Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալգոն այսօր այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ դրաւ զոհերու յիշատակին, այնուհետեւ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, որու հարեւանութեամբ գտնուող պուրակին մէջ խորհրդանշական ծառ տնկեց: Նշենք, որ ան պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաւէրով:

Անն Իտալգոյին կ՛ուղեկցէին Փարիզի քաղաքային խորհուրդին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուղղութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած պատուիրակութիւնը, Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէյեանը, Ֆրանսայի  դեսպանը Հայաստանի մէջ, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, եւ քաղաքապետարանի աւագանիի անդամներ:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ան նշած է, որ տպաւորութիւնը շատ խոր է, երկրորդ անգամ կ՛այցելէ Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, այս անգամ`  Փարիզի քաղաքային խորհուրդի աւագանիի ուղեկցութեամբ։

Ան յիշեցուցած է, որ անցեալ տարի Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ բաւական հետաքրքրական ցուցադրութեամբ փորձած են իրենց լուման դնել այս ընդհանուր գործին: «2015 թ ցուցադրութիւնը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ եւ անիկա խարսխուած մնացած է փարիզցիներիու յիշողութեան մէջ»,-  Tert.am-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է ան եւ նշած, որ 2018 թուականին ցուցադրութիւն կազմակերպելու նոր առաջարկ մը ստացած են, որուն շեշտադրումն է` մարզական աշխարհ եւ Հայաստան:

«Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը յուզումնալից ըլլալով հանդերձ շատ սրտամօտ է  Ֆրանսային. Ֆրանսայի մայրաքաղաքին եւ ընդհանրապէս Ֆրանսայի ժողովուրդին, քանի որ այնտեղ կայ շատ կարեւոր գործօն` հայ համայնքը, որուն դերակատարութիւնը կը կարեւորենք մենք»,- ըսած է ան եւ նշած, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ինչ-որ տեղ հիմք ծառայեց նաեւ, որ յետագային նման ոճիրներ  տեղի ունենան:

Ան նաեւ գրառում կատարեց Ցեղասպանութեան թանգարանի յուշամատեանին մէջ եւ նշեց, որ հիմնական ուղերձն է ընդունիլ, ճանչնալ ճշմարտութիւնը, ինչ որ մարդ արարածին հնարաւորութիւն կու տայ աւելի զարգանալու, բարգաւաճելու: «Այլ կերպով ըսած ՝ սա կոչ էր, որ ամբողջ աշխարհը ընդունի ճշմարտութիւնը եւ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»,- աւելցուցած է ան: