Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, որ Ծերակոյտին մէջ նոր հաստատուած՝ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին ատենապետն է, Մարտ 20ին ներկայացուցած է Ծերակոյտի թիւ 29 բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ Ապրիլ ամիսը հռչակել իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամիս:

Բանաձեւը միաժամանակ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ, որ վերադարձնէ հայկական եկեղեցիներէն իր բռնագրաւած կալուածներն ու գոյքը։

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ խտրական օրէնքներ մինչեւ այսօր ի զօրու կը մնան եւ կը դժուարացնեն եկեղեցապատկան կալուածները իրենց իրաւատէրերուն վերադարձնելու փորձերը։

«Թէեւ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը ճանչցած եւ ոգեկոչած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն մեր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ եկեղեցական սեփականութեան վերադարձի հարցը մաս չէ կազմած ցարդ վաւերացուած որեւէ բանաձեւի: Որեւէ վայրի մէջ կրօնական խտրականութիւնը դէ՛մ է մարդկային տարրական արժէքներուն: Ես կը միանամ այն պատմաբաններուն, որոնք համոզուած են, որ պատմական հայկական եկեղեցիները հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնն են եւ պէտք է վերադարձուին իրենց իսկական տէրերուն, որպէսզի խնամեն եւ օգտագործեն զանոնք՝ համապատասխան կրօնական նպատակներու», յայտարարած է Փորթանթինօ։

Ծերակոյտի 29րդ բանաձեւը համահեղինակած են Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբի մնացեալ բոլոր անդամները, որոնք են՝ Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն տէ Լէոն եւ ծերակուտականներ Սքաթ Ուիլք, Թոնի Մենտոզա ու Ճաշ Նիւմըն: