Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական  կուսակցութենէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան 18 Յունուարին խորհրդարանին մէջ դարձեալ արծարծեց «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցը, խստօրէն  քննադատելով ոճիրին դատական գործընթացին՝ ոչ-պատշաճ կերպով ընթանալու հանգամանքը:

«Հրանդ Տինքը սպաննուեցաւ 19 Յունուար 2007ին: Մարդասպանին Տրապիզոնի Փելիթլի բնակավայրէն ուղեկցեցան ապահովութեան աշխատակիցները եւ Պոլսոյ մէջ ան դարձեալ դիմաւորուեցաւ ապահովութեան աշխատակիցներու կողմէ: Տեսագրութիւններուն մէջ յստակ կ՛երեւի, որ Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ տասնեակ մը ապահովութեան աշխատակիցներու ներկայութեամբ: Հակառակ այս բոլոր տեսագրութիւններուն, որոնք ներկայացուած են դատարանին՝ 12 տարի է ի վեր պետութիւնը այս մարդոց՝ ապահովութեան աշխատակիցներուն, չէ կանգնեցուցած արդարադատութեան առջեւ, իսկ անոնց, զորս կանգնեցուցած է, չէ դատապարտած եւ ազատ արձակած է», ըսաւ Փայլան:

Փայլան ընդգծեց նաեւ այն հանգամանքը, որ պետութիւնը միշտ փորձած է այս սպանութիւնը բարդել «Էրկենեքոն» խմբաւորման կամ կիւլենականներուն վրայ, սակայն իրականութիւնը այն է, որ անիկա պետութիւնը կազմակերպած եւ խրախուսած է, իսկ բոլոր անոնք, որոնք առնչութիւն ունեցած են Տինքի սպանութեան, պետական բարձր պաշտօններ ստացած են:

Հայ պատգամաւորը արտայայտեց այն համոզումը, որ սպանութեան պատասխանատուները ծածկողները մասնակից կը դառնան այդ սպանութեան:

Ապա, Փայլան խորհրդարանին ներկայացուց Հրանդ Տինքի սպանութիւնը ուսումնասիրող խորհրդարանական յատուկ յանձնաժողով հիմնելու առաջարկը։

«Հրանդ Տինք «Ակօս» թերթին մէջ Սապիհա Կէօքչենի մասին հրապարակած յօդուածէն ետք դարձաւ ազգայնամոլ շրջանակներու թիրախ: Յօդուածէն ետք, սպայակոյտը յայտարարութիւն տարածեց, ապա Տինք կանչուեցաւ Պոլսոյ նահանգապետարան եւ «զգուշացուեցաւ»: Անկէ ետք ալ Տինք քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածի (թրքութիւնը վիրաւորելու) յատկանիշներով դատուեցաւ: Դատարանը դատավճիռ տուաւ (6 ամսուան բատարկութիւն): Բարձրագոյն դատարանը վճիռը հաստատեց՝ հակառակ մասնագիտական զեկոյցին ու դատախազի առարկութեան: Այն գործընթացը, որ յանգեցուց անոր սպանութեան, կ՛ուղեկցէր այնպիսի լրատուութեամբ, որ անոր հայկական ինքնութիւնը ազգայնամոլ խումբերուն թիրախ դարձուց: «Թուրքերու թշնամի հայ» ու այլ պիտակաւորումներու միջոցով Տինքը իսկական թիրախ դարձուցին: Կառավարութիւնը չկանգնեցուց Տինքի թիրախաւորման գործընթացը, չքննադատեց լրատուամիջոցներու մէջ անոր դէմ կիրառուող ատելութեան լեզուն, ճիշդ հակառակը՝ կառավարութեան անդամները իրենց արտայայտութիւններով աւելի նպաստեցին անոր սպանութեան համար պայմաններ ստեղծուելուն», ըսաւ Փայլան խորհրդարանին ներկայացուցած առաջարկին մէջ:

«Խորհրդարանը պէտք է դէպքին պատասխանատուները բացայայտելուն աջակցելու, հանրային խիղճը հանգստացնելու ու այդպիսով նման ողբերգութիւնները կանխելու կամք ցուցաբերէ: Այդ պատճառով ալ կ՛ուզենք եւ կը պահանջենք, որ խորհրդարանին մէջ ուսումնասիրող յանձնաժողով ստեղծուի», եզրափակեց Փայլան:

Առաջարկը դրուեցաւ քուէարկութեան, սակայն մերժուեցաւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ անոր ազգայնամոլ դաշնակից՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան դէմ քուէներով: