Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, Փարիզի իր բնակարանին մէջ, Երկուշաբթի, 11 Փետրուարին, 86 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց յայտնի պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեան:

«Սորպոն» համալսարանի եւ Հասարակական գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցի դասախօս Տէր Մինասեան ուսումնասիրած է Հայաստանի, Հայկական Հարցի, Անդրկովկասի մէջ ազգային յարաբերութիւններու պատմութիւնները: Ան Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններու հեղինակ է:

Անահիտ Տէր Մինասեան գործօն դերակատարութիւն ունեցած է ֆրանսահայ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ:  Ան Հայկական ազատագրական պայքարի երեւելի դէմքերէն մէկուն՝ Օսմանեան խորհրդարանի պատգամաւոր Գեղամ Տէր Կարապետեանի թոռնուհին էր, նաեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ռազմական նախարար, ազատագրական պայքարի երեւելի գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի հարսը: