Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Թուրքիոյ յայտնի համացանցային յայտարարութիւններու կայքին հին հայկական պղնձէ ափսէներ յայտնուած են վաճառքի, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը:

Վաճառողը յայտարարութեան մէջ գրած է, թէ յիշեալ ափսէները 150 տարիէն աւելի իրենց ընտանիքի մօտ են եւ հիմա կարիքէն դրդուած վաճառքի հանած են:

Ամէն մէկ ափսէն վաճառողը գնահատած է 10 000 տոլար: