Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Մուհամետ Հանաֆի եւ Մարիամ Զաքի՝ եգիպտացի հեռուստալրագրողներ, որոնք ողջ էութեամբ կը գիտակցին «Ով սպաննեց հայերը»։ Այդ մէկը կ’ընկալէ իւրաքանչիւրը, որ կը դիտէ անոնց հեղինակած ֆիլմը։

Մեր կարծիքով այս ֆիլմը Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած լաւագոյն վկայարանն է. նախ, որովհետեւ անտկա պատրաստուած է օտար հեղինակներու կողմէն, իրականացուած է ահռելի աշխատանք՝ հաւաքուած է 37 ժամուան տեւողութեամբ նիւթեր (փաստաթուղթեր, արխիւային նիւթեր, ցեղասպանագէտներու, պետական եւ հոգեւոր գործիչներու տեսակէտներ), որմէ պատրաստուած է 1։10 տեւողութեամբ ֆիլմը, ուր կը հնչէ Մարիամ Զաքիի ազդեցիկ ձայնը, որ կ’ընթերցէ սքանչելի սենար, որմէ կը բուրէ զայն գրողի ու կարդացողի մարդկային բարձր որակը։ Ֆիլմին հեղինակները Յունիս 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն հիւրընկալուելով` զարմանքով կ’ընդունէին իրենց ուղղուած շնորհակալութեան խօսքերը,- «Դուք մեզի շնորհակալութիւն յայտնելու կարիք չունիք, մենք ներողութիւն կը խնդրենք ձեզմէ, որ այսքան ուշ կատարեցինք այս աշխատանքը։ Այս ֆիլմը յաջողցնելու մէջ մեծ ներդրում ունի ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, յատկապէս սփիւռքի նախարարը, որուն աջակցութիւնն ու քաջալերանքը շատ դռներ բացաւ մեր առջեւ այս ծրագիրը իրականացնելու համար»,- ըսաւ Հանաֆի։

Ֆիլմին նկարահանումները իրականացուած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ։ Թարգմանուած է հայերէնի եւ կը ծրագրուի թարգմանել նաեւ այլ լեզուներու։ Հեղինակները այժմ կը պատրաստուին նկարահանել ֆիլմին երկրորդ մասը, որ առաւելաբար պիտի ներկայացնէ Ցեղասպանութեան իրաւական կողմը։

Կարեւոր համարելով լրագրողներու աւանդը Հայոց Ցեղասպնութեան մասին արաբական աշխարհին իրազեկելու գործին մէջ` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ֆիլմին եղինակները  պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` ՙՈսկէ մետալով՚:

Հանաֆի՝ շնորհակալութիւն յատնելով բարձր պարգեւին համար՝ յայտնեց,- «Մեր  իւրաքանչիւր այցը Հայաստան կը նպաստէ, որ առաւել խորութեամբ ճանչնանք հայ ժողովուրդը եւ ընկալենք  հայ մշակոյթը: Դուք յաւերժութիւնը խորհրդանշող ազգ էք»։

Ֆիլմը դիտելով վստահօրէն կարելի է վկայել, որ ֆիլմին հեղինակները խորապէս ընկալած են հայ ժողովուրդին ցաւը,  ապրելու կամքը, պայքարի ոգին եւ այնքան հարազատ, որ ամէն վայրկեան կը զարմանայինք անոնց հայ չըլլալուն մասին, սակայն այդ բոլորին հիմքը ՄԱՐԴն էր՝ բառին բոլոր առումներով։

Մարիամ Զաքին եւս շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգեւին համար եւ ըսաւ, որ այս պարգեւը ստանալը բնականաբար մեծ եւ հաճելի անակնկալ էր, սակայն միաժամանակ պարտաւորեցնող: Ան նշեց, որ  «Պատմութիւնը պէտք է բացայայտուի, պէտք է խօսուի այդ մասին համապարփակ, ոչ թէ առանձին դէպքեր, իրադարձութիւներ ներկայացնելով: Մենք աշխատած ենք տարբեր երկիրներու, կառոյցներու հետ, բայց նման բարձր գնահատանքի արժանացած ենք միայն Հայաստանի մէջ: Շատ ուրախ եմ, եւ հպարտ»,- ըսաւ ան:

«Ով սպաննեց հայերը» օտարներու կողմէն պատրաստուած հսկայ աշխատանքի արդիւնք է, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին փաստավաւերագրական ֆիլմ, զոր ողջ աշխարհին ներկայացնելու համար պէտք է ներդրում ունենայ իւրաքանչիւր հայ։

Սփիւռքի նախարարը կոչ ըրաւ ամէն ինչ ընել այս ֆիլմը հնարաւորինս տարածելու օտար շրջանակներու մէջ։

ԵՌԱԳՈՅՆ