Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանի ամպիոնէն հայերէնով շնորհաւորեց Սուրբ Ծնունդի տօնը:

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի, մեզի մեծ աւետիս», ըսաւ Փայլան:

Կարօ Փայլան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ եւս Ս. Ծնունդի տօնին առիթով շնորհաւորական գրառում կատարած է։ «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ: Խաղաղ աշխարհի մը երազով՝ կը շնորհաւորեմ Ս. Ծնունդը», գրած է ան, հետեւեալ ստորագրութեամբ՝ Կարօ Փայլան, Տիգրանակերտի պատգամաւոր: