Աղբիւր՝ www..aztagdaily.com

«Ալիք» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Թեհրան պաշտօնական այցելութիւն տուած Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 1 փետրուարին ունեցած է նաեւ համայնքային հանդիպումներ:

Առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը այցելած է «Ալիք» օրաթերթի խմբագրութիւն եւ հաստատութիւն:

«Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ հիւրերը ողջունած է «Ալիք»-ի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, որմէ ետք  թերթի խմբագրական կազմին հետ հանդիպումին ընթացքին նախարար Վիգէն Սարգսեան խօսած է հայ-իրանական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին, ներկայացուցած է Հայաստանի զինուած ուժերուն ձեռքբերումները, պատասխանած է հանդիպումի մասնակիցներու հարցումներուն: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը մանրամասնած է նաեւ «Ազգ-բանակ»  գաղափարին դրոյթները:

Այցելութեան առիթով արտայայտուած է նաեւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Հենրիկ Խալոյեան:

Նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած  է նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդարան, հանդիպում ունեցած է  թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի, Իրանի խորհրդարանին մէջ  իրանահայութեան զոյգ պատգամաւորներ դոկտ. Կարէն Խանլարեանի եւ Ժորժիկ Աբրահամեանի, Թեմական խորհրդի, Պատգամաւորական ժողովի, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր դասին հետ:

Հանդիպումին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը արժեւորած եւ բարձր գնահատած է հայ եկեղեցւոյ եւ սփիւռքի կառոյցներու դերակատարութիւնը հայապահպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններու  ամրապնդման ու հետագայ զարգացման գործին մէջ:

Ելոյթ ունեցած են նաեւ սրբազան հայրը, դոկտ. Կարէն Խանլարեանն ու Ժորժիկ Աբրահամեանը: Սրբազան հայրը ներկայացուցած է թեհրանահայ համայնքը, Ժորժիկ Աբրահամեան` Նոր Ջուղայի հայ համայնքը, իսկ. դոկտ. Կարէն Խանլարեան անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութեան քաղաքական նշանակութեան եւ կարեւորութեան` հայ-իրանական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: 

Նախարար Վիգէն Սարգիսեան այցելած է նաեւ Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցի եւ ծաղկեպսակ զետեղած եկեղեցւոյ  տարածքին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին` յարգելով անոնց յիշատակը:

Երեկոյեան «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցած են թեհրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին նախարար Սարգսեան խօսած է հայ-իրանական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ կատարուած աշխատանքներուն, «Ազգ-բանակ» գաղափարի դրոյթներուն եւ Հայաստանի անվտանգութեան գործին մէջ սփիւռքի ունեցած դերակատարութեան եւ նշանակութեան մասին: Աւարտին, անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ նախարարը սպառիչ պատասխաններ տուած է  ներկաները յուզող հարցումներուն: