ընտանիքներու ներկայ իրավիճակին։ Ան լուսարձակի տակ առաւ ծնողներու դերակատարութիւնը հայեցի դաստիարակութեան մէջ՝ ներկայ մարտահրաւէրներու ներքոյ, եւ դիտել տուաւ, որ, հակառակ դարուս ընծայած փոփոխութիւններուն, սէրն ու գուրգուրանքը կը մնան հիմքը ընտանիքին՝ ընդգծելով, որ մարդը ընտրութիւն ընելու իրաւունք ունի, սակայն այդ պէտք է հիմնուած ըլլայ Աստուծոյ պատուիրաններուն վրայ։ Իսկ Աբգարեան իր զեկոյցին մէջ մէջբերեց 2004 թուականին «Ընտանիքի Տարի» Հայրապետական հռչակագիրին մէջ Նորին Ս. Օծութեան հայ ընտանիքը փոքր եկեղեցի ըլլալու հաստատումը, ու հոնկէ ելլելով նշեց, որ հայ ընտանիքը հայ ինքնութեան առանցքն է։ Անդրադառնալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութներու իրավիճակին, Աբգարեան խօսեցաւ ձուլման ցուցաբերած վտանգին մասին՝ մանաւանդ երբ կը գտնուինք ինքնութեան երկուութեան դիմաց՝ ազգութիւն եւ քաղաքացիութիւն, աւելի հա՞յ՝ թէ այդ երկրի քաղաքացի, հայութեա՞ն հարցերով աւելի յուզուած՝ թէ այդ երկրի հարցերով զբաղած։ Ան նաեւ ըսաւ, որ թէեւ Միացեալ Նահանգներ ծնած մանաւանդ 4-րդ սերունդը դժուարութիւն ունի հայերէնով արտայայտուելու, սակայն ջանք կը թափէ պահպանելու հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։ Վերոնշեալներու գծով զեկուցաբերը ներկայացուց չորս գործնական առաջարկներ.- ա) առանց ազգութիւնն ու քաղաքացիութիւնը իրարմէ գերադասելու, հաւասարակշռուած կերպով հպարտ հայ եւ տիպար քաղաքացիի դաստիարակութիւն ջամբել, բ) հայապահպանման արժէքները փոխանցել, գ) զաւակները հայկական հաստատութիւններու մէջ ծառայելու մղել եւ դ) եկեղեցին մնայուն ներկայութիւն դարձնել զաւակին կեանքին մէջ՝ յիշեցնելով եւ շեշտելով եկեղեցւոյ դերը հայ ազգին պատմական եւ արդի կեանքին մէջ։ Այս վերջին կէտին առնչութեամբ Աբգարեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր թեմերուն մէջ երիտասարդ հոգեւորական առաքելը թափ տուած է երիտասարդին՝ եկեղեցւոյ հետ կապ հաստատելուն։

Քննարկման նիստով ժողովականները բարձրացուցին հետեւեալ խնդիրները՝ ուսումնասիրութիւններու յստակ պատկերներ ունենալ հայ ընտանիքի ներկայ իրավիճակի մասին (խառն ամուսնութիւն կնքած, ամուսնալուծուած, զաւակներու թիւ, հայկական վարժարան արձանագրած, մշակութային հաստատութիւններու անդամ եւ այլն), աւանդական սովորութիւնները ապրիլ ու ապրեցնել, քրիստոնէական շունչով դաստիարակութիւն ջամբել (եկեղեցի, կիրակնօրեայ վարժարան), ամուսնական խորհրդատուական գրասենեակներ հիմնել, ծնողներուն կողմէ հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուութիւնը չվերցնել եւ այլն...։ Քննարկելով ներկայ աշխարհին իրավիճակը, ժողովականները ընդգծեցին նաեւ սեռային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ եկեղեցւոյ կողմէ կեցուածք մը որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը, անզաւակ կամ միազաւակ ընտանիքներու թիւի աճը եւ նկատել տուին, որ այլեւս կարելի չէ խառն ամուսնութիւնները տեսնել անպայմանօրէն բացասական պրիսմակէ, այլ պէտք է զայն նկատել որպէս օտարը հայացնելու առիթ՝ առանց զիջելու հայ-հայ ամուսնութիւն կնքելու առաւելութիւնները հայապահպանման համար, ինչպէս նաեւ արծարծեցին հայեցի դաստիարակութիւնը ամբողջութեամբ ծնողներու պարտականութիւն չհամարելու մասին, որովհետեւ իւրաքանչիւր ծնողք անպայմանօրէն հայագիտական, կրօնական, մշակոյթի մասնագէտ չի կրնար ըլլալ, եւ հոս կու գան դպրոց-եկեղեցի-մշակութային միութիւններու առաքելութիւնը։

Եզրափակելով նիստը՝ Հայրապետը ըսաւ, որ հարկ է իրապաշտ մօտեցում ունենալ, խուսափիլ ծայրայեղութիւններէ եւ հայ ընտանիքը դիտել ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհի շրջագիծէն ներս. կարելի չէ արժէքներ պարտադրել, ոչ ալ կարելի է հեռանալ մեր սկզբունքներէն։ Այս գծով Նորին Ս. Օծութիւնը նշեց եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութիւնը, ի մասնաւորի հոգեւորականին ճամբով, եւ ընդգծեց եկեղեցին ժողովուրդին տանելու առաջնակարգ դերը՝ ծիսական ու վարչական պարտականութիւններէ անդին. մեր եկեղեցին, իր հոգեւորականներուն ճամբով, ըսելիք ու ընելիք ունի անպայմանօրէն։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը եկեղեցւոյ վերակազմակերպումէն կը սկսի, ընդգծեց ան։

ԲՆիստ՝ «Հայակերտում՝ Երաշխիքը Հայու Ինքնութեան»

Համբիկ Գարայեան (Գանատայի թեմ) եւ Վիգէն Աւագեան (Լիբանանի թեմ) ներկայացուցին հայակերտման առնչուած իրենց զեկոյցները։

Գարայեան ընդգծեց հայ ընտանիքին խիստ կարեւորութիւնը հայապահպանման աշխատանքին մէջ եւ ապա նկատել տուաւ, որ հայ եկեղեցին, իբրեւ բաղադրիչ հայապահպանման, փոխարինած է պետութիւնը, ունի ազգային դիմագիծ եւ սերտօրէն առնչուած է հայ կեանքին՝ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալով ընկերաքաղաքական զարգացման մէջ։ Զեկուցաբերը խօսեցաւ նաեւ Արեւմտահայերէն լեզուին վտանգուած ըլլալուն մասին, որուն օրակարգը կը մնայ հրատապ, մանաւանդ երբ կը խօսինք հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին Արեւմտահայերէնով։ Նոյն ծիրին մէջ ան յայտնեց հայկական վարժարաններու մէջ ազգային բարոյագիտական եւ կրօնական նիւթերու դասաւանդման անհրաժեշտութեան մասին՝ մասնագէտներու կողմէ պատրաստուած։ Գարայեան նաեւ ըսաւ, որ պէտք է հասկնալ նոր սերունդին արհեստագիտութեան նորութիւնները գործածելուն կերպերը, որպէսզի այդ տարածքէն կարելի ըլլայ հասնիլ անոնց. այդ մէկը առիթ կը հանդիսանայ, որ երէցները գտնուին այն առցանց հարթակներու վրայ (ընկերային ցանցեր, կայքեր, բջիջային ծրագիրներ եւ այլն...), ուր ներկայ է նոր սերունդը ու հայանպաստ ծրագիրներ հրամցնեն անոր։ Աւարտին, ան նշեց, որ Սփիւռքի հանգրուաններուն առաջինը մեկուսացումն է, երկրորդը համարկումն է, իսկ երրորդը՝ ձուլումը, ուստի ճիգ պէտք է թափել, որ կարելի եղած չափով երրորդ հանգրուանը չ՚իրականանայ ամբողջովին։ Ան իր զեկոյցը փակեց առաջարկով պահել դասականը, սակայն օգտագործել արհեստագիտութիւնը եւ արդիական կերպերը հայակերտման աշխատանքի մեթոտաբանութեան մէջ։

Վիգէն Աւագեան իր զեկոյցին մէջ ընդգծեց, որ հայակերտումը վերջին յիսուն տարուան ընթացքին միշտ հիմնական օրակարգ եղած է Սփիւռքի մէջ եւ այդ պատճառով ալ դպրոց-միութիւն-եկեղեցի-ակումբ-մամուլ ծնունդ են հայակերտման անհրաժեշտութեան ու կը ծառայեն ատոր։ Հայրենիքէն դուրս ծնած ըլլալու իրողութիւնը ստիպած է հայութիւնը, որ ինքնակազմակերպուի եւ ստեղծէ իր գոյութեան կռուանները, բայց եւ այնպէս, այնքան ալ պարզ հասկացողութիւն չէ հայակերտումը. ան իր մէջ կը պարփակէ հող, լեզու, ընտանիք, կրօնք, մշակոյթ, ազգային գաղափարախօսութիւն։ Աւագեան շարունակեց՝ նշելով, որ հայու ինքնութիւնը մեզմէ դուրս պահանջք է այսօր, այսինքն՝ ներկայիս կը գտնուինք օտարին մեր ինքնութիւնը ծանօթացնելու պարտաւորութեան դիմաց, միաժամանակ մենք զմեզ հարց տալով, թէ ո՞վ ենք մենք եւ ի՞նչ պէտք է ընենք հայ մնալու համար։ Սա դէպի դուրս ու դէպի ներս յարատեւ ընթացք մըն է ինքնութեան։ Նկատի ունենալով Սփիւռքի բազմաշերտութիւնը, զեկուցաբերը յայտնեց, որ հայ ըլլալու մէկ ձեւ չկայ, սակայն կայ մէկ նախապայման՝ մա՛րդ ըլլալ։ Բացի միջավայրի ազդեցութենէն, հայը ունի նաեւ իր կեանքին մէջ հայրենիքը, որ կը կազմաւորէ անհատական ինքնութիւնը, սակայն կը հասնի հաւաքական ինքնութեան, որ կը կերտուի ժամանակի ընթացքին։ Ան ըսաւ, որ այսօրուան պայմանները մեզի ի նպաստ չեն եւ ինքնութեան կազմաւորման համար տիպարներ կը փնտռուին. այս պայմաններուն մէջ դպրոցը կը դադրի սոսկ ուսումնարան մը ըլլալէ ու կը դառնայ հայակերտման մթնոլորտ ապահովող վայր։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Աւագեան ըսաւ, որ հայակերտման համար կոչուած ենք, համազգային ճիգով, յստակ ուղեցոյցով, ազդու եւ նորարար ձեւերով, աշխատանքի մղուելու։

Այս թեմային քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ մշակոյթի ինքնութեան, ընդգծուեցաւ մեր մշակոյթով միւս ազգերէն տարբեր ըլլալու միւս հանգամանքը եւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ հայակերտման գործընթացքին մէջ մշակոյթին կարեւորութիւնը շեշտելու հրամայականը։ Այս շեշտադրումը, սակայն, ներկայ կրթական մարզին մէջ տեղ չի գրաւեր, դժբախտաբար։ Ժողովականները նաեւ քննարկեցին Սփիւռքի պայմաններուն մէջ պետութեան մը պարտականութիւնը կատարելու փորձերուն, համաճարակի պատճառով ապրած խզումներուն եւ դէպի հաւաքականութիւն վերադառնալու դժուարութիւններուն, քաղաքացիական հարցերուն մէջ մխրճուած ըլլալով հայ ինքնութեան խնդիրներէն հեռանալուն, անտեսանելի Սփիւռքի գոյութեան (իսլամացած հայեր օրինակ), Հայաստանի երկքաղաքացիութեան օրէնքի ընդմէջէն քաղաքացիական ինքնութեան թափ տալուն եւ երկքաղաքացիութեան ներկայ օրէնքներուն ցուցաբերած հարցերուն, Սփիւռքի մէջ մեր ծրագիրները թերագնահատելու եւ մեր գործերը անտեսելու, հայկական վարժարանի կողքին մշակութային միութիւններուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու կարեւորութեան եւ այլ նիւթերու մասին։

Աւարտին, Հայրապետը դիտել տուաւ, որ կ՚ապրինք անցանկապատ, բազմակրօն ու բազմամշակոյթ, բազմացեղ ընկերութիւններու մէջ եւ համացանցի ճամբով կը հասնինք ամենուրէք։ Հետեւաբար, այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտել հայակերտումը, որ առնչուած է ինքնութեան, իսկ ինքնութեան կազմաւորումը կը կարօտի ինքնաճանաչման։ Հարկ է զգոյշ ըլլալ հաւաքական (կլոպալ) ինքնութիւն եւ հայու ինքնութիւն հասկացողութեան սխալ կիրառումէն. անոնց միջեւ կարեւոր է փոխ կապակցութեան գոյութիւնը, սակայն մէկը միւսը չի փոխարիներ, որովհետեւ չենք կրնար կլոպալ հայ ըլլալ՝ հեռու մեր ազգային ինքնութենէն, ինչպէս նաեւ չենք կրնար համահունչ չըլլալ ներկայ աշխարհին հետ։ Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետ անդրադարձաւ Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալու ու հայ մնալու եւ ամէնօրեայ պայքար ըլլալու իրողութիւնը։

ԳՆիստ՝ «Երիտասարդութիւնը՝ Աւիշը Հհայ Կեանքին»

Այս նիստի զեկուցաբերները հրաւիրուած էին Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողական Միութենէն (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.)՝ Կալի Աւագեանը եւ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն (Զ.Ո.Մ.)՝ Ժաք Քէչէճեանը։

Անոնք ներկայացուցին հայ երիտասարդը յուզող հարցերը եւ անոնց հայկական կառոյցներէն հեռանալուն դրդապատճառները։ Երկու երիտասարդ ուսանողները իրենց զեկոյցներուն մէջ մէջբերելով Վեհափառ Հայրապետին «երիտասարդութիւնը մեր ապագան չէ, այլ՝ մեր ներկան» խօսքը՝ անդրադարձան հոգեբանական, ընկերատնտեսական, ազգային եւ կառուցային հարցերու, որոնք հայ երիտասարդը հեռու կը պահեն համայնքային կեանքէն։ Կ. Աւագեան ըսաւ, որ հայ կեանքի ներկայ իրավիճակը յուսախաբութեան տարած է երիտասարդը, որ հարց կու տայ, թէ իր ազգային գործը ի՞նչ բանի կը ծառայէ, յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ երիտասարդը ինքզինք չի գտներ իր ձայնը լսող եւ կարծիքները արժեւորող մարդոցմով շրջապատուած։ Միւս կողմէ, Քէչէճեան յիշեցուց, թէ անցեալին յեղափոխական եւ ազգային ազատագրական շարժումի ղեկավարները երիտասարդներ էին, որոնք ծանր եւ դժուար պայմաններու մէջ եղած են մղիչ եւ որոշիչ ոյժ, իսկ ներկայիս երիտասարդութիւնը չի գտնուիր հայկական հանրային ու կազմակերպական կեանքին ղեկավար մակարդակներու վրայ։

Քննարկման ընթացքին երիտասարդ պատգամաւորներ եւս խօսեցան կառոյցներու մէջ իրենց փորձառութիւններու մասին։ Ժողովականներու արտայայտութիւնները երբեմն համակարծիք եւ յաճախ ալ հակակարծիք էին երիտասարդութեան հայկական կառոյցներու մասնակցութեան ուղղութեամբ։ Ոմանք արտայայտուեցան, թէ ճիշդ չէ ըսելը, թէ երիտասարդութիւնը բոլորովին հեռու է մեր կառոյցներէն եւ կրաւորական դիրք է բռնած, իսկ ուրիշներ թուեցին այն մարզերը, ուր երիտասարդութեան ներկայութիւնը գերակայ է մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Այլ պատգամաւորներ դիտել տուին, երէցները չեն որ երիտասարդներուն տեղ կամ գործ պիտի տան, այլ երիտասարդները հարցերը ու մարտահրաւէրները իրենց ձեռքուն մէջ առնելով, իրենց երիտասարդական բնական ըմբոստութեամբ ու հմտութեամբ, տեղ պիտի ունենան մեր հաւաքական, համայնքային, ազգային ու եկեղեցական կեանքին մէջ։ Ժողովականները նաեւ ընդգծեցին, որ յանձնառու երիտասարդը չի կրնար մեր կեանքի լուսանցքին վրայ մնալ։ Սերունդներուն պայքարը բնական է այնքան ատեն, որ այդ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի վրայ, իսկ ապառողջ կ՚ըլլար սերունդը, եթէ պայքարի ոգին չունենար։ Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ անհատական զարգացման ընդդէմ հաստատութիւններու զարգացման, վստահելի տիպարներու կարիքին, հաւաքականութեան գաղափարի զարգացումին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան երիտասարդ միաբաններու թիւի աճին եւ երիտասարդացած առաքելութեան մասին։

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Հայրապետը ըսաւ, որ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերուն հարկ է մօտենալ դրական եւ լաւատես մօտեցումներով ու ճիշդ ախտաճանաչում կատարելով։ Երիտասարդութիւնը միայն տարիքային հանգրուան մը չէ, այլ գործելակերպի, մտածելակերպի, կենցաղակերպի ու հարցերու մօտեցման կերպ է, ինչպէս նաեւ կաղապարուած մտածումներէ դուրս գալ է։ Ան ընդգծեց, որ հարկ է երկխօսութիւն հաստատել հինին եւ նորին միջեւ, որովհետեւ այնպէս ինչպէս երիտասարդները սորվելիք ունին երէցներէն, երէցներն ալ սորվելիք ունին երիտասարդներէն եւ այս կ՚իրականանայ փոխադարձ վստահութեամբ ու հասկացողութեամբ։ Հայրապետը նշեց, որ անցեալի երիտասարդութեան կազմաւորման հիմնական առանցքը ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականն էր, իսկ ներկայիս Հայ Դատը այլ հանգրուան մը թեւակոխած է. հարկ է մտածել նաեւ այս ուղղութեամբ։ Վերջապէս, Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ առցանց համայնք (Cyber Community) յառաջացնելու հրամայական կարեւորութիւնը՝ երիտասարդներ մարդուժը համախմբելու հեռանկարով ու տեսլականով։

ԴՆիստ՝ «Սփիւռքը՝ Մասնակից Հայաստանի Ու Արցախի Հզօրացման»

Օրուան վերջին նիստով հանդէս եկան Լիբանանի թեմէն երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Սպահանի թեմէն Նոէլ Մինասեան։

Բագրատունի իր զեկոյցին մէջ ըսաւ, որ մեր հայրենիքը եղած է միշտ մասնատուած, այլոց տիրապետութեան տակ, բայց ասով հանդերձ շարունակած ենք ապրիլ՝ թէկուզ կոտորուած, սփիւռքացած, բռնի թէ կամաւոր կրօնափոխուած. կարծես ճակատագրուած ենք իբրեւ ազգ ապրելու ամէն տեղ ու միանալու՝ ահազանգին։ Նորանկախ Հայաստանի եւ ազատագրուած Արցախի գոյատեւման գործընթացին, սփիւռքահայը ունեցաւ իր բարոյական, նիւթական, ընկերային եւ այլ ներդրումներ։ Ինչպէ՞ս կը դիտուի Սփիւռքը այսօր՝ որպէս մասնակից Հայաստանի եւ Սփիւռքի հզօրացման գործընթացին մէջ, մանաւանդ Խորհրդային Միութեան օրերէն մինչեւ այսօրուան մեր պայմաններուն լոյսին տակ։ Բագրատունի ապա դիտել տուաւ, որ Սփիւռքը, իր գաղութներով, մնայուն է՝ յանուն Հայաստանի ու Արցախի, եւ անկարելի է զայն քանդել։ Հայրենիքը մեր բոլորին հայրենիքն է՝ անկախ վարչակարգէն ու իշխանութենէն, իսկ Սփիւռքը հայերենիքը հզօրացնող ազդակ է՝ ո՛չ միայն օժանդակութիւն մատակարարող եւ անկարծիք հաւաքականութիւն։ Սփիւռքը ինքզինք չի կրնար մեկուսացնել հայրենիքի հարցերէն, մանաւանդ, որ ան Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութիւնը կենդանի պահելու հիմնական դերակատարութիւն ունի։ Սփիւռք-Հայաստան հակասութիւններ ստեղծել ու հրահրել վնասակար են երկուստեք, կը ծառայեն թշնամիին եւ վերջնականապէս կը թաղեն Հայ Դատն ու ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի գաղափարը։ Բագրատունի նաեւ դիտել տուաւ, որ հարկ է գաղութները զօրացնեն իրենք զիրենք եւ այդ ինքնանպատակ պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ ուժեղ Սփիւռքը կը զօրակցի հայրենիքին։ Ան ընդգծեց, որ այս բոլորը նկատի ունենալով, հարկ է վերահաստատել ինքնավստահութիւնը Սփիւռքի մէջ, դադարեցնել չափազանց ինքնախարազանումը, կասեցնել յանձնուողական տրամադրութիւնները, միացնել ճիգերը՝ ամուր պահելու համար Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ներկային ու ապագային համար համահայկական մաշտապով արդար բնոյթով քննարկումներ ծաւալել։

Նոէլ Մինասեան իր զեկոյցին մէջ ըսաւ, որ աւելի քան երեք տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայուն ազգային ու հասարակական կեանքը կենսունակ դարձած է յաղթանակի ու հզօր պետութիւններու գաղափարով, սակայն միջազգային ասպարէզին մէջ աշխարհաքաղաքական նոր իրադարձութիւններու առջեւ կանգնած ըլլալով, ականատես ենք բռնի ոյժի համատարած կիրառման, հողային ամբողջականութեան եւ երկրի ինքնիշխանութեան անտեսման։ Մինասեան յայտնեց, որ 2018 թուականին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապրեցաւ իշխանափոխութիւն, որմէ ետք, 2020-ին՝ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով՝ ողբերգական զարգացումներ, որոնք փլեցին Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան սիւները։ Հայերը իրենք զիրենք գտան փանթուրքական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան դիմաց։ Միւս կողմէ, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը տկարացուց հայութեան դիմադրութեան ոգին։ Ապա ան անդրադարձաւ առկայ մարտահրաւէրներէն կարեւորագոյններուն.- ա) պառակտուած Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիսանութիւն եւ այս միասնութիւնը վերականգնող պետական ու քաղաքական կամքի ու ցանկութեան բացակայութիւն, բ) Սփիւռքի ազգային կառոյցներու հետ յարաբերութիւններու փոխարինում անհատներու հետ յարաբերութեամբ, գ) Սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութեանց լուծում, որոնք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ամրապնդող ու սփիւռքահայուն հայկական դիմագիծը պահպանող առանցքային գործօններէն էին, դ) անվստահութեան մթնոլորտ՝ համահայկական կառոյցներուն հանդէպ, ե) Հայաստանի մէջ մշակոյթի, ազգային արժէքներու ու հայկական դիմագիծի աղաւաղում, զ) սփիւռքահայուն մօտ յուսալքում, ազգային արժէքներու թերագնահատում եւ համահայկական իտէալներու նկատմամբ անտարբերութիւն, է) Հայաստանի եւ Սփիւռքի երբեմնի հայաշատ եւ հզօր գաղութներու բացասական փոփոխութիւն եւ ը) Միջին Արեւելքի մնայուն պատերազմական վիճակ։

Այս գծով ան ընդգծեց, որ հայութեան հզօրացման ու միասնականութեան նախապայմանը պետականամէտ մտածողութիւնն է, իսկ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի պետականութեան երաշխիքը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։ Մինասեան աւելցուց, որ հայկական եռամիասնութեան վերամիաւորման նախապայմանը հայկական օրակարգի ձեւաւորումն ու համազգային նպատակի շուրջ համախմբումն է, որովհետւ եռամիասնութիւնը հայութեան հաւաքական ներուժի հզօրացման աղբիւրն է։ Ան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւնը հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն ոչնչացումն է եւ այս իրականացնելու համար թշնամին շատ լաւ կը գիտակցի Սփիւռքի կարեւորութեան եւ մշտապէս կը թիրախաւորէ զայն։ Վերջապէս, ան առաջարկեց, որ չէզոքացնելու համար թշնամին պէտք է համապատասխան կերպով աշխատանք տանիլ, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան պառակտիչ քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի եւ համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ վերականգնի Սփիւռքի ներկայութիւնը։

Քննարկումի ընթացքին ժողովականները աւելցուցին, որ Հայաստանի հզօրացման ներդրումի աշխատանքներու գծով ներկայիս մոռացութեան ենթարկուած է Համահայկական հռչակագիրը, գոյութիւն ունի երկքաղաքացիութեան օրէնքի սահմանափակում, կայ Հայաստանի բաժանարար գիծերը Սփիւռք տեղափոխելու վտանգ, երբ կը գտնուինք նոր փաստաթուղթերու ստորագրութիւններու սեմին։ Ժողովականները առաջարկեցին շեշտը դնել պահանջատիրութեան եւ Արցախի ճանաչաման գործընթացին վրայ, ինչպէս նաեւ կոտրել Սփիւռքը որպէս անտէր հաւաքականութիւն ներկայացնելու փորձերը։ Առաջարկուեցաւ, որ երկխօսութեան ճամբաները բաց մնան եւ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան գործընթացին մէջ Սփիւռքը ներկայութիւն ըլլայ՝ միաժամանակ զօրաշարժի ենթարկուելով։ Ժողովականները կարեւորեցին նաեւ Ազգային Ժողովին մէջ Սփիւռքին ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը։

Աւարտին, Հայրապետը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ բնականաբար յուզումնախառն զգացական արտայայտութիւններ հնչեցին ժողովի ընթացքին եւ հարկ է հայեցակէտի յստակացում կատարել։ Նորին Ս. Օծութիւնը դիտել տուաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան հասկացողութեան նրբութիւնները՝ նշելով, որ յիշեալ յարաբերութիւնը ունեցաւ վերիվայրումներ։ Ազատ, անկախ Հայաստանի իրականացումը դաշտ բացաւ յարաբերութեան մը՝ հիմնուած օժանդակութիւններով, որմէ ետք ունեցանք այլ գործելադաշտ (օրինակ համահայկական հռչակագիր), ուր մանաւանդ Հայ Դատի մարմինը ունեցաւ իր ներդրումը։ Հայրապետը ապա նշեց երեք հիմնական մարտահրաւէրներ.- ա) Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը գոյութիւն չունի եւ Հայաստանը ունի քաղաքական տարբեր մօտեցում, բ) Հայաստանի մէջ բեւեռացումներ գոյութիւն ունին, որոնք մերթ ընդ մերթ կը թափանցեն Սփիւռքի մէջ՝ ազդելով ներգաղութային եւ միջգաղութային յարաբերութիւններուն վրայ, գ) Հայաստանի մօտեցումը Սփիւռքի նկատմամբ անընդունելի եւ վտանգաւոր է։ Ապա, առկայ հարցերու լուծման առաջարկներու գծով Նորին Ս. Օծութիւնը յայտնեց, որ հարկ է յստակ տարբերութիւն դնել պետութեան եւ իշխանութեան միջեւ, ի միտի ունենալով, որ Հայաստանն է մնայունը եւ մեր մօտեցումները պայմանաւորելով իշխանութիւններով, կը վնասէ հայրենիքը։ Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է առաւելագոյն չափով համախմբուիլ Հայաստանին ու հայութեան շուրջ՝ հզօրացնելու համար մեր հայրենիքը եւ մեր ազգը։

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը իր երրորդ օրուան նիստերը պիտի գումարէ 9 Դեկտեմբեր 2022-ին։

«Հայ եկեղեցւոյ վերանորոգումը, մարդուժի պատրաստութիւնը, արժէքներու վերաշեշտումը, Սփիւռքի վերակազմակերպումը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու զօրակցութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւնը պէտք է մնան առաջնահերթութիւն»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2022-ի ժամը 09:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին: Չորս տարին անգամ մը գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջնորդներ եւ թեմերու պատգամաւորներ, շուրջ 125 երկսեռ անձեր. այս մասին հաղորդում է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մամլոյ դիւանը։

Նորին Ս. Օծութիւնը Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունելէ ետք Ժողովը, ներկաներուն յայտնեց, որ մեր ժողովուրդի պատմութեան վճռորոշ հանգրուանին գումարուող այս Ժողովը կոչուած է այնպիսի որոշումներ առնելու եւ աշխատանքի ուղղութիւններ ճշդելու, որոնք մեր Ս. Աթոռին համազգային առաքելութեան նոր ծաւալ ու շեշտ պիտի տան: Ապա Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց պատգամաւորներու երիցագոյն ու կրտսերագոյն անդամներէ կազմուած առժամեայ դիւանի նշանակում, որուն յաջորդեց մնայուն դիւանի ընտրութիւնը:

Վաչէ Նաճարեան (Լիբանանի թեմ) եւ Արա Շահվէրտեան (Թեհրանի թեմ), համա-ատենապետներ ընտրուեցան եւ դոկտ. Հուրի Ազէզեան (Բերիոյ թեմ) եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան (Արեւմտեան թեմ, Միացեալ Նահանգներ) համա-ատենադպիրներ: Դիւանը, իր կարգին, հետեւելով օրակարգի ընթացքին, հետեւեալ յանձնախումբերը ընտրեց.- Լիազօրագրերու Յանձնախումբ (Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Յունաստանի թեմ, Վահան Այնէճեան, Կիպրոսի թեմ, Քեռի Սարգիսեան, Քուէյթի թեմ), Բանաձեւի Յանձնախումբ (Գերշ. Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան, Ատրպատականի թեմ, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Արեւմտեան թեմ, Միացեալ Նահանգներ, Զարմայր Սեդրակեան, Արեւելեան թեմ, Միացեալ Նահանգներ, Նորայր Արամեան, Թեհրանի թեմ, Շահան Գանտահարեան, Լիբանանի թեմ), Ընտրական Յանձնախումբ (Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Ա.Մ.Է. թեմ, Վիգէն Աւագեան, Լիբանանի թեմ, Յարութիւն Հայրապետեան, Բերիոյ թեմ, Ծովիկ Թէրզեան, Գանատայի թեմ, Նոէլ Մինասեան, Սպահանի թեմ), Հաշուեքննիչ Յանձնախումբ (Մարկոս Սնապեան, Արա Հացագործեան եւ Յակոբ Քէշիշեան):

Ապա ատենապետը Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց իր պատգամը փոխանցելու Ժողովին: Նորին Ս. Օծութիւնը յիշելէ ետք, որ վերջին հինգ տարիները տագնապալից տարիներ եղան համաճարակին, Արցախի պատերազմին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ Լիբանանի ընկերատնտեսական տագնապին հետեւանքով, յայտնեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շարունակեց իր առաքելութիւնը պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ: Ընդհանուր գիծերով անդրադառնալէ ետք Կաթողիկոսութեան առաքելութեան յատկանշական երեսներուն ու իրագործումներուն, յառաջիկայ շրջանին համար որպէս աշխատանքի հիմնական բնագաւառներ շեշտեց հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.- հայ եկեղեցւոյ վերանորոգում, մարդուժի պատրաստութիւն, արժէքներու վերաշեշտում, Սփիւռքի վերակազմակերպում, Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու զօրակցութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւն: Իւրաքանչիւրին մասին Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումը ներկայացուց եւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակից դառնալու մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան, որովհետեւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հոգեւոր արժէքներու կենսագործման ու կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, նաեւ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումն է ու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը:

Նոյն օրը, յաջորդող նիստերուն տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու տեղեկագիրներու ներկայացում: Շուրջ 400 էջերու վրայ տարածուած յիշեալ տեղեկագիրները համապարփակ քննարկումի ենթարկուեցան ժողովականներուն կողմէ: Հարցումներուն պատասխան տրուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տուաւ ու արժեւորումներ կատարեց:

 

Ժողովը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ յաջորդող երկու օրերուն:

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

(7-9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022)


Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 7-9 Դեկտեմբեր 2022-ին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը. այս մասին հաղորդում է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մամլոյ դիւանը։

Չորս տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ ժողովին կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ թեմերէն ժամանող աւելի քան հարիւր պատգամաւորներ։

Երեք օրերու վրայ երկարող Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ընթացք պիտի առնէ Վեհափառ Հայրապետին պատգամով, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն գործունէութեան քառամեայ տեղեկագիրներու ներկայացումը եւ քննարկումը: Ժողովի օրակարգին մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան, երիտասարդութեան, ազգային պահանջատիրութեան, Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան առնչուած շարք մը հարցեր։

Ժողովի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ընտրութիւն, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի յառաջիկայ առաքելութեան առաջնահերթութիւններու ու գլխաւոր մարզերու ճշդում։

 

www.armenianorthodoxchurch.org

Հոկտեմբեր 28-31-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով»ի գծով Cilicia TV-ն Կաթողիկոսարանի դիւանատունէն իմացաւ, թէ շուրջ ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Տիար Զարեհ Սինանեան հեռաձայնային կապով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հրաւիրած է յիշեալ «Գագաթնաժողով»ին մասնակցելու: Մեր ազգը եւ յատկապէս Հայաստանը ու Արցախը դիմագրաւող ներկայ տագնապալից ժամանակներուն եւ ներ-Հայաստանեան ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն մէջ, նման նախաձեռնութեան նկատմամբ Վեհափառ Հայրապետը իր մտահոգութիւնը ու վերապահութիւնը յայտնած է:

Cilicia TV-ն նոյն աղբիւրէն իմացաւ, թէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը, անցեալ շաբաթ իր գումարած նիստին, բաժնելով Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւնը եւ նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չէ ներառուած գագաթնաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւններ չեն հրաւիրուած, այլ միայն անհատ ազգայիններ, ճիշդ չնկատեց մեր Սուրբ Աթոռին եւ իր թեմերուն մասնակցութիւնը գագաթնաժողովին:

Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան նիստին Վեհափառ Հայրապետը շեշտած է, թէ «ժամանակակից մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական հանգրուանին, մեր ազգին ղեկավարութեան՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, միատեղ համախմբումը եւ վճռական որոշումներու կայացումը՝ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան, աւելի քան հրամայական է ու անյետաձգելի: Այսօր ա՛յս պէտք է դառնայ մեր մտահոգութեան ու աշխատանքներուն կիզակէտը»:

www.armenianorthodoxchurch.org

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու Դպրեվանքի աշակերտութեան, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։ Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմին, ինչպէս նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։

Արարողութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն, որուն աւարտին Նորին Ս. Օծութիւնը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած Հայրենիքին անսասանութեան ու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ հայոց բանակին հզօրացման համար։ «Օրհնէ, ո՜վ Տէր, մեր Հայրենի երկիրը։ ...Դարերու ընթացքին անողոք թշնամին աւերակի վերածեց զայն, բայց այժմ, Քու ողորմութեամբդ եւ շնորհքի առատութեամբդ առաւել ծաղկեցուր Հայաստան աշխարհը։ ...Ժողովո՛ւրդ հայոց, Հայկի՛ որդիներ եւ մեր Ս. Եկեղեցւոյ զաւակներ, առէ՛ք ձեր հաւատքի զէնքերը, ձեր գլխուն դրէ՛ք յոյսի թագը եւ մեր Հայրենիքին ու իրարու հանդէպ ամբողջական սիրով առաջ երթանք՝ միաբերան երգելով.- Մեր Հայրենիք, ազատ անկախ, որ ապրել է դարէ դար, իւր որդիքը արդ կանչում է ազատ անկախ Հայաստան»։

Յիշենք, որ օրեր առաջ Վեհափառ Հայրապետը 21 Սեպտեմբերը յայտարարած էր «Աղօթքի Օր» եւ հայրական կոչ ուղղած էր մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն աղօթելու մեր Հայրենիքին եւ իրենց արեան գնով զայն պաշտպանող հայկական բանակի քաջարի զինուորներուն համար։ Ստորեւ Նորին Ս. Օծութեան հայրական կոչը.-

Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, հեռու ամէն տեսակ տօնախմբութիւններէ ու ցուցական երեւոյթներէ, իւրաքանչիւր հայու համար հարկ է դառնայ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐ:

Արդ, եկէք, սիրելի հայորդիներ, անհատաբար թէ հաւաքաբար, իւրաքանչիւրս իր վայրին մէջ եւ իր եղանակով աղօթենք՝

Աղօթենք, մեր զոհուած նահատակ զինուորներուն եւ ազգակիցներուն հոգիներու խաղաղութեան համար:

Աղօթենք, վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար:

Աղօթենք, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան պահպանման համար:

Աղօթենք, Հայաստանի ու Արցախի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան ամրացման համար:

Աղօթենք, հայոց աշխարհի պաշտպանութեան լծուած հայոց բանակին հզօրութեան համար:

Աղօթենք, հայ ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդման համար:

Հաւատքով զսպանակուած ու յոյսով շաղախուած աղօթքի ճամբով Աստուած ներկայութիւն կը դառնայ մեր կեանքին մէջ, մենք Աստուծոյ հետ կ՚ըլլանք եւ Աստուած՝ մեզի հետ: Եւ երբ Աստուած մեզի հետ է, Դաւիթ մարգարէի խօսքով՝ «ոչինչ կրնայ զիս սասանեցնել» (Սղ 16.8) եւ Պօղոս առաքեալին հաստատումով՝ «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31):

 

 

 

www.armenianorthodoxchurch.org

Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումներուն հետեւանքով հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած եւ իրենց կեանքը զոհաբերած հայոց բանակի քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմին:
 
Ինչպէս ծանօթ է, ազերի բանակին յարձակումներէն անմիջապէս ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը իր դիմատետրի էջին մէջ միասնականութեան եւ համաժողովրդային ու համահայկական դիմադրութեան կոչ ուղղեց՝ Ազրպէյճանի մէջ: Յաջորդ օրը, Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, տեղի ունեցաւ համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցչական հանդիպում: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներէն ներս հոգեհանգիստ կատարել՝ նահատակ հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան եւ աղօթք՝ վիրաւոր հայորդիներու շուտափոյթ ապաքինման համար:

Ս. Պատարագէն ետք, Հայրապետը պատասխանելով Cilicia TV-ի հարցումներուն՝ ըսաւ. «Հոգեհանգիստ՝ նահատակուած զինուորներուն, աղօթք՝ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինման եւ դատապարտութիւն՝ Ազրպէյճանի բարբարոսային յարձակումին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ իր խաղաղ բնակիչներուն դէմ, բնականաբար իւրաքանչիւր հայուն ազգային պարտաւորութիւնն է: Մեր ազգին համար առաջնահերթ ու սրբազան պարտաւորութիւն է մեր միասնականութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ հայոց բանակի հզօրացումը՝ մէկդի դնելով ներքին տարակարծութիւնները: Մենք չենք կրնար այլեւս ուրիշներու շահերուն ենթակայ եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն անձնատուր դառնալ: Քաղաքական երկխօսութիւնը, ճկունութիւնը եւ իրապաշտութիւնը պէտք չէ մեզ առաջնորդեն վտանգելու Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնը եւ անկախութիւնը: Սա մեր ազգին ու հայրենիքին համար կարմիր գիծ է»:

 

 

 

www.armenianorthodoxchurch.org

Այո՛, հայոց բանակին կողքին համահայկական ու համաժողովրդային դիմադրութիւն ցեղապաշտ, արիւնարբու ու յարձակողապաշտ Ազրպէյճանի դէմ: Փաստօրէն այլ ճանապարհ չկայ՝

Երբ 4-օրեայ ու 44-օրեայ պատերազմներով ու ապա շարունակուող յարձակումներով Ազրպէյճան կը փորձէ ինքնիշխան ու խաղաղ ապրելու մեր ժողովուրդին իրաւունքը խլել:
Երբ անտեսելով միջազգային օրէնքը, թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ զինադադարի շրջանին, կը փորձէ դիմել անմարդկային ու անարգ միջոցներու:
Երբ արհամարհելով քաղաքական բանակցութիւնները, կը փորձէ զէնքի ոյժով ինքզինք պարտադրել:
Երբ իր անպատասխանատու մօտեցումով, յարձակողապաշտ ոճով եւ բիրտ միջոցներով կը փորձէ իր տեսակէտները պարտադրել նոյնիսկ միջազգային համայնքին...:
Ո՛չ, կարելի չէ ընդունիլ անմեղ զոհերով ու պատերազմական գերիներով հպարտացող ներկայ ժամանակներու ցեղասպանին շարունակուող ոճիրը:
Ո՛չ, կարելի չէ ընդունիլ Հայաստանին հողային ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը բիրտ ոյժի գործածութեամբ վտանգող Ազրպէյճանի նկրտումները:
Ո՛չ, կարելի չէ ոչ-քաղաքակիրթ միջոցներով մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը վիրաւորող պետութեան մը անպատասխանատու վերաբերումը:
Արդ, Հայաստանի հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը ու գերիշխանութիւնը վտանգող ճակատագրական այս կացութեան դիմաց՝
Անհրաժեշտ է դուռը թակել բոլոր բարեկամ եւ ոչ-բարեկամ երկիրներուն, մօտաւոր եւ հեռաւոր ղեկավարներուն, շրջանային թէ միջազգային կազմակերպութիւններուն:
Անհրաժեշտ է իրաւական միջոցներով անպատժելիութեան քողը վար առնել Ազրպէյճանի վրայէն:
Անհրաժեշտ է հայոց բանակի կողքին համահայկական ու համաժողովրդային դիմադրութեան զանգը հնչեցնել: Սա մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքն է: Իր գոյութիւնը, անկախութիւնը, անվտանգութիւնը պահելու կոչուած ժողովուրդի մը հաւաքական դիմադրութիւնը մարդկային իրաւունքներուն անբաժան մասը կը կազմէ:
Ազրպէյճանը պէտք է իմանայ, որ Հայաստանի ու Արցախի կողքին իր դիմաց կը գտնուի նաե՛ւ Սփիւռքը, մեր ո՛ղջ ժողովուրդը՝ իր ամբողջ կարողականութեամբ. հետեւաբար, ան չի կրնար մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքը ընկճել:
Ազրպէյճանը պէտք է իմանայ, որ մեր ժողովուրդի հին ասացուածքին համաձայն «որ ո՛չ լուիցէ բանիւ, լուիցէ գանիւ» (ան որ խօսքով չի հասկնար, գաւազանով միայն կը հասկնայ):
Փաստօրէն ներկայ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ Ազրպէյճանը խօսքի լեզուէն չ՚ուզեր հասկնալ: Հետեւաբար, անոր հետ հարկ է խօսիլ գաւազանի լեզուով՝ դիմելով համաժողովրդային դիմադրութեան բոլոր միջոցներով, բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ:

Հարկ է դիմել համահայկական դիմադրութեան ամրապնդելով մեր ներքին միասնականութիւնը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք ղեկավարներու շուտափոյթ ու միատեղ հանդիպումով եւ մեր ողջ ազգին մարդուժին ու ներուժին համախմբումով:

 
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
 

 

 

Գերմանիոյ Գարլսրուէ քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընտրեց Խորհուրդի նախագահ՝ ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները: Այս մասին յայտնում է www.armenianorthodoxchurch.org-ը։

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը երկու շրջան (1991-1998 եւ 1998-2006) ընտրուած էր Ե.Հ.Խ.ի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց ատենապետ։
Արդարեւ, ընդառաջելով միջ-եկեղեցական անձնաւորութիւններու ու շրջանակներու ջերմ փափաքին, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական շարժումին նոր մղում մը տալու հեռանկարով, Նորին Սրբութիւնը ընդառաջեց նախագահ դառնալու անոնց փափաքին:

 

Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Մուճդապի Ամանիին:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Իրանի հայութեան եւ Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Դեսպանը անդրադարձաւ Իրանի հայութեան գործօն մասնակցութեան՝ երկրին առաւել զարգացման եւ յառաջադիմութեան աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին, շեշտեց Իրանի հայութեան եզակի դերը սփիւռքահայութեան կեանքէն ներս: Այս մասին յայտնում է www.armenianorthodoxchurch.org-ը։

Նախագահական ընտրութեան գծով, թէ՛ Նորին Սրբութիւնը եւ թէ՛ դեսպանը ընդգծեցին բոլորին կողմէ ընդունելի եւ երկիրը ներկայ ընկերա-տնտեսական կացութենէն դուրս բերելու կարողութիւնը ունեցող նախագահի մը ընտրութիւնը:

Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022-ին, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի մատրան մէջ  կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ինկած զոհերու հոգիներուն համար։ Այս մասին տեղեկացնում է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքը։

Յայտնենք, որ Նորին Ս. Օծութեան Հայրապետական տնօրինումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ եւս այսօր կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, ի խաղաղութիւն պայթումին հետեւանքով իրենց մահկանացուն կնքած հայորդիներու հոգիներուն։

Յիշենք, որ Վեհափառ հայրապետը պայթումէն անմիջապէս ետք, իր դիմատետրի էջին մէջ, հետեւեալ ցաւակցական եւ զօրակցական գրառումը կատարած էր. «Խոր մտահոգութեամբ եւ ցաւով ականատես եղայ Երեւանի ''Սուրմալու'' առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին։ Կը ցաւակցիմ Հայաստանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Թող Աստուած զոհերուն հոգիները լուսաւորէ, մխիթարութիւն պարգեւէ անոնց ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորներուն։ Աստուած ամուր ու հաստատ պահէ մեր Հայրենիքը եւ հեռու՝ ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ»։

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը, Կիլիկեան Միաբանութիւնը եւ մեր Ս. Աթոռին բոլոր թեմերը անգամ մը եւս իրենց բարոյական զօրակցութիւնը եւ խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհերու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն կը մաղթեն շուտափոյթ ապաքինում։

Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Մատրան եւ մեր բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ինկած զոհերու հոգիներուն համար։

Կ՚աղօթենք առ Աստուած, որ ողորմի զոհերու հոգիներուն, Իր Արքայութեան մէջ ընդունի զանոնք եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ համբերութիւն ու Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն։ 

Cilicia TV

Երկուշաբթի, 15 Օգոստոս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերը հաւաք մը ունեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս, գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Նորին Ս. Օծութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նշման մեծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեան։ Ապա, ան միաբան հայրերուն կարգ մը յիշեցումներ կատարեց եւ անոնցառաքելութեան ու յառաջիկայ գործունէութեան առնչուած իր հայրական ցուցմունքներն ու թելադրանքները փոխանցեց։

Հաւաքի ընթացքին յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ վերջերս պատահած պայթումին, որուն հետեւանքով զոհուեցան հայորդիներ, եղան անհետ կորածներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ։ Միաբան հայրերը իրենց ցաւն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայրենի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն եւ իրենց աղօթքը վերառաքեցին առ Աստուած, որ լոյս խորաններու մէջ հանգչեցնէ զոհուածներուն հոգիները, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւորներուն եւ ոյժ ու համբերութիւն տայ մեր հայրենակիցներուն։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը ուղերձ է յղել «Սուրմալու» առեւտւրի կենտրոնում տեղի ունեցած ողբերգութեան առթիւ։

Ուղերձում ասւած է. «Խոր մտահոգութեամբ եւ ցաւով ականատես եղայ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին։ Կը ցաւակցիմ Հայաստանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Թող Աստուած զոհերուն հոգիները լուսաւորէ, մխիթարութիւն պարգեւէ անոնց ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորներուն։

Աստուած ամուր ու հաստատ պահէ մեր Հայրենիքը եւ հեռու՝ ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ»։

Երկուշաբթի, 4 եւ Երեքշաբթի, 5 Յուլիս 2022-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Հայրապետանիստ Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին եւ Կիլիկիա թանգարանի սրահին մէջ կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը։

 

Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ ու միաբան հայրերու մասնակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անցնող քանի տարիներուն Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութենէն առ յաւէտ հեռացած վախճանեալ միաբաններու հոգիներուն համար։

 

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Վեհարանի Դահլիճին մէջ, Տէրունական աղօթքով սկիզբ առաւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի բացման նիստը։ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի բացատրական խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ ժամանակաւոր եւ մնայուն դիւաններու ընտրութիւն, օրինականացնելու ժողովական ընթացքը։ Ժամանակաւոր դիւանն էր Միաբանութեան երիցագոյն եւ կրտսերագոյն անդամները՝ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան. իսկ մնայուն դիւանը՝ համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան ու Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան. ատենադպիրներ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։ Ժողովը նաեւ ընտրեց Բանաձեւի Յանձնախումբը՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան եւ Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեան։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր հայրական խօսքն ու պատգամը։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք միաբան հայրերուն՝ շեշտեց, որ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին նպատակն է, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթղիկոսութեան ուխտեալ միաբաններ, միասնաբար քննել, անդրադառնալ եւ բարձրաձայն մտածել եւ լուծումներու մասին խորհիլ ներկայ ժամանակներուն եկեղեցիին, եկեղեցականին ու մեր ժողովուրդին կեանքը յուզող խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու մասին։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միաբանութեան անդամներուն վարքագծերուն եւ նոր օրերու պայմաններու հարցերը լուսարձակի տակ բերաւ՝ յորդորելով յատկապէս նոր սերունդի միաբանները, պահպանելու Կիլիկեան միաբանի աւանդական կեցուածքներն ու ըմբռնումները՝ հոգեւորական ասպարէզին նկատմամբ: Վերջապէս, միաբան հայրերու միջեւ սիրոյ ու եղբայրութեան զգացումներուն ամրապնդման կարեւորութիւնը շեշտեց Նորին Ս. Օծութիւնը:

 

Հայրապետին խօսքէն ետք, երկրորդ նիստին, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ընթերցեց Տնօրէն ժողովի զեկոյցը, որմէ ետք Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան ընթերցեց կանոնագրութեան զեկոյցը։ Ապա, կատարուեցաւ Տնօրէն ժողովի նոր անդամներու ընտրութիւնը, որոնք կը բաղկանային հետեւեալ միաբաններէն՝ (Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան)։

 

Ժողովը յաջորդական եօթը նիստերու ընթացքին գլխաւոր չորս դասախօսութիւններու, զեկոյցներու եւ քննարկումներու ընդմէջէն մտասեւեռումի նիւթ դարձուց հետեւեալ թեմաները.- ա) «Միաբանութիւն եւ Առաքելութիւն» (Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան). բ) «Դպրեվանքի Առաքելութեան Վերարժեւորում» (Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան). գ) «Միջ-եկեղեցական եւ միջ-Կրօնական» (Գերպ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան). դ) «Գործակցութիւն Նուիրապետական Աթոռներու Հետ» (Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան):

 

Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք միաբան հայրեր չորս խումբերու բաժնուելով տուեալ նիւթին շուրջ քննարկումներ կատարեցին եւ Միաբանութեան առաքելութիւնը առաւել եւս կենսագործելու նպատակադրող առաջարկներ կատարեցին եւ ապա, նիստերու աւարտին բանաձեւի յանձնախումբը ժողովին ներկայացուց Միաբանութեան ծառայական առաքելութեան յառաջիկայ շրջանի ուղեցոյցը, ուր յստակօրէն պարզուած էր Վեհափառ Հայրապետին կատարած ցուցմունքները ու թելադրանքները։

 

Երկօրեայ դասախօսութեանց եւ քննարկումներու աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը փոխանցեց իր հայրական եզրափակիչ խօսքը։ Ան լուսարձակի տակ առնելով մեր Ս. Աթոռին առաքելութեան յատկանշական բնագաւառները՝ շեշտեց, որ այսօր հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռը կը գտնուի բարձրունքի վրայ, սակայն պէտք չէ մեր հասած բարձրունքով գոհանանք եւ բաւարարուինք, այլ պէտք է ամէն օր նոր նուաճումներ արձանագրենք։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ հոգեւորականի կեանքին առանցքը կը կազմէ հոգեմտաւոր կազմաւորումը, որպէսզի ան կարողանայ քայլ պահել այսօրուան աշխարհին հետ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքները հոգայ՝ միշտ ըլլալով անոնց հետ ու անոնց կողքին։

 

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց Միաբան Հայրերուն՝ անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք իրենց եկեղեցական ու ազգային ծառայական կեանքին ու առաքելութեան մէջ։

 

Երկօրեայ Ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոս»ի շարականի, «Կիլիկիա» օրհներգի եւ «Ի վեհ Բարձանց» Հայրապետական մաղթերգի միաբան հայրերու միաբերան երգեցողութեամբ։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու անոր Միաբանութիւնը։

 

Վեհափառ Հայրապետին բացման թէ եզրափակիչ հայրական խօսքերը ուղեցոյց հանդիսացան Միաբանութեան յառաջիկայ կեանքին ու գործունէութեան: Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը առիթ հանդիսացաւ Կիլիկեան Միաբանական Ուխտին վերանորոգման: Միաբան հայրերուն ժամերգութեանց եւ Ս. Պատարագի հաւաքական մասնակցութիւնը առաւել եւս զօրացուց Կիլիկեան Միաբանութեան պատկանելիութիւնը եւ մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին նկատմամբ իւրաքանչիւր միաբանի հաւատարմութիւնը: Երէց եւ նոր սերունդներու միաբաններու միասնական քննարկումներն ու սրտբաց զրոյցները փոխադարձ սիրոյ ու անկեղծութեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունենալով, առաւել եւս սերտացուցին անոնց միջեւ եղբայրական կապը:

 

Նշենք, որ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովէն բանաւոր բացակայ էին վեց միաբան հայրեր

Անցնող շաբաթավերջին, արժանավայել կերպով նշեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 27 ամեակը։ Այս առիթով, Կիրակի, 3 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբան հայրեր Ս. Խորանէն ընթերցեցին Աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ՝ գոհութիւն ու փառք տալով Աստուծոյ եւ աղերսելով, որ Տէրը Հայրապետին առողջ ու ծառայութեամբ բեղուն երկար կեանք պարգեւէ, իսկ հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ անսասանութիւն։

 

Հայրապետին նախագահութեամբ Ս. Պատարագը մատուցեց Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը, իսկ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կիլիկիա մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը։ Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանիս Շնորհալի երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

 

Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդաներ, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ազգային երեսփոխաններ, բարերարներ, ինչպէս նաեւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան համար Լիբանան ժամանած ուխտաւորներ։

 

Հայրապետական Մաղթանքին յաջորդեց Շահան Սրբազանին քարոզը։ Ան իր քարոզին (Եբր 6.18-19) ընթացքին անդրադարձաւ, Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնական դերակատարութեան, յատկապէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեամբ սկիզբ առած այն նոր ընթացքին, որ նոր հորիզոններու դիմաց բանալով յաղթական երթի առագաստները, հայութեան նաւը առաջնորդեց եւ կը շարունակէ նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ՝ դէպի ափունքը խաղաղութեան նորոգուած նաւահանգիստին՝ մէկ ու միասնական հայութեան եւ հայրենիքին:

 

Ապա, օրուան խորհուրդին եւ տօնին ընդառաջ, Սրբազանը հայրը Հայրապետին անսակարկ նուիրումի 27 տարիներու «հաւատքի առաքելութիւն»ը յատկանշեց՝ (ա) հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացումով (եկեղեցաշինութիւն, Դպրեվանքի նոր սերունդներու պատրաստութիւն, Միաբանութեան թիւի եռապատկում, քրիստոնէական դաստիարակութեան ծաւալում), (բ) մտաւորական իր փորձառութեամբ մշակութային վերելքով (միաբաններու համալսարանական ուսման ծրագրի յաջողութիւն, մտաւորականներու համախմբում, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ծրագիրներ, հայագիտական կեդրոնի հաստատում, գիտաժողովներու կազմակերպում, հրատարակչական գործունէութեան ընդարձակում), (գ) համահայկական կարեւորագոյն խնդիրներուն իր զօրեղ ներկայութեամբ ու գործնական մասնակցութեամբ (Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց թէ Սփիւռքի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իրաւունքներու  վերատիրացման պահանջատիրութիւն), (դ) բազմաբնոյթ ու բազմամակարդակ յարաբերութիւններու մշակումով (ներհայկական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական, միջազգային):

 

Եւ սրբազանը եզրափակելով՝ ըսաւ. «Կիլիկիան Ս. Աթոռը նոր փայլք ու հմայք ստացաւ Վեհափառ Հայրապետով, որ իր ծառայութեան 27 տարիները լեցուց եւ կը շարունակէ լեցնել մեզ հարստացնող այնպիսի իրագործումներով, զորս Հայրապետական Մաղթանքի առիթով արտասանուած որեւէ խօսքի մէջ կարելի չէ ամփոփել: Վեհափառը ո՛չ միայն մեր պատմութեան եզակի նկատուող անձերէն մէկն է, այլ գլխագիր եզակի Վեհափառն է»: Արեւշատ, առողջ ու արգասաբեր երկար տարիներու մաղթանքով քարոզիչ սրբազանը աւարտեց իր խօսքը:

 

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Հայրապետական թափօրով հաւատացեալները ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր Շնորհալի երգչախումբը հրամցուց փունջ մը ազգային երգեր։ Հուսկ, Հայրապետը սրտի խօսք առնելով՝ յատուկ ուրախութեամբ ողջունեց թեմակալ առաջնորդները, միաբան հայրերը, թեմերուն ներկայացուցիչները եւ ի մասնաւորի՝ հայկական պատմական երեք կուսակցութիւններուն վերին մարմիններուն ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ յայտնելով, որ  յատկապէս յետ-ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, անոնք Սփիւռքի կազմակերպման, վերակազմակերպման ու ծաղկման, ինչպէս նաեւ հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողքին, առանցքային դերակատարութիւն ունեցան եւ կը շարունակեն իրենց կարեւոր գործունէութիւնը՝ բնականաբար նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեր բոլորին տունն է, մեր ազգի տունն է։ Այս տան հիմերը բարձրացած են մեր հաւաքական հաւատքին, արժէքներուն, սկզբունքներու եւ իտէալներու վրայ։ Անսասան է Մեծի Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որովհետեւ կը հաւատայ գերագոյն արժէքներու, սկզբունքներու՝ մեր ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին կապուած։ Ա՛յս եղած է մեր Ս. Աթոռին սկզբունքները եւ՝ կեանքի ճամբան ու առաքելութեան նպատակը։ Հետեւաբար, այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւնը կը վերանորոգէ իր ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը, նշեց Հայրապետը։ Թող Աստուած անսասան պահէ Հայաստան աշխարհը, Արցախը, մեր եկեղեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, մեր բոլոր կազմակերպութիւնները եւ մեր ազգը ամբողջ, իր խօսքը եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ ներկաներուն միաբերան «Կիլիկիա» քայլերգի եւ Հայրապետական մաղթերգերու երգեցողութեամբ։

 

Ներկաները աջահամբոյրով Նորին Ս. Օծութեան փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։